February 10, 2014

Դաստիարակը մեռաւ, բայց ոչ` դաստիարակութիւնը

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ


Մարդկային ծնունդը ընդհանրապէս ուրախութեամբ ընկալուած է: Նոյնը չէ պարագան կեանքի աւարտին` մահուան: Եթէ առաջինը նոր աշխարհ գալու վիճակն է` կեանք մը սկսելու, երկր...որդը` մնաք բարովի եւ վերջնական բաժանումի… Նոյն կեանքի երկու հակադիր կողմերու իրավիճակն է, որ պէտք է ընդունիլ ինչպէս որ է…:
Կարեւորը այն է, որ կայ ծնունդին եւ մահուան միջեւ ինկող եւ այդ երկուքը զիրար կապող ու ամբողջացնող մասը…: Անկախ ապրուած կեանքի օրերէն եւ քանակէն, այդ ապրուած մասն է, որ տեղ մը նշանակութիւն կու տայ անհատին կեանքին, բայց նաեւ կը ձգէ դրոշմ եւ ժառանգ` գալիք օրերուն կեանքը շարունակողներուն` անհատ թէ հաւաքականութիւն:
Այս աւանդին հասկացողութիւնն է, որ ստեղծուած եւ դաստիարակութեամբ փոխանցուած է կեանքի տարբեր ժամանակահատուածներու` սերունդէ սերունդ, պատմութեան սլացքին ընդմէջէն: Բարեբախտաբար աւանդը ունի զայն ստեղծողները, բայց նաեւ պահողները, իմա՝ դաստիարակները, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան կը մտնեն այս առաքելութեան մէջ: Զոհողութիւն մը, որ եթէ մէկ կողմէ անհատին անձնական ժամէն, միտքէն ու էութենէն կը խլէ, բայց նաեւ կեանքէն` ամբողջ կեանք մը նուիրելով աւանդին փոխանցման եւ սերունդներու դաստիարակութեան:
Հաւաքական կեանքին մէջ անոնք` դաստիարակները, որոշած են մէկ քայլ առաջ երթալ` զիջելով իրենց անհատական ու անձնական կեանքը, էութիւնը եւ այս բոլորը դնելով նժարին վրայ` անոնք հաւաքական աւանդին համար նուիրուիլը միշտ աւելի ծանր կշռած են իրենց տարբեր արժեչափերէն:
Սոնա Նաշեանի կեանքը եղաւ խօսուն օրինակ մը այս դաստիարակութեան նուիրուած` աւելի քան հինգ տասնամեակ: Եւ զիջեցա՞ւ: Անպայման: Անձնական կեանք, ջիղ, առողջութիւն, տրամադրութիւն, միտք, սէր, նուիրում, կրթութիւն…: Այս բոլորը երկար տարիներու ընթացքին, այսօր աշխարհով մէկ սփռուած բազմահարիւր աշակերտները դարձնելով «Օրիորդ Նաշեան»-ին ընտանիքը: Ան անմիջական ընտանիքը չկազմեց, բայց Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը դարձաւ իր տունը, իսկ մենք բոլորս` իր աշակերտները, եղանք իր սրտին ու հոգիին հարազատները, իւրաքանչիւրիս դաստիարակութիւնը եւ կեանքի մէջ մտնելու եւ առաջնորդուելու տեսլականը` եղաւ իր «աշխարհ»-ը: Եղաւ խիստ ու խստապահանջ, բայց այդ պիտակին ետեւը կար ուրախութիւնը կերտելու եւ հասկնալու իր տրամադրութիւնը: Դժուար էր այդ օրերու մեր պատանեկան մտածողութեան համար հասկնալ եւ կամրջել խիստն ու ուրախութիւնը: Բայց երեւի պիտի սորվէինք հետագային, թէ կեանքի մէջ ուրախութիւնը կը կերտուի, երբ արժէքի հասկացողութեան նկատմամբ կայ անհրաժեշտ լրջութիւն եւ խստապահանջութիւն, որպէսզի կեանքի մէջ արձանագրուի յառաջխաղացք եւ նուաճում` մարդկային կեանքերուն մէջ «բաց մը լեցնելու» գոհունակութեամբ: Այս «բացը լեցնելը» աւանդին դաստիարակութիւնն է, եւ հայկական վարժարանին մէջ օրիորդ Սոնա Նաշեանն ու իր նման դաստիարակները նուիրուած էին ատիկա կատարելու:
Սոնա Նաշեան երբեք չյոգնեցաւ իր ասպարէզին մէջ: Ան կառչած մնաց յոյսին` հաւատալով, թէ հայ ժողովուրդին գոյատեւումը նոր սերունդին շարունակականութեան մէջ է, իսկ շարունակականութիւնը հայուն աւանդին դաստիարակութեամբն է…: Սոնա Նաշեանին համար հայուն աւանդը` իր ազգային ու քրիստոնէական պարունակով մարմնաւորուած էր: Ան կրցած էր այս երկուքը իրարու շաղկապել: Այս իմաստով ան միշտ հաւատաց, թէ դաստիարակութիւնը կարելի չէ սակարկել, քանի հայուն շարունակականութեան երաշխաւորման գերագոյն նպատակն է անիկա` նոր սերունդներուն միջոցով:
Սոնա Նաշեանի հետ ապրեցայ երեք հանգրուաններ: Նախ` որպէս աշակերտ, Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, տասնչորս տարիներ անընդմէջ: Ապա պաշտօնակից` երբ կարճ ժամանակուան համար պաշտօնավարեցի Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, եւ ինք նախակրթարանի պատասխանատու էր, նաեւ որպէս հոգաբարձու` երբ ինք իր կրթական ասպարէզին վերջին տարիներուն եղաւ տնօրէն նոյն վարժարանին մէջ: Այս երկար ժամանակահատուածին, տարբեր հանգրուաններէ անցնելով տեսայ Սոնա Նաշեանի անսակարկ նուիրումը` հայ դպրոցին հայ աշակերտին եւ հայ աւանդին նկատմամբ: Նախակրթարանի բաժնի ընդհանուր պատասխանատուն եւ համակարգողն էր, միեւնոյն ժամանակ` անգլերէն լեզուի ուսուցիչ: Մեր օրերուն Ճորճ Չամիչի դասագիրքը կը գործածուէր…: Ներկայ օրերու չափանիշներէն մեկնելով` շատ պարզ եւ նախնական պիտի ըլլան Չամիչի դասագիրքերը: Բայց Սոնա Նաշեան անպայման կ'ամբողջացնէր պակասաւոր մասերը` իր հետաքրքրական մտայղացումներով եւ արուեստի ու գծագրական պատկերներով: Կը սիրէր գեղանկարչութիւնը եւ շատ ժամանակ կը տրամադրէր նախակրթարանի արտադասարանային եւ ատենամարզանքի պահերուն` այլազան ձեւերով ճոխացնելով մեր ուսումնական առօրեան: Նուիրում էր` մէկ կողմէ հայ աշակերտին ու դպրոցին նկատմամբ, բայց նաեւ հայուն յոյսին, ուր պէտք էր յուսալ եւ տեսնել, թէ հայուն վաղուան օրը պէտք է շարունակուի…: Բայց արդեօք այս նուիրումը չէր, որուն շնորհիւ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան արհաւիրքէն դուրս գալով` հող, տուն եւ հարազատ կորսնցնելէ ետք, հիւղաւանները վերածեց անմիջական տան, դպրոցի ու եկեղեցւոյ, յոյսը դնելով վաղուան օրուան: Այդ մղումով էր, որ հայը կերտեց սփիւռքահայ գաղութները իր շատ մը «ամրոց»ներով` քիչ մը ամէն տեղ…: Սոնա Նաշեանի նուիրումը նոյն այս հիմքով շարունակուեցաւ իր կրթական երկար տարիներուն ընթացքին` յոյսը տեսնելով հայ նոր սերունդին վաղուան օրուան տիրապետելու իրականութեան մէջ: Այսօր ալ իր աշակերտները քիչ մը ամէն տեղ Սոնա Նաշեանի յոյսին իրականացումն են…: Եւ արժէ, որ հայը իր գրաւը բարձր դնէ այս յոյսին վրայ:
«Բոլորին համար իր խիստ ինքնութենէն մեծ սէր եւ գեղեցիկը կերտելու բծախնդրութիւն փոխանցած է ինծի, եւ միշտ երախտագիտութեամբ կը պահեմ յուշերուս մէջ…: Շնորհակալութիւն օրիորդ Նաշեան…»: Եթէ այս մէկը իր աշակերտներէն մէկուն վկայութիւնն է: Հեռաւոր մէկ ափերէն, բայց նաեւ մէկ լաւ թարգմանն է այն իրականութեան, որ իւրաքանչիւր աշակերտ իր տեղին ու դիրքին մէջ, կեանքի այլ գոյապայքարներու ընթացքին իւրաքանչիւրը կ'ապրի օրիորդ Նաշեանի դրոշմած սէրը եւ գեղեցիկը` կեանքին ու աւանդին նկատմամբ…:
Դաստիարակը մեռաւ, բայց մնաց դաստիարակութիւնը: Հոս թէ հոն, քիչ մը ամէն տեղ, ուր Սոնա Նաշեանի աշակերտները կ’ապրին հայուն գիտակցութիւնը` սիրելով արժէքը եւ պահելով աւանդն ու անոր գեղեցկութիւնը…: Այս դաստիարակութեան շնորհած յոյսն է, որ չի մեռնիր եւ իր շարունակականութիւնը կը գտնէ վաղուան օրուան մէջ: Այս յոյսին համար անպայման արժէ ապրիլ եւ նուիրել ամբողջ կեանք մը:
Սոնա Նաշեան հանգստեան կոչուելէն ետք շարունակեց կառչած մնալ յոյսին եւ անոր շնորհած դաստիարակութեան: Իր ժամերը տրամադրեց եկեղեցիին եւ հաւաքական աշխատանքին: Մեր իւրաքանչիւր հանդիպումին իր ուրախութիւնը կը յայտնէր իմ աշխատանքներուս եւ յօդուածներուս համար, նաեւ ինծի կը յանձնէր իր ձեռային գեղարուեստական աշխատանքները: Պզտիկ բացիկներ` իր կողմէ գծագրուած, ուր տեղադրած էին Աստուածաշունչէն համարներ` դարձեալ իր ձեռագիրով: «Բաժնէ, ուր որ պէտք է», կ'ըսէր, «Աստուծոյ խօսքը յոյսին կռուանն է»:
Սոնա Նաշեան ապրեցաւ այս յոյսին համար` եւ իր կրթական դաստիարակչական կեանքը նուիրում մըն էր` հայ ժողովուրդը տանելու վաղուան օրուան…
Շնորհակալութիւն` Սոնա Նաշեանի նուիրական կեանքին: Սոնա Նաշեան դաստիարակը մեռաւ, բայց դաստիարակութիւնը, որուն ան հաւատաց, եւ որուն համար գործեց` տակաւին կը շարունակուի…:
Եւ հայուն վաղուան օրուան յոյսը դաստիարակութեան շարունակականութեան մէջ է…:



«Ազդակ», Յունուար 4, 2014

No comments:

Post a Comment