December 11, 2014

Ունենալու ենք ամե՛ն տան մէջ

 ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Հայաստանի պատմական ատլաս»-ը։
Անպայմա՛ն ունենալու ենք։
Ունենալու ենք՝ տեւաբար վերադառնալու համար անոր, սերտելու համար մեր բազմահազարամեայ պատմութիւնը իր ընդհանուր գիծերուն մէջ՝ իր նուաճումներով ու յաղթանակներով, ճանչնալու համար մեր դրախտավայր երկիրը իր աշխարհագրութեամբ, սահմաններով եւ իր բնական ու մշակութային հարստութիւններով, այլեւ վերանորոգուելու ու մեր արդար իրաւունքներուն կառչելու համար աւելի ամրօրէն։
Վերջերս լոյս տեսաւ ան. աւելի ճիշդ է ըսել՝ 2012-ին, առաջին հրատարակութենէն 25 տարի ետք ընթերցողին մատուցուեցաւ «Ատլաս»ի երկրորդ հրատարակութիւնը՝ դարձեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ամերիկայի (1987-ին՝ նաեւ Գանատայի) Արեւելեան թեմի Ազգային ուսումնական խորհուրդին կողմէ (anec@armenianprelacy.org)։
Անցնող նոյեմբեր 20-ին, Կիլիկեան թեմի Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ի Մոնրէալ, Տ. Մեղրիկ Առաջնորդ սրբազան հօր հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ գրքին շնորհանդէսը։ Զայն ներկայացնողը եղաւ նոր հրատարակութեան խմբագիրը՝ պատմաբան, գրականագէտ, հայ մամուլի սպասարկու եւ Ազգային ուսումնական խորհուրդի վարիչ-տնօրէն դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Ան յատկապէս շեշտեց սոյն գործին կարեւորութիւնը։
Արդարեւ, «Հայաստանի պատմական ատլաս»-ը (ՀՊԱ) երբ առաջին անգամ լոյս կը տեսնէր, կը հանդիսանար ու տակաւին կը հանդիսանայ միակ հայերէն-անգլերէն ատլասը (երկար ատենէ ի վեր սպառած ու գրեթէ անգտանելի), իսկ մինչեւ Robert Hewsen-ի (ծագումով Հիւսեան, եթէ չեմ սխալիր) Armenia: A Historical Atlas-ի հրատարակութիւնը 2001-ին՝ կը մնար Հայաստանի առաջին ու միակ անգլերէն արդի ատլասը։ Աւելի՛ն. մինչեւ 2004-2012 յաջորդաբար Երեւան հրատարակուած եռահատոր «Հայաստանի պատմութեան ատլասը» (Բաբգէն Յարութիւնեանի) ու 2007-2008՝ երկհատոր «Հայաստանի ազգային ատլաս»-ը, որ կոթողական մեծադիր գործ մըն է, 1987-ին հրապարակ հանուած մեր ՀՊԱ-ն էր հայերէն ժամանակակից միակ ատլասը։ Այսօր ալ Բ. հրատարակութիւնը (109 էջ) բացառաբար մատչելի ատլասն է մեզի համար, քանի որ Երեւան լոյս տեսածները դժուար է ձեռք ձգել, եթէ ոչ գրեթէ անհնար։
Ի՞նչ է տարբերութիւնը ՀՊԱ-ի 1987-ի եւ 2012-ի հրատարակութեանց։
Առաջին հերթին տպագրութեան ձեւը։ Նորը թուայնացած է եւ գրքին հետ կը ստանանք նաեւ խտասալիկ մը՝ բոլոր 30 քարտէսներով։ Ասոր առաւելութիւնը այն է, որ գալիք հրատարակութիւնները կատարելու ատեն շատ աւելի դիւրութեամբ եւ շատ աւելի արագ կարելի է իրականացնել սրբագրութիւններ, փոփոխութիւններ, յաւելումներ եւ այլն։
Երկրորդ՝ մինչ առաջին հրատարակութիւնը ունէր երկգոյն քարտէսներ ու միայն սեւ-ճերմակ նկարներ, յաճախ պատճէններէ առնուած, երկրորդը ամբողջութեամբ գունաւոր է (բազմագոյն) ու 174 լուսանկարներէն 148-ը գունաւոր են, բնօրինակներէ առնուած, իսկ սեւ ճերմակ են ընդհանրապէս հին, պատմական նկարները։ Միայն այս իրողութիւնը արդէն հրատարակութիւնը կը դարձնէ աւելի հրապուրիչ։ Այստեղ տանք զկայսերն կայսեր, ու նշենք՝ լրացուցիչ քարտէսները պատրաստած է Ռոպըրթ Հիւսըն, զանոնք գծած իսկ հիները վերագծած է Քրիստոֆըր Սալվաթիքօ, անոնց վրայ հայերէն գրութիւնները զետեղած է Արա Տէր Յարութիւնեան, ձեւաւորումը կատարած է Խաժակ Զէյթլեան, իսկ Հրայր Բազէ տրամադրած է նոր լուսանկարներուն մէկ մասը։
Երրորդ տարբերութիւնը կը վերաբերի բովանդակութեան։ Այս մասին Ազգային ուսումնական խորհուրդը գրքին «Յառաջաբան»ին մէջ կը գրէ. «Քաղուածաբար օգտուելով առաջին հրատարակութենէն, կազմուած է հիմնովին նոր շարադրանք մը, ուր նաեւ տարբեր ժամանակաշրջաններու ներկայացումը ճշգրտուած ու բարեփոխուած է՝ ըստ վերջին գիտական նորութիւններու»։ Այլեւ, «մանկավարժական նկատառումներով, ջանք խնայուած չէ հատորին ընթեռնելիութիւնը ապահովելու։ Առ այդ թէ՛ ոճական եւ թէ՛ փաստական տեսակէտներով, աշխատանք տարուած է բնագիրը մանրամասնութիւններով չծանրաբեռնելու եւ հասկնալի պահելու իր խտացեալ ձեւին մէջ»:
Գլխաւոր ստորաբաժանումները կը մնան գրեթէ նոյնը՝ «Պատմական Հայաստանի ամփոփ աշխարհագրութիւնը», «Պատմական Հայաստանի մշակութային ժառանգութիւնը», «Պատմական Հայաստան», որ կþընդգրկէ նոր գլուխ մը նուիրուած Հայաստանի երկրորդ անկախութեան, «Հայերն այսօր», որ կը բովանդակէ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի (ԼՂՀ) նոր գլուխները, ինչպէս նաեւ նոր ստորաբաժանում մը՝ «Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին»։ Ատլասը կը փակուի անուններու ցանկով մը։ Զեղչուած է հայոց պատմութեան կարեւոր թուականներու աղիւսակը։ Հոս եւս յիշենք մի քանի երախտաւորի անուններ՝ Մայքըլ Փափազեան, որ պատրաստած է Հայ եկեղեցւոյ նուիրուած գլուխը, Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, որ նոյնը թարգմանած է հայերէնի, եւ Այրիս Փափազեան, որ անգլերէնի սրբագրութիւնները կատարած է։
Վերջապէս աւելցնեմ, որ այս արժէքաւոր գիրքը լոյս տեսած է հայ տպագրութեան 500-ամեակին առթիւ, մեկենասութեամբ Յակոբեան ընտանիքին՝ ի յիշատակ Երուանդ եւ Սրբուհի Յակոբեաններու, եւ հրամանաւ Տ. Օշական արք. Չոլաքեանի՝ Առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի։
Կասկած չկայ, որ Սփիւռքի իւրաքանչիւր դպրոցի իւրաքանչիւր աշակերտ օրինակ մը տուն պէտք է տանի «Հայաստանի պատմական ատլաս»-էն։ Մեր վարժարաններն ու պատկան մարմինները թող մտածեն այս մասին։ Նաեւ մեր ծնողները։

«Հայրենիք», Դեկտեմբեր 11, 2014

No comments:

Post a Comment