June 04, 2013

Ֆիլատելֆիայի «Հայկազեան» ազգային վարժարանի ամավերջի հանդէսը

ՆԱՅԻՐԻ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ-ՊԱԼԱՆԵԱՆ
 
Մայիս 19, 2013ը եզակի օր մըն էր Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ընտանիքին համար, որ հաւաքուած էր վայելելու «Հայկազեան» ազգային վարժարանի ամավերջի հանդէսը։ Ան մեծ սիրով պատրաստուած ու նուիրուած էր հայ մօր։
Տնօրէնուհին՝ տիկին Նայիրի Աղաճանեան-Պալանեան, հետեւեալ խօսքերով ողջունեց աւելի քան 100 ներկաները.
«Պատմական Պեհիստունի պատին վրայ արձանագրուած նախաքրիստոնէական ազգերու շարքէն, միայն կը մնան պարսիկներն ու հայերը... Միւս հզօր ազգերը անհետացած են եւ պարսիկներն ալ իրենց մեծութիւնը կորսնցուցած ենԻսկապէս առեղծուած մըն է, որ հայ ազգին պէս թիւով փոքր ազգ մը ինչպէ՞ս կրցած է դէմ դնել ժամանակի դժուարութեան։
Հայ ժողովուրդի գոյատեւման առեղծուածին մաս կը կազմէ գլխաւորապէս հայ մայրը, որովհետեւ դժուար է որեւէ ազգի մէջ գտնել մայր մը, որ ըսէ.
Ու տես որդիս, ուր էլ լինես,
Այս լուսնի տակ ուր էլ գնաս,
Թէ մօրդ անգամ մտքիցդ հանես,
Քո մայր լեզուն չմոռանաս։
Հայ մօր համար իր ազգը, լեզուն եւ հայ դպրոցը իր անձէն առաջ կու գան։ Այդ պատճառաւ, երբ 1910ին հիմնուեցաւ ՀՕՄը, կանացի ամենամեծ միութիւնը, իր առաջին պատգամաւորական ժողովին նիւթերէն մէկը հայերէնի դասընթացքներ հիմնելն էր եւ այդ պատճառաւ հիմնուած են միօրեայ վարժարաններ, որոնցմէ մէկը՝ հպարտ ենք ըսելու, թէ «Հայկազեան» վարժարանն է, որ աւելի քան 75 տարիներէ ի վեր կը գոյատեւէ։  Հայ Առաքելական Եկեղեցին է, որ կուսակցութիւններու կողքին,  տէր կանգնեցաւ մեր ազգին եւ միանալով ՀՕՄի, ստեղծած է Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը, որ կը սատարէ մեզի»։
Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեանին, Խնամակալ Մարմնի անդամներուն՝ Մատոնա Գզիրեան, Շուշիկ Մահսերէճեան, Անիթա Յովսէփեան եւ Արփինէ Միլըր, աշակերտներուն, ուսուցիչներուն՝ Մայտա Կարապետեանի, Անուշ Յովսէփեանի եւ Սեւան Ադամեանի, եւ օգնական ուսուցիչներուն՝ Աննա Սելվերեանի եւ Սարին Կարապետեանի, եւ մասնաւորապէս ծնողներուն, որոնցմէ ոմանք կու գան մինչեւ իսկ Նիւ Ճըրզիէն ու Տելավէրէն։ 
Աշակերտները հանդէս եկան ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներով, որոնց յաջորդեց «Հայկազեան» վարժարանի քայլերգը, որմէ ետք աշակերտները արտասանեցին ու երգեցին երգեր ու արտասանութիւններ նուիրուած Հայ Մօր, Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Հայ Դպրոցի։ Մեր աշակերտուհիները մեծ ճարտարութեամբ ներկայացուցին Հայաստանի զանազան քաղաքները «Օրիորդ Հայաստանի շնորհքները» ծրագրով ու ապա երգեցին, պարեցին ու արտասանեցին։
Այնուհետեւ տնօրէնուհին շարունակեց. «Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2013ը հռչակած է Հայ Մօր Տարի”։ Կ՚ըսեն, թէ Աստուած բաւարար հրեշտակ չունենալով, մայրը ստեղծած է, որ երկրի վրայ հոգ տանի Տիրոջ զաւակներուն եւ ամէն կին, եթէ զաւակ ունի կամ ոչ, մայր է։ Մայրը սէր է եւ զոհողութիւն։  Կը սիրես զաւկիդ, կը գուրգուրաս ու անքուն գիշերներ կ՚՚անցնես։ Տարիներ ետք, երբ կը վիճակուի քեզի բախտը՝ մեծ մայր ըլլալու, սէրն ու բոլոր զոհողութիւնները կը շարունակուին։ Բոլոր մեծ մայրերն ալ գիտեն, որ աւելի դժուար է թոռնիկներուն հոգ տանիլը, քանի որ թէեւ հոգին յօժար է, սակայն մարմինը տկար, բայց Աստուած այնպիսի զօրաւոր սէր մը կու տայ, որ կը յաղթահարէ մարմնային դժուարութիւնները եւ քանի մը հատ ցաւի դեղ ալ աւելորդ կ՚առնես եւ առաքելութիւնդ կը կատարես։
Ուրեմն, այդ զոհաբերող մեծ ծնողներէն մեծ խումբ մը, ուրախ ենք, որ մեր մէջ կը գտնուին։ Այժմ կը խնդրենք, որ մեր աշակերտները իրենց մեծ ծնողները բեմ բերեն եւ վարդով մը եւ ոտանաւորով մը զիրենք յարգեն»։ Աշակերտները մեծ սիրով բեմ հրաւիրեցին իրենց մեծ ծնողները, որոնց հրամցուցին ծաղիկներ եւ անոնց նուիրուած արտասանութիւն մը։
Մեր վարժարանը առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած էր ՀՕՄի շարադրութեան մրցումին եւ մէկ հոգի՝ Էլիզապէթ Էսէնեանը առաջնութիւն շահած ըլլալուն, Տէր Հօր ձեռքէն ստացաւ ՀՕՄի նուէրը։  ՀՕՄի մեր երկու մասնաճիւղերը՝ «Անի» եւ «Արտեմիս», նուէրներ բաժնեցին մրցումին մասնակցող աշակերտներուն, առ ի քաջալերութիւն։ 
«Հայկազեան» վարժարանի ընտանիքը շատ երջանիկ էր, որովհետեւ ունէր արժանաւոր շրջանաւարտ աշակերտուհի մը, որ 8րդ կարգի աշակերտէ մը պահանջուած բոլոր հայերէն դասերը լրացուցած էր։ Տէր Հայրը Ալիսիա Հանտեանին տուաւ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի կողմէ վկայականը եւ թեմիս առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի կողմէ առաքուած «Նոր Կտակարան»ը։ ՀՕՄի «Արտեմիս» մասնաճիւղը նորատիպ «Հայաստանի պատմական ատլաս»ը նուիրեց շրջանաւարտին, որուն տրուեցաւ նաեւ Առաջին Հանրապետութեան անցագրէն օրինակ մը, որուն վրայ Ալիսիային պաշտօնը դեսպանուհի էր եւ զայն յանձնելով, փոխանակ ըսելու «Գացէք աշակերտեցէք ամենայն հեթանոսս», ըսինք՝ «Գնա եւ քու սորվածներդ սորվեցուր ուրիշներուն եւ մեր վարժարանէն ներս եկող տարի եղիր օգնական ուսուցչուհի»։
Մեր շնորհաւորութիւնները եւ յաջողութեան նորանոր մաղթանքները վարժարանին եւ աշակերտներուն։

                                                                 

No comments:

Post a Comment