Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մեր մամուլին մէջ 6 Օգոստոսին լոյս տեսաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան մէկ
հաղորդագրութիւնը, որ վստահաբար գոհունակութիւն ու բերկրանք տարածեց ընթերցողին
հոգիին մէջ, մանաւանդ անոնց, որոնք մտահոգ են հայերէնին պահպանումով ու
զարգացումով:
Հաղորդագրութիւնը կ՛ըսէ, թէ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ պետական
համալսարանին հետ գործակցաբար, Համազգայինը ճամբայ կը հանէ հայերէնի ուսուցիչներու
պատրաստութեան ծրագիր մը, որ կ՛առաջադրէ սփիւռքեան մեր վարժարաններուն կարիքները
բաւարարել: Հաղորդագրութիւնը լուսարձակի տակ կը բերէ մեր լեզուին ապրած նահանջը եւ
նման ծրագիրի մը կենսական կարեւորութիւնը` ստեղծուած տագնապը դարմանելու
առումով: