ԳԱԲՐԻԷԼ ԻՆՃԷՃԻԿԵԱՆ
Ի՞նչ են պայմանագրեալ դպրոցները (Charter Schools) եւ ինչո՞ւ կը կարծեմ, որ անոնք
ամերիկահայ նոր սերունդին հայերէն սորվեցնելու ոսկի առիթ են:
Գալիֆորնիոյ մէջ պայմանագրեալ դպրոցներու օրէնքը անցաւ 1991ին, նկատի ունենալով, որ նահանգին հանրային դպրոցներէն շատերը չեն յաջողիր բարձր մակարդակով կրթութիւն փոխանցել շատ աշակերտներու: Օրէնքը արտօնութիւն կու տայ անհատներու
կամ կազմակերպութիւններու, որ հանրային կիսանկախ դպրոցներ հաստատեն եւ զանոնք կառավարեն, պայմանաւ, որ նոր ստեղծուած պայմանագրեալ դպրոցները իրենց շրջանի
միւս հանրային դպրոցներէն աւելի բարձր մակարդակով կրթութիւն փոխանցեն: Եթէ յաջողին, ապա անոնց արտօնագիրը հինգ տարին անգամ մը կը նորոգուի, իսկ ձախողեու
պարագային, անոնք կը կորսնցնեն այդ արտօնագիրը: