July 03, 2014

Փրովիտէնսի «Մուրատ» ազգ. վարժարանի ամավերջի հանդէսը



Փրովիտէնսի «Մուրատ» ազգային վարժարանի ամավերջի հանդէսը, նուիրուած՝ հայ տարեցին, տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունիս 8, 2014ին, Գրէնսթընի Հոփ Հայլէնտ դպրոցի սրահին մէջ: Տ. Կոմիտաս Ա. քհնյ. Պաղսարեանի բացման աղօթքէն եւ «Մեր Հայրենիք» ու «Թող միշտ պանծայ մեր հայ դպրոց»  քայլերգերու երգեցողութենէն ետք, Խնամակալ Մարմնի ատենապետը` Պրն. Յակոբ Խաչատուրեան, յայտնեց իր շնորհակալական խօսքերը Տիկ. Անահիտ Քիպարեանին, ուսուցչակազմին եւ ծնողներուն, որոնց գործակցութեան շնորհիւ յաջող տարի մը եւս բոլորեցինք: 
Պրն. Խաչատուրեան ապա հրաւիրեց Խնամակալ Մարմնի քարտուղարուհի եւ ուսուցչուհի Տիկ. Մակի Նալպանտեանը որ ներկայացնէ օրուան հաճելի անակնկալը։ Ան բեմ հրաւիրեց երեք տարեց պատուական տիկիններ որոնց նուիրուած էր այս տարուայ հանդէսը. Տիկ. Հայկուհի Գէրըլ Մեսրոպեանը, որ վարած է Խնամակալ Մարմնի գանձապահութեան պաշտօնը աւելի քան 35 տարիներ, Տիկ. Արաքսի Արզումանեանը եւ Տիկ. Անահիտ Քիպարեանը, որոնք վարած են տնօրէնութեան պաշտօնը աւելի քան 25 տարիներ։ Աւարտական դասարանի եօթը աշակերտները կարդացին իրենց  գրած շնորհակալական  նամակները, յայտնելով  իրենց սրտաբուխ երախտագիտական զգացումները մեր դպրոցին կամաւորաբար ծառայող այս աննման դաստիարակներուն, իւրաքանչիւրին ներկայացնելով կարմիր վարդ մը։ Յուզիչ էր եւ նոյնքան քաջալերական  տեսնել թէ տարեց սերունդի ցանած հունտերը տարիներու ընթացքին պտղաբեր կը դառնան նոր սերունդի հոգիներուն մէջ ու հայապահպանման ջահը անոնց  կը փոխանցուի։
Մանկապարտէզի եւ անգլիախօս դասարանի մանուկները երգեցին երեք երգեր, որմէ ետք աւարտական դասարանի աշակերտները մեծ յաջողութեամբ ներկայացուցին  «Պարոն Խիկարի վարժարանը» ծիծաղաշարժ զաւեշտը, բեմադրութեամբ՝ Պրն. Համազասպ Ռշտունիի։ Փոքրերու խումբը, որ մաս կը կազմէ  Փրովիտէնսի Համազգայինի նորակազմ «Արցախ» պարախումբին, պարուսոյց Պրն. Արման Մնացականեանի  առաջնորդութեամբ, պարեց «Լորգէ» պարը մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հանդիսականներուն մէջ։  Բուռն ծափահարութեան արժանացաւ Տոքթ. Ազնիւ Չալըգեանի սորվեցուցած «Սարերի հովին մեռնեմ» հեզաճկուն  նազպարը, գեղեցիկ ճերմակ տարազներով, կատարողութեամբ վերի կարգի աշակերտուհիներուն։
Տնօրէնուհի Տիկ. Անահիտ Քիպարեան, խօսք առնելով, սրտագին  շնորհակալութիւն յայտնեց  շրջանաւարտներուն որոնք իրենց  գրած շարադրութիւններով յայտնեցին իրենց անկեղծ որդիական զգացումները, գովքը հիւսելով տնօրէնուհիներուն հայ դպրոցին  հանդէպ ունեցած անսակարկ նուիրումին ու զոհողութեան։ Ան կրկնակի  շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչուհիներուն, ծնողներուն, Հ.Օ.Մ.ի ու եկեղեցւոյ քոյր կազմակերպութիւններուն։ Վերի կարգի աշակերտները եռանդուն տրամադրութեամբ երգեցին «Արդեօք ովքեր են», «Սարդարապատ» եւ «Ազգ փառապանծ» երգերը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Պրն. Ռաֆֆի Ռշտունիի։
Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ, Ընկ. Նորա Սիմոնեան կատարեց շարադրական մրցումին մրցանակաբաշխութիւնը: Մեր վարժարանի աշակերտներէն  Անահիտ Տօնոյեան, Թալին Տօնոյեան եւ Արմէն Եկեան ստացան Շաբաթօրեայ վարժարաններու մեծերու բաժնին առաջին երեք մրցանակները։ Լորի Սիմոնեան ստացաւ անգլերէն շարադրութեան մրցանակը, իսկ փոքրերու բաժնէն Արամ Էլմայան արժանացաւ յիշատակութեան։ Ապա բեմ հրաւիրուեցան ուսուցչուհիները ։
Յայտագրի աւարտին, եկեղեցւոյս հովիւ` Արժ. Տ. Ա.Քհնյ. Կոմիտաս Պաղսարեան իր խօսքով շնորհաւորեց  շրջանաւարտները, որոնք հանդէսէն առաջ մասնակցեցեան Սուրբ Պատարագին,  արտասանելով «Հաւատամք»ը, կարդալով օրուան Աւետարանի ընթերցումը, փոխանցելով ողջոյնը որպէս  կրտսեր հոգաբարձուներ,  յոյս  ներշնչելով  բոլորիս որ անոնք ապագային  պիտի  մասնակցին մեր գաղութի  կեանքին, մօտ մնալով հայ դպրոցին եւ եկեղեցիին :
Հետեւեալ  եօթը աշակերտները  ստացան իրենց վկայականները եւ հայերէն լեզուով  Աւետարան մը – Դաւիթ Այրիեան (յիշատակութեամբ), Արմէն Եկեան (բարձր յիշատակութեամբ), Տաթեւ Խաչատրեան, Ռոստոմ Մկրտիչեան, Լորի Սիմոնեան, Անահիտ Տօնոյեան (յիշատակութեամբ) եւ Թալին Տօնոյեան (բարձր յիշատակութեամբ)։
«Մուրատ» ազգ. վարժարանի  շրջանաւարտ Շանթ Եկեան, որ աշնան համալսարան պիտի յաճախէ, արժանացաւ տոքթ. եւ տիկ. Արա Սատանեանցի հաստատած «Մակի Նալպանտեան կրթանպաստ»ի մրցանակին, եկեղեցւոյ խորանին, դպրոցին ու գաղութին մատուցած իր ծառայութեանց համար։  Հանդէսը փակուեցաւ  Տէր Հօր աղօթքով։
                                                                              

No comments:

Post a Comment