July 13, 2012

Փրովիտէնսի «Մուրատ» ազգային վարժարանի ամավերջի հանդէսը

Փրովիտէնսի «Մուրատ» ազգային  վարժարանի ամավերջի հանդէսը, նուիրուած` հայ գրքի տպագրութեան 500­ամեակին, տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունիս 10, 2012ին Գրէնսթընի «Հոփ Հայլէնտ»  դպրոցի սրահին մէջ: Տ. Կոմիտաս Ա. քհնյ. Պաղսարեանի էր բացման աղօթքէն ետք  երգուեցան  «Մեր Հայրենիք»  եւ «Թող Միշտ Պանծայ Մեր Հայ Դպրոց» քայլերգերը աշակերտութեան կողմէ։ Խնամակալ Մարմնի ատենապետ Պրն. Յակոբ Խաչատուրեան  յայտնեց իր շնորհակալական խօսքը տնօրէնուհի  Տիկ. Անահիտ Քիպարեանին, ուսուցչակազմին և ծնողներուն,  որոնց գործակցութեան շնորհիւ յաջող տարի մը եւս բոլորուեցաւ: Ան յայտնեց որ 2012 տարին  հռչակուած է «Հայ գիրքի տարի» Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ, որուն պատգամէն մէջբերելով  մատնանշեց  թէ  ինչպէս «Ոսկեդարէն մինչեւ մեր ժամանակները, հայ գիրքը եղաւ ամէնօրեայ աղբիւր լոյսի, յոյսի, հաւատքի եւ իմաստութեան, ուղեցոյց ու ճանապարհ քրիստոսակեդրոն եւ հայահոծ կեանքի»։
Մանկապարտէզի աշակերտները երգեցին «Ծափիկ, ծափիկ» եւ «Արեւ, արեւ» երգերը, որմէ ետք միջին կարգի աշակերտները արտասանեցին Ժագ Ս. Յակոբեանի «Հայերէն գիրք» քերթուածը։ Անգլիախօս դասարանի աշակերտներն ու փոքրերը մեծ խանդավառութեամբ երգեցին «Կը հնչէ զանգը» եւ «Հայաստանը պէտք է ծաղկի» երգերը, դաշնակի ընկերակցութեամբ երգի դասատու եւ շնորհալի դաշնակահարուհի Տիկ. Այտա Գալիքեանի: Աւարտական դասարանի աշակերտներն ու օգնական շրջանաւարտներէն  մէկ քանին առաջին անգամ ըլլալով  բեմ բարձրացան որպէս դերասաններ ու ներկայացուցին «Կիրակոս աղային ճաշարանը» ծիծաղաշարժ զաւեշտը, բեմադրութեամբ թատրոնի ուսուցիչ Պրն. Համազասպ Ռշտունիին, արժանանալով բուռն ծափահարութեան։
Տնօրէնուհի Տիկ. Անահիտ Քիպարեան խօսք առաւ ու շեշտեց հայ գիրքի կարեւոր դերը հայ դպրոցին, հայ ընտանիքին ու  հայ մանուկին հայեցի դաստիարակութեան  մէջ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց  այն ծնողներուն, Հ.Օ.Մ.ի  ու եկեղեցւոյ քոյր կազմակերպութիւններուն, որոնք յատկապէս օգտակար կ’ըլլան մեր դպրոցին իրենց ծառայութիւններով: Մեծ ուրախութեամբ ան յայտնեց թէ  յայտագրի երկրորդ բաժնով, ներկաներուն պիտի հրամցուէին սքանչելի պարեր ու երգեր բոլորովին նոր,  շատ ճոխ ու գունազարդ  տարազներով, նուիրուած եւ կարուած պատուական  ծնողի մը կողմէ, յանձին Տոքթ. Ազնիւ Չալըգեանին եւ իր ազնուափայլ մօր՝ Տիկ. Ազատ Օզցոլաքի։ Անոնց սիրայօժար նիւթական օժանդակութիւնը եւ ամիսներու տքնաջան  աշխատանքը  յայտնապէս արդիւնաբեր դարձան երբ բծախնդրօրէն ձեւուած, կարուած ու զարդարուած  հայկական ճաշակաւոր տարազներով  բեմ բարձրացան ժպտուն  աչքերով, հպարտ  կեցուածքով ու  խանդավառ   մօտ    35 աշակերտներ։  Մեր նախկին շրջանաւարտներէն Պրն. Ռաֆֆի Ռշտունիին տաղանդը որպէս  պարուսոյց ի յայտ եկաւ իր սորվեցուցած գեղեցիկ պարերով, յատկապէս «Նիննօ պար» եւ «Քէլէք վրէն», որոնք արժանացան բուռն ծափահարութեան։
Հանդէսին իւրայատուկ փայլ աւելցուց աւարտական դասարանի աշակերտուհի Անոյշ Չալըգեանը, որ այնքան հարազատօրէն մեկնաբանեց Կոմիտասի «Քելեր, ցոլեր» երգը իր դիւթիչ, թաւշային անոյշ ձայնով։
Ներկաներուն խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ երբ ամբողջ աշակերտութիւնը՝ բեմին վրայ շարուած, գեղեցիկ տարազներով, մեծ եռանդով կատարեց  նախ «Հայ ենք մենք» երգն ու պարը, մենակատարութեամբ նախկին շրջանաւարտ Շանթ Եկեանի,  ու ապա «Մենք ու մեր սարերը»  երգախառն պարը, առաջնորդութեամբ երգի դասատու Տիկ. Այտա Գալիքեանին, որուն երաժշտական  եւ ուսուցչական կարողութեան շնորհիւ այսպիսի բարձր որակի հանդէսներ կը ներկայացուին մեր դպրոցին կողմէ։
Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ, ընկ. Ճօյս Երեմեան կատարեց շարադրական մրցումի  մրցանակաբաշխութիւնը:  Մեր վարժարանի աշակերտներէն  մրցանակներ շահեցան Ճորճ Տօնոյեան եւ Տաթեւիկ Խաչատրեան: Տնօրէնուհին ներկայացուց շրջանաւարտ օգնականները՝ Մկրտիչ Արսլանեանը, Սեւան Զօպեանը, Յարութ Թաշեանը, Նարէ եւ Նարեկ Մկրտիչեանները,  որոնք կամաւոր կերպով ամբողջ տարին օգտակար դարձան դպրոցին,  ուսուցչուհիներու կողքին աշխատելով:  Շրջանաւարտ  օգնական ուսուցչուհի Նարէ Մկրտիչեան արժանացաւ Տօքթ. եւ Տիկ. Արա Սատանեանցի  հաստատած «Մակի Նալպանտեան» Կրթանպաստի Հիմնադրամի նուէրին, որ կը  յատկացուի համալսարան յաճախող «Մուրատ» ազգային վարժարանի շրջանաւարտի մը։
Յայտագրի աւարտին, եկեղեցւոյս հովիւ Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. քհնյ. Պաղսարեան իր խօսքով շնորհաւորեց  շրջանաւարտները, որոնք հանդէսէն առաջ մասնակցեցան Սուրբ Պատարագին,  արտասանելով «Հաւատամք»ը, կատարելով օրուան աւետարանի ընթերցումը, փոխանցելով ողջոյնը որպէս կրտսեր հոգաբարձուներ,  յոյս  ներշնչելով  բոլորիս որ անոնք ապագային  պիտի  մասնակցին մեր գաղութի կեանքին, մօտ մնալով հայ դպրոցին եւ եկեղեցիին: Իրենց վկայականները ստացան հետեւեալ  աշակերտները. Ճիօվանի Ագչեան, Կարէն Զօպեան, Փօլ Մինասեան, Ալիսա Պէյլի, իսկ Արման Գալիքեան, Յակոբ Թարաքսեան, Անոյշ Չալըգեան եւ Ճորճ Տօնոյեան  աւարտեցին պատուոյ յիշատակութեամբ։
Տնօրէնութեան, ուսուցչակազմի, եւ Չալըգեան ընտանիքի նման նուիրեալ ծնողներու ջանքերուն, նուիրումին, տքնաջան աշխատանքին ու համագործակցութեան  շնորհիւ այս աննախընթաց հանդէսը դարձաւ յիշատակելի օր մը դպրոցի պատմութեան մէջ։

                                             

No comments:

Post a Comment