April 20, 2011

Ուսուցչաց տօն է այսօր

Սփիւռքեան տարապայման միջավայրի մէջ, հայ դպրոցը մեծ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ. մեր ոսկեղինիկ լեզուն եւ հայ մշակոյթը տեղատուութիւն կ՚ապրին այսօր։ Մեր դպրոցը լուրջ վտանգի դէմ յանդիման կը գտնուի, հայ վարժարաններուն մէջ հայազգի աշակերտութեան համրանքը տակաւ կը պակսի, հայեցի դաստիարակութիւնը հեռաւոր ազգականի կարգավիճակին մատնուած է, իր երբեմնի պատուանդանը կորսնցուցած։ Հիմնական համարուող օտար դասանիւթերու պատրաստութենէն ետք, հայ աշակերտը հազիւ թէ հարեւանցիօրէն անդրադառնայ հայերէն լեզուին եւ հայերէնի պարտականութիւններուն։
Հայ ծնողքի վերաբերմունքը եւս հիմնովին փոխուած է հայ դպրոցի, հայոց լեզուի եւ հայեցի դաստիարակութեան նկատմամբ։
Մեր հասարակութեան աչքին հայ դպրոցի պատկերը տժգունած է, աղաւաղուած, անցեալի նման պատուական եւ խնկարկելի տեղ չի գրաւեր, իսկ հայոց լեզուն երկրորդական, նոյնիսկ արհամարհուած դասանիւթ դարձած է։ Շատեր հայերէնի ուսուցումը հայ ուսանողի ուսումնառութիւնը ծանրաբեռնող աւելորդ միջոցառում կը համարեն։
Հայ ծնողքը մոռցած է, որ առանց հայոց լեզուի ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան հայ դպրոցը կը բովանդակազրկուի, իր ազգային պարունակէն հիմնովին կը դատարկուի։
Առանց հայոց լեզուով աւանդուող դասառարկաներու, հայ դպրոցը հայ դպրոց ըլլալէ կը դադրի։ Ուստի՝ ծնողներ, աշակերտներ, ուսուցիչներ եւ ազգային պատասխանատուներ վերադաս նպատակ պէտք է դաւանին հայերէն լեզուի ուսուցման որակաւորումը իր ծրագրերով, դասագիրքերով, մատուցման եղանակներով, օգտագործուած միջոցառումներով եւ ուսուցիչներով...։
Այլ խօսքով՝ հայոց լեզուի որակեալ ծրագիրը եւ հայերէնին տիրապետող մասնագէտ ու մանկավարժ ուսուցչի ապահովումը առաջնային հրամայական կը հանդիսանան հայ կրթօճախին համար։
Այսօր հայ գաղթաշխարհի մէջ, ինչպէս կանխաւ յիշատակեցինք, հայ դպրոցը ամէնուր տագնապներ կը դիմակայէ։ Անշուշտ մեր գաղութը եւս անմաս պիտի չմնար այդ դժուարութիւններէն։ Ընդհակառակը լուրջ անհանգստութիւններ եւ անհարթութիւններ կը խոչընդոտեն իր յառաջընթացը, կը փոթորկեն իր առօրեան։
Սուրիահայ մեր իրականութենէն ներս հայ դպրոցը յայտնուած է վերափոխութեան անմիջական հրամայականին դիմաց, եւ այդ՝ իբրեւ արդիւնք երկրէն ներս ծայր առած բարեկարգումներու պետական նախաձեռնութեանց։
. . . Պետութիւնը նիւթական մեծ ներդրումներ կը կատարէ կրթական մարզին, մասնաւոր ոլորտի կարգ մը դպրոցներ եւս դրամավարկաւորման եւ մասնագիտական նոր հնարաւորութիւններով հանդէս կու գան, մինչ մեր դպրոցները կը շարունակեն իրենց երբեմնի դասական ընթացքը։
Ուրեմն նոր կողմնորոշում, նոր վերաբերում եւ նոր մօտեցումներ աւելի քան կենսական են հայ դպրոցին բարեկարգման եւ արդիականացման համար։ Իսկ այդ արդիականացումը սոսկ կարկտանային կարգադրութիւններով կարելի չէ կենսագործել։ Հարկ է այլեւս զրահուիլ յառաջատուական եւ ապագայատեսիլ գաղափարներով, ծրագիրներով եւ կողմնորոշումներով, իսկ այս բոլորը մեր կրթական իրականութենէն ներս արմատացած սովորական ըմբռնողութեամբ եւ մօտեցումներով հնարաւոր չէ կենսագործել։
. . . Տարասփիւռ մեր իրականութեան մէջ հայ վարժարանը կոչուած է բազմակողմանի զարգացումով ու մանաւանդ իրաւ եւ տոկուն նկարագրով հայը պատրաստելու ազգանուէր աշխատանքին։
Հայ դպրոցին վիճակուած է ազգային նկարագիր կերտել, հայրենասիրութիւն ներշնչել, հայ գաղթօճախներու մէջ ուծացման դէմ պայքարիլ։
Սակայն, հակառակ համակողմանիօրէն տարուող բազմապիսի բարի եւ անխոնջ ճիգերուն, հայ վարժարանը մեր ազգային-հաւաքական ակնկալութիւններուն յագուրդ տուող բաղձալի վիճակէն հեռու կը մնայ տակաւին։
Գաղթաշխարհի մեր կեանքին մէջ, ուսումնակրթութիւնը ազգային հրատապ խնդիր է, եւ ազգային ճգնաժամային խնդիրներու առաջնայինը մեզի համար։ Ազգովին դժուար ընտրութեանց առջեւ ենք այսօր, ու պէտք ունինք իրատեսութեամբ, ամուր նկարագրով, գիտական հարուստ պաշարով, ազգային գիտակցութեամբ ու հաւաքական անկորնչելի արժէքներ պահպանելու կարող նո՛ր սերունդի մը...։
Իսկ այդ սերունդը հայ վարժարանին մէջ կը դարբնուի միայն։
Խմբ. «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»ի (Հալէպ)
(Հատուածներ)

No comments:

Post a Comment