July 10, 2013

Ո՞րքան հայերէն սորվեցնել եւ ինչո՞ւ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նման հարցում մը իսկ առաջին ակնարկով անիմաստ կրնայ թուիլ հայկական դպրոցի պարագային, եթէ նկատի չունենանք որ հայերէն լեզուի ուսուցումը կրճատելու քաղաքականութիւն մը լռելեայն կերպով կը կիրարկուի կամ կը հետապնդուի Սփիւռքի շատ մը գաղութներուն մէջ, երբեմն առաջնորդելով աղիտալի արդիւնքներու:
Խօսքը պետական սեղմումներուն մասին չէ, որոնց յաճախ հանդիպած ենք որոշ տարիներ Միջին Արեւելեան կարգ մը երկիրներու մէջ, կամ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ կիրարկուած լուռ քաղաքականութեան մը, որ կ՚՚ենթադրէ թէ հայերէնի ուսուցումը յաւելեալ ծանրութիւն մըն է հայ աշակերտի ուսին, որուն պատճառաւ ծնողքը այդ բեռը պիտի չուզէ տեսնել իր զաւկի վզին, կամ զայն պէտք է իջեցնել նուազագոյն աստիճանի ...:
Այս բոլորը որոշ «առասպելներ» կամ թիւրիմացութիւններ կը ստեղծեն, որոնց պէտք է անդրադառնալ առանձին- առանձին:

Ա. Մենք շատ հայերէն չենք տար
Այս մէկը քարոզչական կարգախօս մըն էր, որ երկար ատեն որոշ դպրոցներու կողմէ օգտագործուեցաւ՝ սիրաշահելու համար այն ծնողները, որոնք մտահոգ էին, թէ հայերէնը կը դժուարացնէ արդէն իսկ բաւական բարդ իրենց զաւակներու դպրոցական առօրեան: Վերջին երեք տասնամեակներու փորձը ցոյց տուաւ, որ նման դպրոցներ կա՛մ թուական անկում արձանագրեցին, կա՛մ փակուեցան, եւ կամ ալ ոչ հայ աշակերտներ ստիպուած եղան ընդունելու:
Վերջին հաշուով՝ երբ բաւարար հայեցի ուսում եւ գիտակցութիւն չես տար մանուկին կամ պատանիին, ինչո՞ւ կ՚՚ակնկալես որ ան իր զաւակը ապագային հայկական դպրոց ուղարկէ: Սակայն կը թուի որ հաւաքական ամնիզիայէ՝ յիշողութեան կորուստէ կը տառապինք եւ մէկ գաղութի փորձառութիւնը չուսումնասիրուիր ուրիշ գաղութի մը կողմէ: Կամ՝ դպրոցի մը կրթական կամ հոգաբարձական պատասխանատուները այնքան մը ծանօթ չեն մեր գաղութներու պատմութեան եւ նոյն սխալները կը կրկնեն: Այլ խօսքով՝ մեր ձեռքով իսկ կը կտրենք այն ճիւղը, որուն վրայ նստած ենք, այսինքն՝ բաւարար հայեցի դաստիարակութիւն չենք տար մեր զաւակներուն, որպէսզի իրենք եւս իրենց զաւակները ապագային հայկական վարժարաններ ղրկեն:

Բ. Խմբագի՞ր պիտի պատրաստենք
Յաճախ լսուած ուրիշ առարկութիւն մը կարգ մը պատասխանատուներէ եւ ծնողներէ, երբ հայ ուսուցիչը նուազագոյն բծախնդրութիւնը կը ցուցաբերէ հայերէն լեզուի նկատմամբ: Օտար լեզուներու կամ գիտութեանց ուսուցիչը կամ ուսուցչուհին կրնայ առաւելագոյնը պահանջել, կամ նոյնիսկ երբեմն տրամաբանականի սահմանները անցնիլ, սակայն այս գծով առարկութիւն չկայ: Թերեւս կը կարծենք որ այս մէկը անհրաժեշտ է մեր զաւակներուն ապագայ յաջողութեան համար, կամ ալ այս երեւոյթը պէտք է վերագրել ... դարերէն եկող մեր ստրկամտութեան, որ ազգայինը շարունակ կը քննադատէ, սակայն օտարին դիմաց կը խոնարհի կամ կը պապանձի:
Ո՛չ, խմբագիր պատրաստելու չափ հայերէն չենք տար այսօր, սակայն համեստօրէն կ՚՚ակնկալենք հայերէն ընթերցողներ պատրաստել: Իսկ խմբագրութիւնը նոյնքան ասպարէզային պատրաստութիւն կը պահանջէ, որքան այլ մասնագիտութիւններ: Սակայն երբ օտար լեզուներու պարագային այդքան պահանջկոտ ենք՝ նոյնիսկ ստորակէտի մը գործածութեան պարագային, կրնա՞յ պատահիլ, որ հայ պատանին չգիտնայ արեւմտահայերէնի բայերու ժամանակները ...
Տակաւին չեմ խօսիր այն ծնողներուն մասին, որոնք իրենց զաւակները հայկական դպրոց ղրկելով հանդերձ յաճախ կը կրկնեն՝ նախ թուաբանութիւնդ կամ ֆրանսերէնը սորվիր, հայերէնը այդքան ալ կարեւոր չէ, եթէ ժամանակ ունենաս՝ կը պատրաստես: Նման արտայայտութիւն մը ուղղակի կը սպաննէ մեր լեզուին հանդէպ երեխային շահագրգռութիւնը: Իսկ այդ ծնողները հայկական դպրոցը ընտրած են պարազապէս գիտնալով, որ ապահով միջավայր է եւ զաւակը հեռու կը պահէ կարգ մը ընկերային վտանգներէ:
 
Գ. Մենք ոգին կու տանք
Ահա մէկ-մէկ կրկնուած այլ արդարացում մը լեզուի կամ գրականութեան պահերը զեղչելու: Բնականաբար հայ ուսուցիչը պէտք է ոգեւորութիւն ու հետաքրքրութիւն ստեղծէ մայրենիին նկատմամբ, այլապէս հայերէնը եւս, դասաւանդուած որեւէ նիւթի պէս, կը վերածուի չոր ու ցամաք գիտելիքներու փոխանցման: Սակայն «ոգին» միայն տալը կը նմանի զինուորին առանց բաւարար պատրաստութեան, ազգային ճառ մը խօսելով ու խանդավառելով ռազմաճակատ ղրկելու: Ան կա՛մ առաջին ճակատամարտէն ետք պիտի նահատակուի, կա՛մ ալ յուսախաբ պիտի ըլլայ եւ նահանջէ:
Եթէ հայոց լեզուին, գրականութեան, պատմութեան, հայ եկեղեցւոյ հաւատալիքներուն ու հայ մշակոյթին բաւարար ծանօթութիւն չենք տար՝ ինչպէ՞ս կ՚ակնկալենք, որ հայ պատանին ու երիտասարդը ինքզինք գիտակից կամ յանձնառու հայ զգայ:
 
Դ. Հայերէնը կը խանգարէ պետական ծրագիրներու կիրարկումը
Ահաւասիկ այլ թիւրիմացութիւն մը, որ գիտակցաբար կամ տեղեկութեան պակասէն մեկնած կը տարածուի:
Բնականաբար, ամէն ծնողք հետամուտ է իր զաւկին լաւ դաստիարակութեան եւ հայ դպրոցը պարտաւոր է այս մէկը ապահովելու իր աշակերտներուն: Անգամ մր որ այս վստահութիւնը խախտի որեւէ դպրոցի նկատմամբ՝ ծնողք մը իր զաւակը պիտի տանի այլուր: Սակայն ե՞րբ մեր դպրոցները պետական ծրագիրները մինչեւ անոնց յետին մանրամասնութիւնը չեն կիրարկած: Իսկ Քեպէգի նման տեղ մը (ինծի այս մէկը առաւելաբար ծանօթ է), ուր պետական յատկացումներ կը կատարուին եւ դպրոցներու դասաւանդելու արտօնութիւնը պետական ծրագրի կիրարկումէն կախեալ է, կրնա՞յ տարբեր բան մը ըլլալ: Իսկ նման թիւրիմացութիւններ տարածող պարոններն ու տիկինները հարցուցա՞ծ են, թէ հայ դպրոցը ինչո՞ւ օրական մէկ ժամ աւելի երկար կը տեւէ: Բնականաբար այս յաւելեալ ժամն է, որ կը յատկացուի հայերէն լեզուի կամ պատմութեան դասերուն: Թերեւս հայերէնի կապակցութեամբ առարկող անձերը պիտի փափաքէին, որ այս ժամերն ալ տրամադրուին այլ նիւթերու դասաւանդման:
 
Ե. Զաւակս բաւարար հայերէն չի՞ գիտեր
Կը հասկնամ որ կարգ մը ծնողներու համար իրենց զաւկին հայերէնով հաղորդակցիլը իրենց մեծ-հայրերուն ու մեծ-մայրերուն հետ բաւարար է իբրեւ հայերէնի ճանաչման մակարդակ. հաց-պանիրի հայերէն մը պիտի ըսէին հիները: Լահմաժունի, չի-քիւֆթէի ու քեպապի հայերէն մը, որ հաց-պանիրի հայերէնէն քանի մը աստիճան նահանջած է՝ պիտի աւելցնեմ ես, որովհետեւ ինչպէս նշած գոյականներս կը յուշեն՝ նոյնիսկ հայերէն չեն այդ բառերը, այլ արաբերէնի, թրքերէնի եւ չեմ գիտեր ուրիշ ինչերէնի խառն այլասերած լեզու մը, զոր յաճախ կը լսենք: Առտնին հայերէնով կարելի չէ աւելի բարդ մտքեր արտայայտել կամ լուրջ գրութիւն մը հասկնալ: Եւ երբ մեր պահանջը միմիայն ա՛յս հայերէնն է, հայերէնը կը վերածուի սահմանափակ ժառանգական կան ժառանգաբար փոխանցուած լեզուի (heritage language), որ դատապարտուած է սերունդ մը ետք աւելի եւս տժգունելու կամ մեռնելու:
Երեխան գոնէ մէկ լեզուի կառոյցը պէտք է հասկնայ եւ գիտնայ, որուն վրայ կրնայ աւելցնել այլ լեզուի մը տիրապետումը: Իսկ այդ լեզուն, բոլոր ժողովուրդներու պարագային՝ մայրենին է: Եթէ երեխան մայրենիին չի տիրապետեր՝ բնականաբար այլ լեզուներու ալ չի տիրապետեր: Հարցը չշփոթենք. ես չեմ խօսիր այն աշակերտներուն պարագային, որոնք Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի մէջ կամ այլուր, տան մէջ առաջին օրէն այլ լեզու մը կը լսեն եւ բնականաբար այդ լեզուն կը դառնայ իրենց իրողական մայրենին: Մեր տղոց պարագային մայրենին հայերէնն է եւ եթէ անոր չտիրապետեն՝ չեն կրնար այլ լեզուներու տիրապետել:

Զ. Հայերէնը կը դասաւանդուի՞ ժամանակակից արհեստագիտութեամբ
Արդարօրէն ծնողները կը պահանջեն ժամանակակից արհեստագիտութեան՝ թեքնոլոժիի մուտքը հայ դպրոցէն ներս՝ հայերէն եւ օտար նիւթերու մատուցման պարագային: Իսկ այսօր համակարգիչներէն սկսեալ մինչեւ «խելացի» գրատախտակներու մուտքը (smart boards) ընդհանրացող երեւոյթ է գէթ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ: Ասոր կը հետեւին պետական պահանջներու պարտադրութեամբ հայերէնի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքները: Իսկ նորերու պարագային՝ այս հարցը բնականաբար լուծուած է, որովհետեւ անոնք իրենց մանկավարժական վկայականներով կը սկսին աշխատանքի:
Բայց արհեստագիտութիւնը օժանդակ միջոց մըն է միայն, վստահաբար ուսուցիչին եւ լեզուի ուսուցման համար օգտակար, սակայն կենսական կը մնայ բովանդակութիւնը, կենդանի եւ ուժական ծրագիրը, որ կը պատշաճի նորօրեայ պահանջներուն: Լեզուն խարիսխն է, որուն վրայ կը կառուցուին ազգային դաստիարակութեան մնացեալ տարրեը, եւ զայն կարելի չէ փոխարինել այլ նիւթերով:
Երբ արհեստագիտութեան եւ մասնագիտութեան հարցերը կը քննարկենք՝ հոս եւս մեր մօտեցումը հարցին մէկ երեսին միայն կը վերաբերի եւ երբեմն երկու չափ ու կշիռի կը հանդիպինք - վկայականը կը դառանայ առաջնահերթը, առանց հարցնելու թէ թեկնածուն բաւարար հայերէն դասաւանդելու պատրաստութիւնը ունի՞: Այս առընչութեամբ տխուր օրինակ մը պատմեցին Լոս Անճելըսի բարեկամներս այցելութիւններէս մէկուն ընթացքին - շրջանի տնօրէններէն մէկը պահանջած էր անգլերէն դասաւանդող հայ ուսուցչուհիներէն նաեւ ... հայերէն դասաւանդել, հակառակ անոր որ անոնք կ՚առարկէին, որ նման պարտաստութիւն չունին: Երբ տնօրէն մը վկայեալ կամ վկայուող անձի մը կ՚ըսէ, որ կրնաս հայերէն դասաւանդել, հայերէնը այնքան ալ կարեւոր չէ, արդէն հարուածած կ՚ըլլայ ազգային լեզուի ուսուցումը:
Իսկ քանի՞ անգամ աշակերտ մը չենք ընդունած, երբ բաւարար ֆրանսերէնը կամ անգլերէնը չունի, իսկ նոյն բծախնդրութիւնը ցոյց տուա՞ծ ենք, երբ երեխան իր մայրենին չի գիտեր կամ չ՚ուզեր սորվիլ: 

Ի՞նչ ըսել
Այս գծով կացութիւնը երբեմն այնքան ողբերգազաւեշտական կը դառնայ, որ մարդ կը շուարի ի՞նչ ըսել:
Քանի մը տարի առաջ, երբ Իւնեսքօն արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզուներու շարքին դասած էր, ձեռնարկի մը ընթացքին միութեան մը ներկայացուցիչը խօսք առնելով իր ընդվզումը յայտնեց, թէ ինչպէ՞ս Թէքէեանի եւ Վարուժանի լեզուն վտանգուած կամ մեռնող լեզուներու շարքին կարելի էր համարել: Լաւ տպաւորուեցայ իրմէ, մինչեւ որ քովէս մէկը նշեց, որ ենթական զաւակները իր իսկ հովանաւորած դպրոցէն հանած էր:
Երբեմն մարդ կը տարուի հարցնելու, թէ տեղ մը դաւադրութիւ՞ն մը կայ հայերէն լեզուին նկատմամբ: Կը հասկնամ որ կրթական կամ հոգաբարձական մարմինները միայն մանկավարժական հարցերով զբաղող մարմիններ չեն, նաեւ վարչական ու տնտեսական հարցեր կ՚ունենան լուծելիք: Սակայն ինչո՞ւ այդ մարմիններէն հետեւողականօրէն դուրս կը ձգուին հայերէնի նախկին փորձառու ուսուցիչներ կամ պատասխանատուներ: Թերեւս մտահոգութիւնը այն է, որ անոնք աւելի՞ հետամուտ պիտի ըլլան մեր լեզուի դասաւանդման:
Մարդուժի պակասը յաճախ առարկութեան նիւթ կը դառնայ, սակայն ո՞րքանով կ՚օգտագործենք նախկին հայերէնի պատրաստուած ուսուցիչները մեր լեզուի դասաւանդման այս կամ այն աշխատանքին ծրագրումին համար. Կամ գործի կը հրաւիրենք իրենք զիրենք փաստած ուժեր, երբ համապատասխան վկայականի մը պահանջը չկայ:
Ամէն առթիւ կը շեշտենք, որ հայ դպրոցն է խարիսխը գաղութի մը գոյատեւման, սակայն բաւարար լրջութեամբ չենք մօտենար հայեցի դաստիարակութեան, որուն արդիականացումն ու նոր պայմաններուն պատշաճեցումը մնայուն մարտահրաւէր է: Հայերէնը շատ աւելի մարդուժի եւ նիւթական միջոցներու կը կարօտի, քան օտար լեզուներու դասաւանդումը, քանի նախարարութիւն մը եւ մեծ հրատարակչական տուներ չկան անոր ետին: Իսկ մենք մեր միջոցներուն առաւելագոյնը ինչի՞ կը տրամադրենք, ո՞ւր կը գտնուին մեր առաջնահերթութիւնները:
Դժբախտաբար, ամէն անգամ որ մեր լեզուին նկատմամբ այս գիտակցութիւնը պակսած է՝ գաղութներ դատապարտուած են գունաթափման եւ ձուլումի: Իսկ գաղութներ այս ընթացքով փաստօրէն չեն մեռնիր, այլ անձնասպան կ՚ըլլան:

«Հորիզոն», Յունիս 20, 2013

No comments:

Post a Comment