October 31, 2011

Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի ուսուցչական սեմինարը Նիւ Եորքի մէջ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1ին, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներէ ժամանած ուսուցիչներ, տնօրէններ եւ խնամակալ մարմնի անդամներ մասնակցեցան Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի կազմակերպած սեմինարին։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ դպրոցները. Սբ. Լուսաւորիչ ամէնօրեայ վարժարան (Նիւ Եորք), Ս. Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարան (Նիւ Եորք), Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Շուշան եւ Յովսէփ Յակոբեան» վարժարան (Նիւ Եորք), «Նարեկ» վարժարան (Նիւ Ճըրզի), Հայ Քոյրերու Վարժարան (Ֆիլատելֆիա), «Հայկազեան» վարժարան (Ֆիլատելֆիա), Հ.Օ.Մ.ի «Զաւարեան» վարժարան (Տիթրոյիթ) եւ «Դանիէլ Վարուժան» վարժարան (Շիքակօ)։ Սեմինարը տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, Նիւ Եորք։
Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ պրն. Յարութիւն Մսըրլեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի բացման աղօթքը կատարեց։ Այնուհետեւ, ան անդրադարձաւ հայ ուսուցիչի աշխատանքին, գնահատելով անոր ջանքը՝ հայ ոգին ներարկելու իր աշակերտներուն մէջ։ Ան նաեւ խօսեցաւ դաստիարակներու տարբեր հոգերուն ու մտահոգութիւններուն մասին։ Այս ներշնչող խօսքերէն ետք, Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Գարոլին Շմաւոնեան իր կազմակերպութեան զօրակցութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքները փոխանցեց։
Այնուհետեւ, պրն. Մսըրլեան հրաւիրեց Ուս. Խորհուրդի վարիչ տնօրէն դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը որ ներկայացնէր մարմնի աշխատանքը։ Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց Խորհուրդի նպատակները եւ ներկայ աշխատանքները։ Երկրորդ զեկոյցով, ան ներկայացուց շարք մը մանկական ու դաստիարակչական հրատարակութիւններ եւ քննարկեց անոնց գործածութեան կարելիութիւնը դասարանէն ներս։   
Յետմիջօրէն, հանդիսավարը ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ դոկտ. Արսինէ Օշական (Ֆիլատելֆիա), որ վարեց աշխատանիստ մը «Նոր եղանակ, նոր նպատակ» անունով։ Ան մասնակիցներուն յայտնեց, թէ իր նպատակն էր երկու գործիքներ տալ անոնց, որոնք օգտակար պիտի ըլլային նպատակներ իրագործելու եւ ներշնչուելու համար։ Դոկտ. Օշական շարունակեց բացատրել, թէ ինչո՞ւ այդ վերնագիրը ընտրած էր. «նոր եղանակ» կը նշանակէր ձեւ մը գտնել՝ մտքեր փոխելու, իսկ «նոր նպատակ»՝ ուսուցչական ասպարէզի ընտրութեան հարցումին պատասխանները քննարկել։ Վերջաւորութեան, ան ներկաներէն խնդրեց գրի առնել իրենց դասաւանդութեան մէջ հանդիպած երեք կարեւոր հարցեր եւ մտածել՝ զանոնք դիմագրաւելու տարբեր կերպեր։
Աւարտին, Ուս. Խորհուրդի անդամներէն դոկտ. Ասպետ Վասիլեան հայկական դպրոցներու նուիրուած ընդհանուր զրոյց մը վարեց։ Ան ըսաւ, թէ «այս զրոյցին մէջ ենք մտքեր փոխանակելու համար», եւ քաջալերեց ներկաները կիսելու իրենց փորձառութիւնն ու դաստիարակչական տարբեր ձեւերը։ Ուս. Խորհուրդի անդամներէն Սօսի Էսաճանեանը հակիրճ կերպով խօսեցաւ իր փորձառութեան մասին որպէս ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ դպրոցներու աշակերտուհի Ուոթըրթաունի մէջ։  Ան արտայայտուեցաւ լեզուի, գրականութեան, պատմութեան ու մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ իր ձեռք բերած գիտելիքներուն մասին, զորս ան ամրապնդած էր հետագային։ Ան նաեւ նշեց թէ կարեւոր է լեզուն գործածել, ո՛չ միայն սորվիլ սորվելու սիրոյն։ Դոկտ. Մատթէոսեան աւելցուց, որ «եթէ աշակերտը կիրքը ունի, ան պիտի գտնէ ճամբան... Որպէս ուսուցիչ, պէտք է կրակը վառել»։ Մասնակիցները իրենց փորձառութեան ու գործունէութեան դրուագներ ներկայացուցին։
Աւարտին, պրն. Մսըրլեան շնորհակալութիւն յայտնեց բանախօսներուն ու ներկաներուն իրենց ներկայութեան համար։ Քննարկումները շարունակուեցան փակման խօսքէն ետք։


No comments:

Post a Comment