July 04, 2014

Սբ. Ստեփանոս ազգային վարժարանի 2013-2014 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսներ

Սբ. Ստեփանոս ազգ. վարժարանը յաջողութեամբ բոլորեց իր 30րդ դպրոցական տարեշրջանը: Մանկապարէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 19ին, իսկ Նախակրթարանի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 20ին, ներկայութեամբ մեծ թիւով ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանի հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն:  
Երկու հանդէսներուն, տնօրէնուհին՝ Տիկին Հուրի Պոյամեանը ծանրացաւ դպրոցի յաջողութիւններուն վրայ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին, գրասենեակի անձնակազմին, Ծնողական Յանձնախումբին, դպրոցի խնամակալութեան եւ յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք կը նպաստեն դպրոցի վերելքին։ 
Յունիս 19ին, Տիկին Պոյամեանը պատուեց Մանկամսուրի տնօրէնուհի Տիկ. Մարալ Օրջանեանը եւ Մանկամսուրի Ա.ի ուսուցչուհի Տիկ. Աննա Քիւբէլեանը իրենց 15 տարուան նուիրուած ծառայութեան համար, իսկ Տիկին Արաքսի Փօլատեանը՝ իր հանգսատեան կոչուելուն առիթով։  Տիկին Արաքսին 21 տարի գործած է Սբ. Ստեփանոս ազգ. վարժարանին եւ ընդամէնը 44 տարի՝ հայ վարժարաններու մէջ։  Տիկ. Օրջանեանը եւ Տիկ. Քիւբէլեանը ստացան դպրոցի ոսկեայ մետալը, իսկ Տիկին Փօլատեանը ստացաւ յուշանուէր մը դպրոցի կողմէ, գնահատագիր մը Ազգային Առաջնորդարանէն ստորագրուած Բարձրշ. Օշական արք. Չօլոյեանի կողմէ, եւ երկրորդ գնահատագիր մըն ալ Մասաչուսէցի նահանգապետ Տըվալ Փաթրիքի կողմէ։  Ի պատիւ Տիկին Փօլատեանին, դպրոցը նաեւ հաստատեց «Արաքսի Փօլատեան կրթաթոշակի ֆոնտ»ը։  Բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին իրենց գնահատանքը յայտնել Տիկին Արաքսիին, կրնան իրենց նուիրատուութիւնը ղրկել դպրոցի հասցէին վրան աւելցնելով Att: Araxie Poladian Scholarship Fund։  Տիկին Պոյամեան նաեւ հրաւիրած էր Տիկին Արաքսիի նախկին աշակերտներէն երեքը՝ Արմին Աֆէեան եւ Սերինա Հաժժար, որոնք անոր մասին խօսեցան Յունիս 19-ին, իսկ Նայիրի Գրաֆեան՝ Յունիս 20-ին։
Յունիս 20-ին, Տիկ. Պոյամեան պատուեց Տիկ. Արտեմիս Մկրտիչեանը դպրոցի ոսկեայ մետալով իր 15 տարիներու ծառայութեան համար, իբրեւ նախակրթարանի հայերէնի դասատու։
Յունիս 20ի յայտագիրը նուիրուած էր մեր տարեցներուն,  Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2014 տարին հռչակած ըլլալով Տարեցներու Տարին: Նախակրթարանի աշակերտները ներկայացուցին հանդէսի թեման, արտասանութեամբ եւ երգով, որոնք հմտօրէն համադրուած էին հայերէնի դասատու՝ Տիկ. Ա. Մկրտիչեանի կողմէ: Երկու հանդէսներուն իր փակման խօսքին մէջ, Տէր Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանը իր գնահատանքի խօսքը ըսաւ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին իրենց տարած աշխատանքին եւ նուիրումին համար: 
Մանկապարտէզէն շրջանաւարտ եղան.- Վարդան Առաքելեան, Անտրէ Պաշիրեանց, Ֆրիտա Պիլէզիքեան, Ճուլիա Չափեան, Լարա Չէքիճեան, Ճէյք Կոպի, Սօնիա Հալէպլեան, Կասիա Հասրճեան, Սարօ Իսկէնտէրեան, Անայիս Գահվէճեան, Լէա Կարապետեան, Յարութ Գլճեան, Մայքըլ Մահթէսեան, Սամուէլ Մակարեան, Նարինէ Մարտիրոս, Սարին Մարգարեան, Զուլալ Մէրտինօղլու, Կասիա Մինասեան, Նարեկ Մինասեան, Նիքըլըս Նալպանտեան, Արին Նազարեան, Վիգէն Բանեան, Ալլա Պետրոսեան, Լոռի Սիմոն, Արին Ստեփանեան, Սօֆիա Թինքճեան եւ Արմէն Վարդանեան։
Նախակրթարանէն շրջանաւարտ եղան.- Էլիզապէթ Գրմզեան, Անի Ուրֆալեան, Կարէն Սահակեան, Կասիա Ոսպիկեան, Անդրանիկ Աթինիզեան, Իզապելլա Պալեան, Պերճ Չէքիճեան, Լոռի Կանճեան, Շանթ Գարամուսայեան եւ Գնար Գրաֆեան։
Վկայականներու բաշխումէն յետոյ տնօրէնը բաժնեց 2013-2014 տարեշրջանի մրցանակները.-

1.- Հայերէն դասընթացքներու մրցանակներ
-    Ազգային Առաջնորդարանի մրցանակը ստացան՝ Իզապելլա Պալեան, Լոռի Կանճեան, Կասիա Ոսպիկեան եւ Շանթ Գարամուսայեան
-    Հայ Օգնութեան Միութեան մրցանակը ստացաւ՝  Պերճ Չէքիճեան
-    Սբ. Ստեփանոս վարժարանի մրցանակը ստացան՝ Էլիզապէթ Գրմզեան, Կարէն Սահակեան, Անի Ուրֆալեան, Գնար Գրաֆեան եւ Անդրանիկ Աթինիզեան

2.- Նախագահական մրցանակները ստացան
-    Ուսման մէջ գերազանցութեան՝ Իզապելլա Պալեան եւ Գնար Գրաֆեան
-    Ուսման մէջ յառաջդիմութեան՝ Լոռի Կանճեան եւ Կասիա Ոսպիկեան

3.- Վարքի մրցանակ
-    Անդրանիկ Աթինիզեան

4.- Հ.Օ.Մ.ի շարադրական մրցումին
-    Երկրորդ մրցանակ՝ Էլիզապէթ Գրմզեան
-    Երրորդ մրցանակ՝ Անի Ուրֆալեան եւ Լոռի Կանճեան

5.- «Նշան եւ Արշալոյս Նաճարեան» մրցանակ
-    Արուեստի մէջ՝ Դալար Փանոսեան
-    Երաժշտութեան մէջ՝  Նարեկ Մինասեան
(իւրաքանչիւրը ստացաւ 200 տոլարի կրթաթոշակ)

6.- «Անահիտ Գազազեան Կրթաթոշակը» ստացան հայերէնի փայլուն
     աշակերտներ
-    Քրիս Աշճեան եւ Պենճամին Սուրէնեան
    (իւրաքանչիւրը ստացաւ 100 տոլարի կրթաթոշակ)

7.- Անթերի ներկայութեան մրցանակ
-    Բ. դասարան՝ Արէն Բանեան

No comments:

Post a Comment