April 06, 2011

Հայկական ամէնօրեայ դպրոցներու իրավիճակը Սփիւռքի տարածքին

Առանց շինիչ եւ լուրջ քննադատութեան չկայ փոխըմբռնում։ Աւելին, ինքնագոհ լաւատեսութիւնը, առանց փաստերու, մեզ կործանման կ՚առաջնորդէ։ Հետեւաբար, ինքնաքննադատութիւնը անվերապահօրէն անհրաժեշտ է բոլոր գործունեայ եւ գիտակից հայերուն, որոնք հետաքրքրուած են, եւ կը տառապին մեր ազգի գոյութեան եւ պահպանման հարցերով, Սփիւռքի դաժան իրավիճակին մէջ։
Մօտիկ անցեալին, այժմ նոյնպէս, մեծապէս գնահատած ենք եւ կը գնահատենք մեր նուիրեալներու մեծ փաղանգը, որոնք 1920-ական թուականներէն մինչեւ 1980-ականները, մեծ զոհողութիւններու եւ յարատեւ աշխատանքի շնորհիւ ստեղծեցին ամէնօրեայ դպրոցներ տարբեր գաղութներու մէջ։
Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներու մէջ ամէնօրեայ հայկական դպրոցը մեծ եւ անփոխարինելի դեր ունեցած է եւ ունի։ Օտար միջավայրի մէջ հայը հայ պահելու, մշակոյթը պահելու եւ զարգացնելու, ուծացումէ փրկելու համար յոյժ կարեւոր է ամէնօրեայ հայկական դպրոց պահելը, զարգացնել ու նորերը հիմնելը, բայց...։
2010 թուականի Յուլիսին, համեստօրէն, հրաւիրուած էի Հայաստան, Ծաղկաձորի մէջ կայացած «Արեւմտահայերէնի իրավիճակը Սփիւռքի մէջ» համագումարին մասնակցելու։
Բացման գեղեցիկ եւ հրաբորբ խօսքին մէջ, Սփիւռքի նախարար Դոկտ. Հրանուշ Յակոբեան, ի միջի այլոց, հետեւեալը ըսաւ. «. . . Սփիւռքի մէջ այսօր կը գործէ հայկական 30.000 կազմակերպութիւն, 1200 դպրոց, 200.000 աշակերտ»։
Ապշած էի, ուրիշ բան չըսելու համար։ Վրդովեցայ, ապա ճարահատ հանդարտեցայ։
21-րդ դար կ՚ապրինք։ Ճարտարարուեստի գերզարգացման, վիճակագրութեան, համացանցի դար։ Արդեօք կարելի՞ է թիւեր ըսել, որոնց նոյնիսկ կէսը ճիշդ չէ...։ Մենք մեզ լաւ եւ հզօր զգալու համար արդեօք պէ՞տք է մեծ թիւեր, մեծ խօսքեր ըսենք, ինչո՞ւ համար։
Կը կարծենք, որ ժամանակավրէպ բաներ են։ Հաւատացէք՝ շատ, շա՛տ տուժած ենք այդպէս մտածելու եւ գործելու պատճառով։
Տասնեակ «հազարաւոր» հայ կազմակերպութիւններուն ուրիշ ատեն կ՚անդրադառնանք։
Արդարեւ, միայն վերջին 30-35 տարիներու ընթացքին Սփիւռքի տարածքին փակուեցան աւելի քան 70 ամէնօրեայ հայկական դպրոցներ։
Տարիներ առաջ, քանի՛ անգամ, մեր գրած տարբեր յօդուածներուն աւարտին միշտ ըսած ենք. «. . . մեզի վերազարթնում է պէտք, բոլոր բնագաւառներուն մէջ»։
Դժբախտաբար մեր անկազմակերպուածութիւնը, անզիջողութիւնը, լուրջ կրթական ծրագիրներու բացակայութիւնը, դպրոցներու համար նիւթական միասնական պիւտճէ չունենալը, հայապահպանման հեռանկարային նպատակներու չգոյութիւնը, իրար նկատմամբ անտարբերութիւնը, սփիւռքեան ղեկավար միացեալ մարմնի բացակայութիւնը, մեզ հասցուցած են անդունդի։ Ըսած ենք, եւ կը կրկնենք, ինչ որ կորսնցուցինք այս վերջին 30-40 տարիներուն Սփիւռքի տարածքին, հաւատացէք, անվերականգնելի են։
Փաստեր եւ տուեալներ, Սփիւռքի տարածքին, ամէնօրեայ հայկական դպրոցներու մասին (երկիրներու այբբենական կարգով).

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Նիւ Եորք՝ 2 դպրոց մօտ 90 աշակերտներ։
Ֆիլատելֆիա՝ 1 դպրոց։ Նիւ Ճըրզի՝ 1 դպրոց։ Պոսթըն՝ 2 դպրոց։ Աշակերտներու տուեալները կը պակսին։
Գալիֆորնիա.- Ըստ 2000-2001 թուականի տուեալներուն, կը գործէին 14 դպրոց + 2 մանկապարտէզ, 5836 աշակերտ։
Այս տարուան տուեալներով, Լոս Անճելըս՝ 13 դպրոց եւ 2 մանկապարտէզ, Օրէնճ Քաունթի՝ 1 դպրոց։ Ֆրեզնօ՝ 1 դպրոց։ Սան Ֆրանսիսքօ՝ 1 դպրոց։ Ընդամէնը՝ 18 դպրոց, ընդհանուր թիւը՝ մօտ 4900 աշակերտ։
Երկու նոր դպրոցներ հիմնուեցան. 2006ին՝ Փասատինայի Հ.Բ.Ը.Մ. «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարան, 124 աշակերտ։ 2010ին՝ Վալիի մէջ, «Արարատ» պայմանագրեալ (չարթըր) վարժարան, 120 աշակերտ։
ԱՄՆ ընդհանուր դպրոցներու թիւը 24 է, հայութեան թիւը՝ մօտ 1.200.000։ Միայն վերջին 3-4 տարիներուն Գալիֆորնիոյ հայ դպրոցները կորսնցուցին իրենց աշակերտներու մօտ 15-20%-ը։ Լոս Անճելըսի մէջ ամերիկեան մասնաւոր եւ հանրային դպրոցներ կը յաճախեն աւելի քան 60.000 հայ պատանիներ։ Ո՞ւր պիտի հասնինք։

Արժանթին
Պուէնոս Այրէս՝ 6 դպրոց [1], Գորտոպա՝ 1 դպրոց։ Մէջբերում Պր. Պետրոս Հաճեանէն. «1989-ին հայ վարժարաններ կը յաճախէին 2.157 հայ աշակերտներ. այս թիւը 2004-ին իջած էր 1501-ի, իսկ 2010-ին՝ 1.106-ի։ Կը նշանակէ որ 20 տարուան մէջ մենք կորսնցուցած ենք 1.051 աշակերտ, այսինքն աշակերտութեան շուրջ 50%»։

Աւստրալիա
Սիտնիի մէջ կը գործէ 3 դպրոց. Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ մօտ 230 աշակերտ, Համազգայինի «Արշակ եւ Սոֆի Գալստըն»՝ մօտ 260 աշակերտ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Ալեքսանդր» վարժարանը՝ մօտ 60 աշակերտ։

Գանատա
Մոնթրէալ՝ 3 դպրոց. Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Արմէն-Քէպէք» երկրորդական՝ մօտ 400 աշակերտ, «Ս. Յակոբ» երկրորդական՝ մօտ 500 աշակերտ, Հայ Կաթողիկէ վարժարան՝ մօտ 375 աշակերտ։
Թորոնթօ՝ 2 դպրոց. Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Զարուկեան» նախակրթարան՝ 75 աշակերտ, Հ.Օ.Մ.ի երկրորդական՝ մօտ 450 աշակերտ։ Գանատահայութիւնը կը հաշուէ մօտ 65.000 հոգի։

Եգիպտոս
Գահիրէի մէջ կը գործէ 2 դպրոց՝ «Նուպարեան» ազգ. վարժարան եւ «Գալուստեան» ազգ. վարժարան։ Իմացանք, որ այս տարուան Սեպտեմբերէն սկսեալ Գալուստեանը պիտի միանայ Նուպարեանին, աշակերտներու նուազ թիւին համար։
Աղեքսանդրիոյ մէջ կը գործէ 1 դպրոց՝ «Պօղոսեան» ազգ. վարժարան, մօտ 35 աշակերտ։

Թուրքիա
Կ. Պոլիս.- 1996-1997 տարեշրջանին՝ 19 դպրոց, 4.142 աշակերտ։ 2010-2011 տարեշրջան՝ 16 դպրոց, 2.965 աշակերտ։ Այս դպրոցները կրնան ընդունիլ 5.771 աշակերտ։

Լիբանան
Լիբանանը Սփիւռքի մէջ միակ գաղութը եղած է, որ 1970-ականներուն Պէյրութի, Թրիփոլիի եւ Այնճարի մէջ ունեցած է գործող 61 դպրոց, որոնցմէ 4 դպրոցը՝ արհեստագիտական։
1964-65 տարեշրջանին՝ 44 դպրոց, 13.300 աշակերտ։
1974-75 տարեշրջանին՝ 57 դպրոց, մօտ 21.200 աշակերտ։
1987-88 տարեշրջանին՝ 44 դպրոց, 12.924 աշակերտ։
1990-91 տարեշրջանին՝ 45 դպրոց, 11.939 աշակերտ։
2001-2002 տարեշրջանին՝ 33 դպրոց, 8.418 աշակերտ։
2010-2011 տարեշրջան, Պէյրութ եւ արուարձաններ՝ 23 դպրոց, Թրիփոլի՝ 1 դպրոց, Այնճար՝ 3 դպրոց։ Միասին՝ 27 դպրոց, մօտ 6.400 աշակերտ։ Լիբանանի հայութիւնը կը հաշուէ մօտ 70.000։

Հնդկաստան
Կալկաթա.- Հայոց Մարդասիրական ճեմարան, հիմնուած է 1821-ին, մօտ 50 աշակերտ։

Յունաստան
Աթէնքի մէջ կը գործէ երեք դպրոց՝ «Յակոբեան» երկրորդական 172 աշակերտ, «Զաւարեան»՝ 120 աշակերտ, Հ.Բ.Ը.Մ. «Գալփաքեան» նախակրթարան՝ 72 աշակերտ։

Ուրուկուայ
Մոնթէվիտէօ.- Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Նուպարեան-Ա. Մանուկեան» երկրորդական՝ մօտ 240 աշակերտ, «Ներսէսեան» նախակրթարան՝ մօտ 30 աշակերտ։

Պարսկաստան
Մեծ մասը՝ մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ. 14 դպրոց, մօտ 2.800 աշակերտ։ Ժամանակին, Պարսկաստանի մէջ կը գործէր 34 դպրոց։

Պուլկարիա
Սոֆիա, Պլովտիւ, Վառնա, Ռուսէ, Խասկով՝ մէկական դպրոց։ Աշակերտներու ստոյգ տուեալները կը պակսին։

Պրազիլ
Սան Փաւլօ.- «Դուրեան» ազգային վարժարան՝ մօտ 100 աշակերտ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Փառէն եւ Ռեգինա Պազարեան» վարժարան՝ մօտ 90 աշակերտ։

Ռուսաստան
Ըստ Ռուսաստանի պետական սահմանադրութեան, արգիլուած է փոքրամասնութիւններու համար մասնաւոր դպրոց հիմնել։ Մոսկուայի մէջ կը գործէ թիւ 2042 դպրոցը։ Այս դպրոցը «Արեւելեան լեզուներու դպրոց» կը կոչուի, աշակերտութեան մօտ 25% հայեր են, կը դասաւանդուին հայոց լեզու եւ պատմութիւն։ Ունի մօտ 180 հայ աշակերտ։ Ռուսաստանի մէջ կ՚ապրի (ստոյգ տուեալները կը պակսին) մօտ 2.800.000 հայ։ Միայն Մոսկուայի եւ արուարձաններու մէջ մօտ 900.000 հայ կայ եւ ոչ մէկ հայկական ամէնօրեայ դպրոց...։

Սուրիա
Սուրիոյ մէջ հայկական առաջին դպրոցը կը հիմնուի 1848ին, Քեսապի մէջ։
Հալէպ.- «Հայկազեան» նախակրթարան՝ 544 աշակերտ, ազգ. «Զաւարեան» նախակրթարան՝ 339 աշակերտ, «Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան» կրթական հաստատութիւն՝ 1.248 աշակերտ, Հայ Աւետարանական «Փէթէլ» երկրորդական՝ 333 աշակերտ, ազգ. «Սահակեան» նախակրթարան՝ 551 աշակերտ, ազգ. «Մեսրոպեան» նախակրթարան՝ 129 աշակերտ, «Կիլիկեան» ճեմարան՝ 347 աշակերտ, «Մխիթարեան» միջնակարգ վարժարան՝ 332 աշակերտ, ազգ. «Կիւլպէնկեան» նախակրթարան՝ 548 աշակերտ, «Քարէն Եփփէ» ազգ. ճեմարան՝ 1.093 աշակերտ, «Կրթասիրաց» երկրորդական վարժարան՝ 639 աշակերտ, «Զուարթնոց» նախակրթարան՝ մօտ 300 աշակերտ։ Հալէպ քաղաքի ընդհանուր դպրոցներու թիւ՝ 12, 6.393 աշակերտով։
Քամիշլի.- Ազգ. «Եփրատ» միջնակարգ՝ մօտ 700 աշակերտ։
Քեսապ.- Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ ճեմարան՝ մօտ 300 աշակերտ, Հայ Աւետարանական երկսեռ վարժարան՝ մօտ 50 աշակերտ։
Դամասկոս.- Ազգ. «Թարգմանչաց» միջնակարգ վարժարան՝ մօտ 250 աշակերտ, «Կիւլլապի Կիւլպէնկեան» վարժարան՝ մօտ 100 աշակերտ, ազգ. Միացեալ վարժարան՝ մօտ 140 աշակերտ։
Լաթաքիա.- «Ս. Յակոբեանց» միջնակարգ վարժարան՝ 325 աշակերտ։
Ռաքքա.- Ազգ. «Նուպարեան» նախակրթարան՝ մօտ 200 աշակերտ։
Ռաս էլ Այն.- Ազգ. Նահատակաց վարժարան
Հասաքէ.- Ազգ. «Մեսրոպեան» վարժարան։
Եագուպիէ.- Ազգ. «Վերածնունդ» վարժարան։
Վերջին երեք դպրոցներուն տուեալները կը պակսին։

Վրաստան
Ըստ տուեալներու, 2003-ին Վրաստանի մէջ կը գործէին 154 հայկական եւ խառն ուսուցմամբ դպրոցներ, 23.872 աշակերտով։
Թիֆլիս մայրաքաղաք՝ 5 դպրոց (4-ը՝ հայ-ռուսական), 420 աշակերտ։
Ասպինձայի շրջան, Դամալա գիւղ՝ 1 դպրոց, Ախալցխայի շրջան՝ 11 դպրոց, Բոլնիսի շրջան՝ 2 դպրոց, Մառնէուլիի շրջան՝ 10 դպրոց, Դէոթոփլիս Ծղարօ շրջան, Սաբաթլօ գիւղ՝ 1 դպրոց, Բորժոմի շրջան, Տաբածղուրի գիւղ՝ 1 դպրոց։ Ախալքալաքի շրջան՝ 55 դպրոց, 7.438 աշակերտ, Նինոծմինտայի շրջան՝ 28 դպրոց, 3.627 աշակերտ, Բորժոմի շրջան՝ 2 դպրոց, 145 աշակերտ, Ախալիխէի շրջան՝ 11 դպրոց, 1.431 աշակերտ, Ծալկայի շրջան՝ 12 դպրոց, 1.494 աշակերտ։
2010-2011 թուականի տուեալներով, 135 զուտ հայկական դպրոց, մօտ 15.500 աշակերտով։ Վրաստանի հայ բնակչութիւնը մօտ 320.000 է։

Քուէյթ
Քուէյթի ազգ. երկրորդական վարժարան՝ մօտ 400 աշակերտ։

Ֆրանսա
Փարիզ՝ 1 դպրոց, Լիոն՝ 1 դպրոց, Մարսէյլ՝ Համազգային-ի ճեմարան։ Աշակերտութեան թիւը մեզի յայտնի չէ։

Ուրեմն Սփիւռքի մէջ գործող ամէնօրեայ դպրոցներուն ընդհանուր գումարը 274 է։ Աշակերտութեան թիւը՝ մօտ 46.900 [2]։
Եթէ ի նկատի ունենանք, որ սփիւռքահայութեան թիւը մօտ 7.300.000 է, ապա 2.300.000 դուրս հանենք հաշիւէն՝ ձուլուած եւ հայութենէն հեռացած, կը մնայ 5.000.000 հայութիւն։ Բնակչութեան ընդհանրապէս 16% դպրոցական աշակերտներն են։ Ուրեմն, հինգ միլիոն հայութիւնը պէտք է ունենար 800.000 աշակերտ, 700-800 դպրոց. եթէ ամէն ինչ շատ լաւ ըլլար եւ մեր ազգային գիտակցութիւնը կատարեալ վիճակի մէջ գտնուէր։ Փաստօրէն, այս տարի Սփիւռքի տարածքին հայկական ամէնօրեայ դպրոց կը յաճախէ մօտ 6% միայն։
Հայու դիմադրական ոգին Սփիւռքի տարածքին պիտի պահէ եւ զարգացնէ ամէնօրեայ, բարձր մակարդակով հայ դպրոցը։ Վաղուան սերունդը իր հայեցի եւ ազգային դաստիարակութիւնը պիտի ստանայ հայ դպրոցին մէջ... ուրիշ ելք չկայ։
ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
«Նոր Կեանք»


[1] Պուէնոս Այրէսի մէջ եօթը հայկական ամէնօրեայ դպրոցներ կան (վեցը՝ նախակրթարան ու երկրորդական, մէկը՝ միայն նախակրթարան) (խմբ.)
[2] Յօդուածագիրը նկատի ունեցած չէ Իրաքի, Յորդանանի եւ Իսրայէլի դպրոցները (խմբ.)։

No comments:

Post a Comment