Սբ. Ստեփանոս ազգ. վարժարանը յաջողութեամբ բոլորեց իր 30րդ դպրոցական տարեշրջանը: Մանկապարէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 19ին, իսկ Նախակրթարանի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 20ին, ներկայութեամբ մեծ թիւով ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանի հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն:
Երկու հանդէսներուն, տնօրէնուհին՝ Տիկին Հուրի Պոյամեանը ծանրացաւ դպրոցի յաջողութիւններուն վրայ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին, գրասենեակի անձնակազմին, Ծնողական Յանձնախումբին, դպրոցի խնամակալութեան եւ յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք կը նպաստեն դպրոցի վերելքին։