July 26, 2013

Հայկական առաջին միջգործօն (interactive) հէքեաթը՝ «Անահիտ», անվճար

165128
 


Յուլիս 11, 2008ին, առաջին գնորդը App Store-էն ձեռք բերաւ առաջին յաւելուածը (app): Առցանց խանութէն, առաջին հայկական միջգործօն հէքեաթը` Ղազարոս Աղայեանի «Անահիտ»ը,  այսօր ալ կրնաք անվճար ներբեռնել (download)։ Արդէն կէս տարիէն աւելի է, որ յաւելուածը յայտնուած է App Store-ի մէջ։ Այս առիթով PanARMENIAN.Net ի թղթակիցը խօսած է նախագծի հեղինակներէն մէկուն՝ ծրագրաւորող Վահրամ Գէորգեանի հետ:
«"Անահիտ"ը յաջողութիւն ունեցաւ, ընդունուեց թէ՛ մասնագէտների, թէ՛ հանրութեան կողմից, արդարացրեց բոլոր սպասելիքները», – ըսած է ան ու պատմած, որ այս ընթացքին յաւելուածը կատարելագործուած է, հասանելի դառնալով iPhone/iPod Touch-երու համար նախատեսուած տարբերակները, եւ ձայն աւելցած է` հայերէն ու անգլերէն լեզուներով:
Աշխարհի մէջ առաւել տարածուած նմանատիպ նախագիծերէն, օրինակ, «Ալիսը հրաշքներու աշխարհին մէջ» հէքեաթի յաջողութիւններուն կը զիջի, բայց եթէ հաշուի առնուին առարկայական պատճառներէն գոնէ մէկ քանին՝ պայմանաժամեր, կարողական սպառողներ, տարբերութիւնն ալ առարկայական կը դառնայ։
Ըստ Վահրամ Գէորգեանի, նախագիծը ի սկզբանէ ֆինանսական եկամուտ բերելու նպատակով ստեղծուած չէ, «բայց իմ ծախսած բոլոր միջոցները յետ եմ ստացել»:
Խնդիրը եղած է հայկական հէքեաթը հասանելի դարձնել հայ փոքրիկներուն՝ հետզհետէ աւելի կարեւորութիւն ստացող միջգործօն ձեւով, ինչ որ նաեւ աշխարհին ներկայանալու ձեւ է։ 
«Իսկ "Անահիտ"ի ամենակարեւոր ձեռքբերումն այն է, որ վերջերս իմացայ` այն օգտագործւում է աուտիզմով հիւանդ երեխաների բուժման ժամանակ», – ըսած է  հեղինակը:
Ան նշած է, որ հայկական միջգործօն ուրիշ հէքեաթ դեռ յայտնուած չէ App Store-ին մէջ,  «Անահիտ»ը կը մնայ առաջինն ու միակը, բայց հայ ծրագրաւորողները հետաքրքրական նորութիւններ ունին։ Անոնք նոր նախագիծ մը ստեղծած են՝ աւելի բարձրորակ նկարչութեամբ, նոր հնարաւորութիւններով, որ դարձեալ հայ գրականութենէն կը բխի։
 

No comments:

Post a Comment