Երէկ` հինգշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2015-ին, «Վանայ ձայն»-էն սփռուեցաւ «Բաց
քննարկում»-ի երրորդ յայտագիրը, որուն նիւթն էր լիբանանահայ վարժարաններու
աշակերտութեան ընդհանուր պատկերը, սուրիահայ աշակերտներու թիւն ու
դիմագրաւած դժուարութիւնները: Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ
Րաֆֆի Տեմիրճեան:
October 16, 2015
ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանը բանալու Արեւմտեան թեմի առաջարկը կը մերժուի
ԴԻՒԱՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Հրաժեշտ… «Ծիծեռնակաբոյն» կրթօճախին
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» (խմբագրական)
Վերջին ամիսներուն «To be, or not to be?» («Ըլլա՞լ թէ չըլլալ»)
կացութիւնը ստեղծուած էր, Մասաչուսէցի Լեքսինկթըն շրջանի Հայ Քոյրերու
«Ծիծեռնակաբոյն» Վարժարանէն ներս:
«Պիտի փակուի՞ն դռները, թէ ոչ» հարցադրումները կը կրկնուէին եւ աւելի յաճախակիօրէն: Վերջին քանի մը տարիներուն, սովորութիւն դարձած էր այս անստոյգ գոյավիճակը:
Տուայտանքով, քանի մը գթասիրտ անձնաւորութիւններէ եւ հիմնարկներէ նիւթական օժանդակութիւն ստանալով, կարելի եղած էր աւարտել վերջին քանի մը տարեշրջանները:
Սակայն այս անգամ, կարելի չեղաւ այդ առժամեայ կացութիւնը՝ ad hoc իրավիճակը տարի մը եւս երկարաձգել:

Labels:
ամերիկահայութիւն,
հայ դպրոց,
Հայ Քոյրերու Վարժարան,
Պոստըն
Subscribe to:
Posts (Atom)