«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» (խմբագրական)
Վերջին ամիսներուն «To be, or not to be?» («Ըլլա՞լ թէ չըլլալ»)
կացութիւնը ստեղծուած էր, Մասաչուսէցի Լեքսինկթըն շրջանի Հայ Քոյրերու
«Ծիծեռնակաբոյն» Վարժարանէն ներս:
«Պիտի փակուի՞ն դռները, թէ ոչ» հարցադրումները կը կրկնուէին եւ աւելի յաճախակիօրէն: Վերջին քանի մը տարիներուն, սովորութիւն դարձած էր այս անստոյգ գոյավիճակը:
Տուայտանքով, քանի մը գթասիրտ անձնաւորութիւններէ եւ հիմնարկներէ նիւթական օժանդակութիւն ստանալով, կարելի եղած էր աւարտել վերջին քանի մը տարեշրջանները:
Սակայն այս անգամ, կարելի չեղաւ այդ առժամեայ կացութիւնը՝ ad hoc իրավիճակը տարի մը եւս երկարաձգել:
«Պիտի փակուի՞ն դռները, թէ ոչ» հարցադրումները կը կրկնուէին եւ աւելի յաճախակիօրէն: Վերջին քանի մը տարիներուն, սովորութիւն դարձած էր այս անստոյգ գոյավիճակը:
Տուայտանքով, քանի մը գթասիրտ անձնաւորութիւններէ եւ հիմնարկներէ նիւթական օժանդակութիւն ստանալով, կարելի եղած էր աւարտել վերջին քանի մը տարեշրջանները:
Սակայն այս անգամ, կարելի չեղաւ այդ առժամեայ կացութիւնը՝ ad hoc իրավիճակը տարի մը եւս երկարաձգել:
Թէ ի՞նչ էին դրդապատճառները: Գաղութի պարպո՞ւմ թէ անտարբերութիւն:
Յստակ էր թէ աշակերտներուն թիւը հետզհետէ պակսած էր, այնքան մը որ սկսած էր
լրջօրէն ազդել կրթօճախին մակարդակին եւ անմիջական դպրոցական կեանքին վրայ:
Դեռ գրեթէ երէկ էր, երբ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութենէն
ժամանած, քոյր Ալֆոնսա Պետրոսեան 1979-ին Ուաթըրթունի մէջ մանկամսուր մը
հիմնեց: Մեծ յաջողութիւն արձանագրելով, քոյր Պետրոսեան շուտով մտայղացումը
ունեցաւ նախակրթարան մը հիմնելու, երազ մը որ շուտով իրականացաւ 1982-ին եւ
դեռ աւելին, «Ծիծեռնակաբոյն»ը շարունակեց իր սլացքը բանալով նաեւ
միջնակարգի բաժին:
Այսպէս, 1963-էն ի վեր Ֆիլատելֆիոյ մէջ գործող Հայ Քոյրերու Վարժարանի
կողքին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն ներս, Մասաչուսէցն ալ օժտուած էր
նմանօրինակ կրթօճախով մը:
Այսպէս երեսուն տարի իբրեւ հայկական կրթօճախ ծառայելէ ետք, պիտի փակուին հաստատութեան մը դռները:
Դեռ դասարաններէն թէ անմիջական մուտքերէն ու անցքերէն ներս, պատերուն թէ
գրասեղաններուն վրայ «թարմ» են Մեսրոպաշունչ լեզուով գրութիւնները:
Փոշիածածկ պիտի ըլլան այդ այբուբենները: Սուգի մէջ ենք բոլորս…գաղութէն
ներս: Աշակերտ, ծնողք, ուսուցիչ, պատասխանատու …հասարակ հայորդի:
Հունձք մը հայթայթած էր այս կրթօճախը, որուն աւարտականները այսօր յաջողակ
երիտասարդներ են թէ՛ անձնական եւ թէ՛ ազգային կեանքէն ներս: Բազմաթիւ են
անոնք «Ծիծեռնակաբոյն» աւարտած են եւ ցայսօր կը ծառայեն գաղութի ազգային
զանազան հիմնարկներէն ներս:
Օգոստոս 2015, Լեքսինկթըն… 20 Փելհամ Ռոտ…: Հիանալի տեսարան, լաւապէս
կահաւորուած դպրոցական իսկական համալիր, իր զանազան ենթակառոյցներով: Հոն,
պիտի մնայ յիշողութիւն մը…Ղազարոս Աղայեանի մէկ իւրայատուկ «Յիշողութիւն»ը.-
Ծիծեռնակը բոյն էր շինում,
Ե՛ւ շինում էր , եւ՛ երգում,
Ամէն մի շիւղ կպցնելիս՝
Իր հին բոյնն էր յիշում:
Յուզիչ եւ ընդվզեցուցիչ հրաժեշտ մը…դպրոցական վերամուտի սեմին:
«Հայրենիք» (խմբագրական), 17 Օգոստոս 2015
No comments:
Post a Comment