January 12, 2012

Պայմանագրեալ դպրոցներ (Charter Schools)

ԳԱԲՐԻԷԼ ԻՆՃԷՃԻԿԵԱՆ

Ի՞նչ են պայմանագրեալ դպրոցները (Charter Schools) եւ ինչո՞ւ կը կարծեմ, որ անոնք ամերիկահայ նոր սերունդին հայերէն սորվեցնելու ոսկի առիթ են:
Գալիֆորնիոյ մէջ պայմանագրեալ դպրոցներու օրէնքը անցաւ 1991ին, նկատի ունենալով, որ նահանգին հանրային դպրոցներէն շատերը չեն յաջողիր բարձր մակարդակով կրթութիւն փոխանցել շատ աշակերտներու: Օրէնքը արտօնութիւն կու տայ անհատներու կամ կազմակերպութիւններու, որ հանրային կիսանկախ դպրոցներ հաստատեն եւ զանոնք կառավարեն, պայմանաւ, որ նոր ստեղծուած պայմանագրեալ դպրոցները իրենց շրջանի միւս հանրային դպրոցներէն աւելի բարձր մակարդակով կրթութիւն փոխանցեն: Եթէ յաջողին, ապա անոնց արտօնագիրը հինգ տարին անգամ մը կը նորոգուի, իսկ ձախողեու պարագային, անոնք կը կորսնցնեն այդ արտօնագիրը:
Երկու տեսակի պայմանագրեալ դպրոցներ կան: Անոնցմէ առաջինը մէջտեղ կու գայ, երբ գոյութիւն ունեցող հանրային վարժարան մը կը վերածուի պայմանագրեալ դպրոցի, իսկ
միւսը՝ երբ բոլորովին նոր դպրոց մը կը հաստատուի:
Պայմանագրեալ դպրոցները պարտաւոր են նահանգին պահանջած նիւթերը դասաւանդելու եւ անկէ ետք միայն արտօնութիւն կ՛ունենան յաւելեալ նիւթեր դասաւանդելու, ինչպէս՝ օտար լեզուներ, աւելի երկար դպրոցական օր եւ տարի: Կրօնքի դասաւանդութիւնը արտօնուած չէ:
Պայմանագրեալ դպրոցները, իրենց աշակերտութեան թիւին համեմատ, նահանգային եւ պետական նոյն նպաստները կը ստանան, ինչպէս միւս հանրային դպրոցները, եւ իրաւունք չունին ծնողներէն վճարում պահանջելու: Անոնք նաեւ իրաւունք չունին ոեւէ աշակերտ մերժելու: Եթէ շատ աշակերտներ դիմած են, ապա վիճակահանութեամբ կ՛ընտրուին աշակերտները: Ընտրուած բոլոր աշակերտները պարտաւոր են հետեւելու դպրոցի ծրագիրին: Կամաւոր կերպով, ծնողներ ազատ են նուիրատուութիւն կատարելու՝ դպրոցի յաւելեալ բարօրութեան համար: Նաեւ, խնամակալ մարմինը, դպրոցը աւելի զարգացնելու համար, կրնայ հանգանակութիւն կատարել:
Ինչո՞ւ պայմանագրեալ դպրոցներու օրէնքը ոսկի առիթ է մեր նոր սերունդի աւելի մեծ թիւով երեխաներուն հայերէն եւ հայ մշակոյթ փոխանցելու:
Ներկայիս, Գալիֆորնիոյ աւելի քան 60,000 հայ աշակերտութեան նուազ քան 10 տոկոսը հայկական ամէնօրեայ կամ շաբաթօրեայ վարժարան կը յաճախէ: Այս տխուր երեւոյթին
կարեւոր պատճառներէն մէկը վստահաբար կրթաթոշակն է:
Երկու տարի առաջ, Գալիֆորնիոյ առաջին պայմանագրեալ դպրոցը՝ «Արարատ»ը, Վէն Նայսի մէջ սկսանք՝ խումբ մը նուիրեալ ազգայիններով, մանկապարտէզէն մինչեւ 3րդ
դասարան, 120 աշակերտներով: Այս տարի, մանկապարտէզէն մինչեւ 4րդ դասարան, աշակերտներուն թիւը բարձրացաւ 257ի: Այս տարի երեք նոր մանկապարտէզի դասարան բացինք 66 աշակերտի համար, բայց 140 նոր դիմում ստացանք եւ ստիպուած՝ ցաւ ի սիրտ՝ միայն 66 աշակերտ կրցանք ընդունիլ վիճակահանութեամբ:
Մինչեւ 1964 թուական, ամերիկահայութիւնը ամէնօրեայ հայկական վարժարան չունէր: Լիբանանահայութեան քաջալերանքով, «Ֆերահեան» ամէնօրեայ վարժարանը սկսաւ 12
աշակերտներով: Հայ համայնքին ղեկավարութեան ջանքերուն իբրեւ արդիւնք, յաջորդ 25 տարիներուն, 25 ամէնօրեայ հայկական վարժարաններ բացուեցան Ամերիկայի տարածքին՝ շուրջ 6000 աշակերտներով:
Դժբախտաբար, վերջին 20 տարիներուն եւ հակառակ ամերիկահայութեան թիւի աւելի քան կրկնապատկուելուն, ամէնօրեայ հայ վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներուն թիւը զգալիօրէն նուազած է: Դարը փոխուած է. պայմաններն ալ փոխուած են: Ժամանակին, ամերիկեան հանրային վարժարանները օտար մշակոյթներէ եկող աշակերտներուն կ՛ըսէին. «Մոռցէ՛ք ձեր անցեալը եւ ձուլուեցէ՛ք ամերիկեան մշակոյթին մէջ»: Այժմ անոնք կ՛ըսեն, թէ պէտք է փորձենք պահպանել մեր լեզուն եւ մշակոյթը, որպէսզի աւելի ճոխացնենք Ամերիկան:
Պահենք եւ զարգացնենք մեր ամէնօրեայ հայ վարժարանները, բայց նոյն ատեն՝ բազմացնենք հայերէն եւ հայ մշակոյթ դասաւանդող պայմանագրեալ կիսանկախ համայնքային վարժարանները:
«Արարատ» պայմանագրեալ վարժարանը Լոս Անճելըսի համայնքային բազմահարիւր վարժարաններէն միակն է, որ մանկապարտէզէն սկսեալ, բոլոր աշակերտներուն, անգլերէնի կողքին, պարտադիր կը դասաւանդէ հայերէն եւ սպաներէն: Աշակերտներուն 95 տոկոսը հայ է:
Անկեղծօրէն, կը յուսամ, որ տասնամեակներ եւս պէտք պիտի չըլլայ, որ մեր ղեկավարութիւնը գործի լծուի՝ մեր երեխաներուն 90 տոկոսին եւս հայերէն լեզուն եւ հայ մշակոյթը փոխանցելու:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ փափաքողները, կը խնդրեմ, որ հեռաձայնեն ինծի՝ (818) 885-5232 թիւով, ու հաճոյքով կ՛ընդառաջեմ:

«ԱՍՊԱՐԷԶ», Դեկտեմբեր 30, 2011

No comments:

Post a Comment