August 03, 2013

Ի պէտս զարգացելոց

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ


Կարենալ         
1866-ին հայր Արսէն Այտընեան նկատել կու տար, թէ արեւմտահայը չի յաջողիր ճիշդ կիրարկել կարենալ բայը, երբ այս վերջինին վրայ կու գայ աւելնալու երկրորդ բայ մը, այսինքն սապիսիները` կարենալ գրել, կարենալ յաղթել, կարենալ լուծել եւ այլն: Այսպիսի երկբաղադրիչ բայերը հայերէնի մէջ կը կոչուին «յարադրական բայեր», որոնց մէջ գլխաւոր կամ գերադաս բային վրայ աւելցող բաղադրիչը կը կոչուի յարադրեալ. գրել, յաղթել, լուծել յարադրեալներ են: Նմանօրինակ բայեր են` փորձել յաջողիլ, որոշել օգնել, վճռել յաղթել, շարունակել աղմկել եւ այլն, որոնց  բոլորն ալ կազմուած են գերադաս ներգործական բայէ մը եւ ստորադաս ուղիղ խնդիր ձեւացնող յարադրեալէ մը:

Անցնող մէկուկէս դարը ոչինչ փոխեց մեր արեւմտահայ լեզուական բարքերէն, վասնզի մինչեւ հիմա ալ արեւմտահայը չի գիտեր խոնարհել այս բայերը. անոնք կը շարունակեն մնալ համազգային համատարած սխալագրութեան առարկայ, որուն տուրք տուած են մեր ամէնէն անուանի մտաւորականները:
Ահաւասիկ նմուշներ.
- Կ’ուզէ զայն ջախջախել` կարենալ տօնելու համար… (Սիամանթօ, «Կովկաս»):
- Գիտե՞ս ցաւը որ կայ` գրել ուզածը չկարենալ գրելու մէջ (Վահէ Վահեան, «Նամականի», էջ 508):
- Ամբողջ ազգ մը կրնալ տեսնելու համար… (Օշական, «Գիրքերու քովն ի վեր», էջ 72):
- Պիտի տառապինք անոնց չկրնալ իջնալնուս  (Օշական,  անդ, էջ 191):
- Մտիկ կ’ընէր` առանց կարենալ ձեռք մը երկարելու (Վ. Օշական, «Փախստականը», էջ 48):
- Չունիմ բնագիրը` կարենալ լուծելու համար այս հանելուկը (Բ. Թաշեան, «Լսարան հայ լեզուի», էջ 188):
- Մարդոց  մեծամասնութիւնը կը քնանայ կամ չկարենալ քնանալու տառապանքը կ’ապրի (Ռ. Հատտեճեան, «Առաստաղ»,  էջ 29):
- Փաստաբան չկրցող եղողները` վաճառական կ’ըլլան, նպարավաճառ չկրցող եղողները` մանրավաճառ կ’ըլլան (Նշան Պեշիկթաշլեան, «Մեր դրախտէն»,  էջ 112):
- Իր ուսերուն վրայ առաւ` առանց թեւերուն  մէջ կարենալ ամփոփելու (Գ. Զոհրապ, «Փոթորիկը»):
- Այդ գործը չկրցող հասկցող մէկ քանի հոգի հեղինակի համբաւ շինեցին (Գ. Զոհրապ, «Ութը տարի ետք»):
- Այնքան անարատօրէն  չկարենալ ապրելուն կ’ափսոսար (Երուխան, «Ամիրային աղջիկը», էջ 250):
- Սրածուածներուն  ցաւը չկարենալ մեր տրամաբանութեան հետ հաշտեցնելէ ետք… (Պ. Սնապեան, «Երկու սպանդ», էջ 68):
- Ուրիշ մը չկարենալ սիրելու տառապանքը (ՊՍ, «Պղտոր ջուրեր… 5», էջ 35):
- Իր պաշտելի հերոսները չկարենալ մեծարելու բռնութեան, ենթակայ մարդը չի կրնար… (անդ. էջ 99): Այս օրինակին մէջ կայ ստորակէտի աւելորդ ու սխալ կիրարկութիւն մըն ալ:
- Բարեկամներդ չկարենալ սիրելու դժբախտութիւնը (անդ, էջ 156):
- Զօրութեամբ չկարենալով ծառանալու դժբախտութիւնը (անդ):
- Ոտանաւոր չկարենալ հրատարակելու ցաւս ատով կը սփոփէի (Ա. Չոպանեան, «Գրիգոր Զոհրապ»):
- Ինք անձամբ չկարենալ մեկնելով` իր պատուիրակները նշանակած է (Յակոբ Սիրունի, «Պոլիս եւ իր դերը», Ա., էջ 13):
- Չկարենալ ապրելու եւ չկարենալ մեռնելու պէս բան մը ուրեմն (Եդ. Պոյաճեան, «Դէմքեր», Ա., էջ 196):
Կարելի չէ սոսկումով հարց չտալ, թէ ինչպէ՞ս  այսքան սերունդներ յաջորդած են իրարու` առանց նկատել կարենալու այս արատաւոր  կառոյցը. եւ եթէ գրողներու եւ դպրոցներու մակարդակին կարելի չէ եղած ընել  այդ, ինչպէ՞ս չէ պատահած, որ գոնէ արեւմտահայ մամուլի ներկայացուցիչներ փորձէին առնել այդ պատուաւոր քայլը:
Կանգ կ’առնեմ, որքան ալ տրամադրելի օրինակները սպառած չըլլամ տակաւին: Արդ, ո՞ւր է այս կառոյցներուն սխալը: Յարադրական բային մէջ յարադրեալը, իբրեւ յարադրութեան ստորադաս անդամ,  ենթադրուած է բացարձակապէս անփոփոխ մնալ` ոչ մէկ յօդ, հոլով կամ խոնարհական վերջ կրնայ ստանալ ան. բերուած օրինակներուն մէջ ընդգծուած են այդ յարադիրները եւ նկատելի են անոնց կրած փոփոխութիւնները: Յիշեալ բոլոր փոփոխութիւնները յատուկ կրնան ըլլալ միմիայն գլխաւոր անդամին, որ կարենալ-ն է. ա՛յս է, որ միակը կրնայ խոնարհուիլ, հոլովուիլ, յօդ առնել կամ ժխտական մասնիկ առնել:  Բերուած օրինակները, ուրեմն, ուղղելի են հետեւեալ ձեւով.
- Կ’ուզէ զայն ջախջախել` տօնել կարենալու համար…:
- Գրել ուզածը` գրել չկարենալու մէջ:
- Ամբողջ ազգ մը տեսնել կարենալու համար:
- Պիտի տառապինք անոնց իջնել չկարենալնուս:
- Մտիկ կ’ընէր` առանց ձեռք մը երկարել կարենալու:
- Չունիմ բնագիրը` լուծել կարենալու համար այս հանելուկը:
- Մեծամասնութիւնը… քնանալ  չկարենալու   տառապանքը կ’ապրի:
- Փաստաբան ըլլալ չկրցողները` վաճառական կ’ըլլան, վաճառական ըլլալ չկրցողները` մանրավաճառ կ’ըլլան: (Իսկ այս երկուքը ըլլալ չկրցողն ալ… յայտնապէս երգիծաբան կ’ըլլայ – ԱԵ):
- Իր ուսերուն վրայ առաւ` առանց թեւերուն մէջ ամփոփել կարենալու:
- Այդ գործը հասկնալ չկրցող մէկ  քանի հոգի հեղինակի համբաւ շինեցին:
- Այդքան անարատօրէն ապրիլ չկարենալուն կ’ափսոսար:
- Մեր տրամաբանութեան հետ հաշտեցնել չկարենալէ ետք…
- Ուրիշ մը սիրել չկարենալու…
- Մեծարել չկարենալու…
- Ծառանալ չկարենալու…
- Ոտանաւոր հրատարակել չկարենալու ցաւս…
- Ինք անձամբ մեկնիլ չկարենալով…
- Ապրիլ չկարենալու եւ մեռնիլ չկարենալու պէս բան մը ուրեմն:
Ճիշդ ի՞նչ ըրինք. պարզ է` բոլոր յարադրեալները, այսինքն ստորադաս անդամները բեռնաթափեցինք իրենց քերականական տարրերէն եւ ասոնք  բարդեցինք կարենալ գերադաս անդամին վրայ: Ա՛յս կը պահանջէ հայերէնը… բանականութի՛ւնն ալ:
Տոքթ. Մովսէս Հերկելեան իր միայն մէկ յօդուածին մէջ առիթ գտած է հինգ անգամ սխալ կիրարկելու այս բայը («Ազդակ», 4  դեկտ.  2006).
Մենք զմեզ… կարենալ լաւ դրսեւորելու համար…
Առանց սակայն  կարենալ թափանցելու… տարածքներ…
Առանց կարենալ ֆիզիքապէս գոյատեւելու:
Կարենալ ժխտելու եւ կամ մերժելու համար Ամենակալին գոյութիւնը…
Կարենալ առաւելագոյն չափով թափանցելու  համար…:

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ԵՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻԼ
Բաւական տարածուն սխալագրութեան առարկայ է այս բայը եւս, երբ հարկ ըլլայ ասոր կցել կրաւորական բայ մը. այս պարագային` ոմանք անշեղ բնազդով մը կրաւորական կը դարձնեն նաեւ շարունակել-ը. ահա օրինակներ մեր մամուլէն.
«Կրակոցի ձայները կը շարունակուին լսուիլ»:
«Նոր սեռը սկսուած է մշակուիլ ռուսահայ ընկերաբաններու կողմէ»:
Սա հայերէն չէ եւ ընդհանրապէս լեզու ալ չէ.  երկու կրաւորական իրարու չեն կրնար կցուիլ. պէտք է ըլլայ` «Կրակոցի ձայները կը շարունակեն լսուիլ», «Նոր սեռը սկսած է մշակուիլ»:
Անշուշտ այլ հարց է, երբ շարունակել բայը առանձին կը գործածուի. այս պարագային միշտ ալ կարելի է զայն կրաւորական կիրարկել. օրինակ` «Կրակոցի ձայները կը շարունակուին»:
Այլ սխալ օրինակներ` թաւատառ, իրենց  սրբագրուած տարբերակներով…
- Բռնութիւնները շարունակուեցան կիրարկուիլ:
Բռնութիւնները շարունակեցին  կիրարկուիլ:
Բռնութիւնները շարունակուեցան:

- Պտուղները շարունակուեցան գողցուիլ:
Պտուղները շարունակեցին գողցուիլ:
Պտուղներու գողութիւնը շարունակուեցաւ:

- Մեր բողոքը շարունակուեցաւ անտեսուիլ:
Մեր բողոքը շարունակեց անտեսուիլ:
Մեր բողոքին անտեսումը շարունակուեցաւ:

Շարունակուիլ բային կարելի չէ չէզոք բայ մը եւս կցել. օրինակ` «Առուին ջուրը շարունակուեցաւ հոսիլ». ուր հոսիլ չէզոք է: Պէտք է ըլլայ` «Առուին ջուրը շարունակեց հոսիլ»:
Սխալ` Գարունը շարունակուեցաւ ուշանալ:
Ճիշդ` Գարունը շարունակեց ուշանալ:
Սխալ` Դժգոհութիւնը շարունակուեցաւ  աճիլ:
Ճիշդ`  Դժգոհութիւնը շարունակեց աճիլ:

***

Կրաւորականի ուրիշ անհեթեթ կիրարկութիւն մը ունի աճապարել բայը. օրինակներ ընթացիկ մամուլէն.
- Վերլուծաբաններ կը նկատեն, թէ Փութին աճապարուած է:
- Մենք երբեք աճապարուած չենք զգար:
- Անոնք ըսին, որ իրենք աճապարուած չեն…:
Ասոնք մերժելի բայաձեւեր են, որոնք յառաջացած են ֆրանսերէնի եւ տգիտութեան  հետեւողութեամբ` On est pressé՛: Պէտք է ըլլան` Փութին կ’աճապարէ, չենք աճապարեր, չեն աճապարեր, մանաւանդ որ աճապարել չէզոք բայ է եւ կրաւորական չ’ունենար:

«Ազդակ», Յուլիս 30, 2013

No comments:

Post a Comment