October 16, 2015

Լիբանահայ վարժարաններուն դժուարութիւնները

Երէկ` հինգշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2015-ին, «Վանայ ձայն»-էն սփռուեցաւ «Բաց քննարկում»-ի երրորդ յայտագիրը, որուն նիւթն էր լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան ընդհանուր պատկերը, սուրիահայ աշակերտներու թիւն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները: Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ Րաֆֆի Տեմիրճեան:
Յայտագիրի գլխաւոր հիւրն էր Ժիրայր Դանիէլեան, որ նշեց, թէ հայ ժողովուրդի գոյութեան գրաւականը դպրոցն է, որուն պէտք է գուրգուրալ, եւ որուն պահպանման պէտք է մասնակից դառնայ իւրաքանչիւր հայ: Ան ըսաւ, որ անցեալին մեր ծնողները իրենց հացէն բաժին կը հանէին, որպէսզի դպրոցին տային եւ մեր ուսումը ապահովէին, մինչ այսօր դժբախտաբար ընդհանրապէս մեր ծնողներուն մօտ կայ անտարբերութիւն եւ զոհողութիւններու բացակայութիւն, իսկ բարեկեցիկ ընտանիքներ իրենց զաւակները կը ղրկեն արտաքին փայլք ունեցող օտար վարժարաններ:
Ժիրայր Դանիէլեան ներկայացուց լիբանանահայ վարժարաններու թուային պատկերը, որ յստակօրէն նահանջի մէջ է: Այս առնչութեամբ ան հաստատեց, որ պէտք է որդեգրուի կրթական յստակ քաղաքականութիւն, որովհետեւ տարիէ-տարի դպրոցներու թիւն ալ կը նուազի: Ան հաստատեց, որ լիբանանահայ աշակերտութեան թիւին նահանջը առնչուած է նաեւ նիւթական տագնապին, որովհետեւ նիւթական պատճառներով մեր ընտանիքներուն մէջ նիւթական դժուարութիւններ ունեցող խաւը կը դիմէ պետական դպրոցներ:
Լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ սուրիահայ աշակերտներու թուային ճշգրիտ պատկեր ունենալու նպատակադրումով, «Վանայ ձայն»-ի տնօրէնութիւնը անցնող շաբաթ դիմած էր վարժարաններու տնօրէններուն, որպէսզի հաւաքէ համապատասխան տեղեկութիւններ: Արդիւնքներուն վերաբերեալ Դանիէլեան յայտնեց, որ այս տարեշրջանին սուրիահայ աշակերտներուն թիւը աւելցած է ու բարձրացած 764-ի (2014-2015 տարեշրջանին` 683), ինչ որ մեծ թիւ է, հակառակ անոր որ դէպի Ամերիկա եւ Եւրոպա գաղթող սուրիահայերուն թիւն ալ աճ արձանագրած է: Դանիէլեան հաստատեց, որ սուրիահայ աշակերտներուն մեծամասնութիւնը Ազգային վարժարաններուն մէջ կը գտնուի, ինչ որ նշեալ կառոյցներուն համար տնտեսական յաւելեալ ծանրութիւն է, մինչ աւելի բարեկեցիկ վարժարանները նուազագոյնը օգտակար հանդիսացած են սուրիահայերուն:
Դանիէլեան շեշտեց, թէ անցեալին գոյութիւն ունեցող 57 վարժարանները նուազած են 26-ի, երբ անցնող տարի վարժարան մըն ալ մահացաւ, որուն նոյնիսկ մահազդը մեր մամուլին մէջ տեղ չգտաւ, հրապարակային ոչ մէկ անդրադարձ կար, ինչ որ հետեւանք է ընդհանուր անտարբերութեան:
«Բաց քննարկում» յայտագիրի գլխաւոր հիւրը ըսաւ, որ մեր վարժարաններուն մեծամասնութիւնը մեր ազգային էութեան հիմքը կազմող դասանիւթերուն` հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան եւ այլ նիւթերու դասապահերու թիւերը կը նուազեցնեն, եւ այս բոլորին պատասխանատուները մեր կրթական կեանքը տնօրինող մարմիններն են, տնօրէններն են: Ժիրայր Դանիէլեան ըսաւ. «Լիբանանի պետական կրթական ծրագիրը անցեալին ալ գոյութիւն ունէր, ներկայիս ալ կայ. անցեալին մեր կրթական մարմինները կրցած էին հաւասարակշռութիւնը պահել, իսկ հիմա տնօրէններ եւ կրթական մարմիններ կառչելով պետական քննութիւններու յաջողութեան վարկածին պէտք չէ զոհեն հայագիտական դասանիւթերու ժամերը: Դժբախտաբար իրողութիւնը այն է, որ ոչ մէկը կ՛ընդունի, որ պահերը նուազագոյնի իջեցուցած է»:
Դանիէլեան ըսաւ. «Եթէ մենք իսկապէս ազգային գիտակցութեամբ որոշումներ տուած ըլլայինք, այսօր հայ աշակերտութեան յիսուն առ հարիւրէն աւելին օտար դպրոցներու մէջ պիտի չգտնէինք»:
Զրոյցին հիւրաբար մասնակցեցան Հայ Աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմէնճեան եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որոնք փոխանցեցին իրենց մտահոգութիւններն ու տեսակէտները: Յայտագիրին նաեւ հայորդիներ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններով եւս բերին իրենց մասնակցութիւնը: Այս գծով, սուրիահայ կարգ մը ծնողներ խօսեցան կրթական իմաստով իրենց դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն մասին:
«Բաց քննարկում» յայտագիրի ընթացքին նաեւ քննութեան առարկայ դարձան աշակերտութեան թուային պատկերներու համեմատութիւնները, հայագիտական դասանիւթերու դասագիրքերու տագնապը, ուսուցիչներու վերապատրաստութեան ծրագիրներու կարեւորութիւնը, լիբանանահայ վարժարաններուն միջեւ գործակցութեան եղանակներու ճշդումը, սուրիահայութեան նեցուկ կանգնելու պատրաստակամութիւնը, սուրիահայ աշակերտներու դիմագրաւած ընկերային եւ հոգեբանական խնդիրները, սուրիահայերու ներկայութեամբ կրթական առումով ստեղծուած խնդիրները եւ այլ հարցեր:

«Ազդակ», 16 Հոկտեմբեր 2015

No comments:

Post a Comment