April 21, 2011

Մանկական երգերու ուսուցողական ձայնասկաւառակ

Հայ Մանուկի տարուան առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը հրապարակած է մանկական երգերու ուսուցողական ձայնասկաւառակ մը (karaoke), 17 երգերով։ Փոքրիկն Նայիրա երգերը կը կատարէ եւ ապա առիթ կու տայ, որ մանուկները կարդան պաստառին վրայ երեւցող երգին բառերը, ու շուտով սորվին զայն՝ ընկերացող երաժշտութեան եւ անոր հետ գունաւորուող տողերուն միջոցաւ։
Հին թէ նոր մանկական երգերուն նոր մօտեցումով այս ներկայացման կողքին, մանուկները կը սորվին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մաղթերգի եւ Վեհափառ Հայրապետին նուիրուած «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգի բառերն ու երաժշտութիւնը։ Սոյն հրապարակումը իրականացուցած է «Սեդօ Պաղտասարեան» սթիւտիոյի կողմէ, գործակցութեամբ Սերուժ Պաղտասարեանի։ Իւրաքանչիւր երգին յարմարցուած են մանկական համապատասխան սքանչելի պատկերներ։ Երգերէն ոմանք, իրենց երաժշտութեամբ ու դաշնաւորումով, նոր յօրինումներ են։
Ծաղկազարդի տօնին առիթով Անթիլիասի մայրավանք եկած իւրաքանչիւր հայ մանուկ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ի ձեռամբ օրինակ մը նուէր ստացած է։

No comments:

Post a Comment