2012 թուականին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ արտասահմանեան երկիրներու մէջ գործող հայկական կրթական օճախներու մէջ դասաւանդող հայագիտական առարկաներու ուսուցիչներուն, տնօրէններուն, ուսումնական մասի տեսուչներուն վերապատրաստման ծրագիրը:
- Ուսուցում մանկապարտէզի մէջ:
- Ուսուցում կիրակնօրեայ դպրոցի մէջ:
- Տարրական ուսուցում:
- Հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասաւանդումը նախակրթարանի եւ երկրորդականի մէջ:
- Դպրոցներու կառավարում:
- Լրացուցիչ կրթութեան` արտադասարանային դաստիարակութեան կազմակերպում:
- Ուսուցում կիրակնօրեայ դպրոցի մէջ:
- Տարրական ուսուցում:
- Հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասաւանդումը նախակրթարանի եւ երկրորդականի մէջ:
- Դպրոցներու կառավարում:
- Լրացուցիչ կրթութեան` արտադասարանային դաստիարակութեան կազմակերպում:
Դասընթացքները աւարտած ուսուցիչներուն պիտի տրամադրուին համապատասխան վկայագիրներ, ինչպէս նաեւ ուսումնամեթոտական գրականութիւն, դասագիրքեր եւ այլ նիւթեր:
Ծրագիրի ընթացքին դասընթացքներու կազմակերպման, ուսուցիչներու կեցութեան եւ շրջագայութեան ծախսերը, ծրագիրի բացման օրէն մինչեւ փակման օրը, կը ստանձնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Ճանապարհածախսը, ներառեալ` օդակայանէն մինչեւ պանդոկ եւ Հայաստան մուտքի արտօնագիրի ծախսերը կը հոգան մասնակիցները կամ համապատասխան կազմակերպութիւնները, կրթօճախները, բարերարները:
Հայաստան մուտքի օրը կը նկատուի ծրագիրի սկիզբի օրը` 9 Յուլիսը: Այն պանդոկի հասցէն, ուր պէտք է ժամանեն մասնակիցները, պիտի փոխանցուի աւելի ուշ:
Մասնակիցներուն կարելիութիւն կը տրուի նոյն պանդոկին մէջ մնալու Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան համար սահմանուած զեղչուած գիներով` Յուլիս 8-էն աւելի կանուխ ժամանելու եւ Օգոստոս 7էն աւելի ուշ մեկնելու պարագային:
Ծրագիրին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է մինչեւ Յունիս 4 ներառեալ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւն ներկայացնել.
1.- Ուսուցիչի կողմէ լրացուած եւ կրթական օճախի տնօրէնութեան կողմէ վաւերացուած դիմումը:
2.- Համայնքի, հաստատութեան կամ կազմակերպութեան կողմէ տրուած գործուղման տեղեկանք:
2.- Համայնքի, հաստատութեան կամ կազմակերպութեան կողմէ տրուած գործուղման տեղեկանք:
Մասնակցելու նախապատուութիւնը պիտի տրուի Հայաստան առաջին անգամ ժամանող եւ վերջին երեք տարիներուն վերապատրաստում չանցած ուսուցիչներուն: Մասնակցութեան պաշտօնական հաստատումները ուսուցիչները կը ստանան իրենց ելեկտրոնային հասցէով Յունիս 4-ի եւ 18-ի միջոցին : Եթէ պաշտօնական հրաւէր նամակի անհրաժեշտութիւն ըլլայ, կը խնդրուի զգուշացնել նախապէս:
Մասնակիցներուն համար նախատեսուած են նաեւ հանդիպումներ, ճանաչողական-ուսուցողական շրջապտոյտներ եւ մշակութային ծրագիր:
Յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է ստանալ Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան Սփիւռքի հետ կապերու բաժանմունքէն, հեռ. 374 10 58-13-91, ֆաքս. 374 10 52-52-07, ե-նամակ. spyurq@yahoo.com:
No comments:
Post a Comment