Ինչպէս ծանօթ է, աւելի քան տարի մը առաջ Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ, Պիքֆայայի վանքին մէջ տեղի ունեցաւ արեւմտահայերէնի ներկայ կացութեան նուիրուած համասփիւռքեան համագումար մը: Մեկնելով արեւմտահայերէնի դիմագրաւած լուրջ դժուարութիւններէն, համագումարը առաջարկեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նախաձեռնէ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնախումբի մը յառաջացման կամ կաճառի մը ստեղծման:
Անցնող ամիսներուն ընթացքին, վեհափառը այս ուղղութեամբ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ համայնքապետերու, ինչպէս նաեւ մշակութային ու կրթական կառոյցներու եւ հայագէտներու հետ, որպէսզի իմանայ անոնց տեսակէտը այս ուղղութեամբ: Կատարուած խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ նշանակուեցաւ շուրջ 25 անդամներէ բաղկացած յանձնախումբ մը համասփիւռքեան տարողութեամբ: Յանձնախումբին Լիբանանի անդամները Հինգշաբթի, 12 Յուլիսին Վեհափառին նախագահութեամբ ունեցան իրենց անդրանիկ նիստը, որուն ընթացքին Վեհափառը ներկայացուց յանձնախումբի անդամներուն ամբողջական ցանկը, յանձնախումբի գործունէութեան իր պատկերացումը եւ ուղեցոյցը: Յիշեալ ուղեցոյցը պիտի ղրկուի յանձնախումբի բոլոր անդամներուն եւ իմանալէ ետք անոնց տեսակէտը, յառաջիկայ ամիս պիտի հրապարակուի ուղեցոյցը, յանձնախումբի անդամներուն անունները եւ յառաջիկայ ծրագիրները:
No comments:
Post a Comment