ԴԻՒԱՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Երբ անուղղակի կերպով տեղեակ դարձանք դպրոցի վաճառքի որոշման մասին, Սբ.
Յովհաննու Կարապետ ծուխը, ի դէմս Արեւմտեան թեմի, հարազատութեան
զգացումներով, ինչպէս նաեւ՝ հայ դպրոցի դռները բաց պահելու ազնիւ
ցանկութեամբ զայն գնելու առաջարկ ներկայացուց Թէքէեան Մշակութային
Միութեան՝ հաշուի առնելով նաեւ անշարժ գոյքի այսօրուան շուկայական գիները:
Նման ծանր նիւթական եւ վարչական պատասխանատուութիւն ստանձնելը, նախ եւ
առաջ, մեր բարոյական պարտքը համարեցինք Աստուծոյ օգնականութեան ապաւինելով,
միայն թէ չօտարուի հայ դպրոցը: Այս առաջարկին սատար կեցան նաեւ Թեմական
խորհուրդը եւ համայնքի շատ մը պատկառելի անձեր՝ հիմք ունենալով կրթական
մարզէն ներս թեմիս Յովսէփեան դպրոցին ունեցած յաջողութիւններն ու
ձեռքբերումները:
Առաջնորդ սրբազանին կողմէ ստորագրեալ 18 Մայիս 2015 թուակիր պաշտօնական
նամակը սակայն, ցաւ ի սիրտ, չընդունուեցաւ նոյն բարեացակամութեամբ: 9
Յունիս 2015ին ստացանք Թէքէեան Մշակութային Միութեան նախագահի կողմէ
ստորագրեալ պատասխան նամակը՝ 4 Յունիս 2015 ամսաթիւով, ուր ԹՄՄ
հոգաբարձութիւնը անվստահութիւն կը յայտնէ թեմին եւ չի տեսներ դպրոցը բաց
պահելու երաշխիքներ:
Այս պատճառաբանութեամբ ԹՄՄ հոգաբարձութիւնը կը մերժէ Արեւմտեան թեմին
առաջարկը եւ դպրոցին շէնքը կը վաճառէ այլ կազմակերպութեան՝ զուտ շուկայական
հաշիւներէ մեկնելով:
Կը տարածենք այս հաղորդագրութիւնը, որովհետեւ գաղութը իրաւունք ունի
գիտնալու եղելութիւնը եւ այն, որ Սբ. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ եւ
Արեւմտեան թեմին երկարած փրկութեան ձեռքը, բարի կամքը եւ դպրոցը պահելու
յանձնառութիւնը ստորադասուեցաւ շուկայական շահին, յարդիւնս որու օտարուեցաւ
հայ դպրոցը եւ տուժեց հայ աշակերտը:
«Ասպարէզ», 8 Հոկտեմբեր 2015
«Ասպարէզ», 8 Հոկտեմբեր 2015
No comments:
Post a Comment