November 29, 2012

Լոյս տեսաւ «Ուղղագրական-Բացատրական Բառարան»ը

ԵՂԻԱ ԳԱՅԱՅԵԱՆ
 
«Ուղղագրական-Բացատրական Բառարան»ը կ’ընդգրկէ  ե – է, ո – օ, հ – յ գիրերու ուղղագրական տեսակէտէ դժուարութիւն ունեցող չորս բառացանկեր՝ շուրջ 3150 բառ։
Բառարանը նախատեսուած է Սփիւռքի հայկական նախակրթարաններու, միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտութեան, ինչպէս նաեւ անսխալ գրելու փափաք ունեցողներու համար, ովքեր նախանձախնդիր են մայրենի լեզուի նկատմամբ։
Կը մնայ յուսալ թէ իր տեսակին մէջ առաջին այս բառարանը, որ, բնականաբար, չէր կրնար ընդգրկել մայրենի լեզուի ուղղագրական տեսակէտէ դժուարութիւն ունեցող բոլոր բառերը, պիտի նպաստէ սփիւռքահայ աշակերտութեան եւ ընթերցասէր հանրութեան ուղղագրութեան բարելաւումին եւ անսխալ գրելու ճիգին։

November 21, 2012

Մի նոր ժողովածու

ԳԷՈՐԳ ՔՐԻՍՏԻՆԵԱՆ
 

Մի նոր ժողովածու ծնուեց եւ անմիջապէս դրուեց շրջանառութեան մէջ, հեղինակ Յովսէփ Նալպանտեանի ձեռամբ հասաւ մեր ընթերցողին, յատկապէս նրանց, ում համար մտածուած ու արարուած էր այս նորոյթը: Այս «Ուղղագրութեան նիւթերու ժողովածուն» Յ. Նալպանտեան բանասէր-մանկավարժ, մատենագիրը պատրաստել ու հրատարակել է Սփիւռքի տարածքում գործող ամէնօրեայ եւ միօրեայ դպրոցների ուսուցիչների եւ աշակերտների համար:
Այս ժողովածուն հեղինակ Յ. Նալպանտեանի 11րդ գիրքն է:

November 16, 2012

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան կռուաններէն մին շատո՜նց շիջեցաւ (գաղութահայ պատառիկ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Այն օրէն երբ զարմանալի որոշումով մը փակուեցաւ Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը, արդէն իսկ ազդանշանը կը տրուէր գաղութահայ կեանքի տարբե˜ր երազանքներու շիջումին:
Միւս կողմէ հաւանաբար հարց պիտի տրուի, թէ ճի՞շդ մօտեցում է գաղութի մը ճակատագիրին առնչել հիմնարկի մը գոյութեան իմաստը, այդ ալ հայագիտականի ձեւաչափով: