December 09, 2011

Արեւմտահայերէնի քերականութեան դասագիրքերու այլազանութիւնն ու անկէ յառաջացած շփոթը

Ուսումնական աշխատանքի ճիշդ կազմակերպման, անոր արդիւնաւէտութեան եւ նպատակայնութեան համար ուսուցիչը, բացի իր մանկավարժական կրթութենէն եւ փորձառութենէն, ինչպէս նաեւ ուսուցման համար անհրաժեշտ պայմաններէն, իր ձեռքին տակ անպայման պէտք է ունենայ իր դասաւանդած նիւթին ծրագիրը, դասագիրքը եւ տուեալ նիւթը դասաւանդելու մեթոտաբանութիւնը: Առանց այս երկուքին` ուսուցիչը չի կրնար ապահովել ուսուցման աշխատանքի արդի գիտամանկավարժական անհրաժեշտ մակարդակը: Ուրեմն այսօրուան դպրոցն ու դասը դժուար է պատկերացնել առանց ծրագիրի, դասագիրքի եւ մեթոտաբանութեան:
Հայերէնի դասաւանդման ծրագիրը, դասագիրքը եւ մեթոտաբանութիւնը սերտօրէն կապուած են իրարու, փոխադարձօրէն կ՛ամբողջացնեն զիրար, թէեւ ներկայիս ուսուցման գործին մէջ ելակէտայինը ծրագիրն է, իսկ դասագիրքն ու մեթոտաբանութիւնը կը բխին ծրագիրէն, ատոր համար ալ ուսումնական ծրագիրներու փոփոխութիւնը համապատասխան փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը կը ստեղծէ նաեւ դասագիրքերուն եւ մեթոտաբանութեան մէջ:
Այժմ աւելի որոշակի խօսինք դասագիրքին մասին, տրուած ըլլալով, որ մեր նիւթը արեւմտահայերէնի դասագիրքերուն մասին է:
Դասագիրքը այն գիրքն է, որուն մէջ, ըստ ծրագրի պահանջներուն, ուսուցման նպատակով որոշակի գիտական եւ ուսուցողական համակարգով շարադրուած են դասաւանդուելիք նիւթին գիտական հիմունքները:
Դասագիրքը իր բովանդակութեամբ պէտք է համապատասխանէ տուեալ գիտութեան ժամանակակից մակարդակին, ուսուցողական նկատառումով երբեմն նիւթին շարադրանքը կրնայ շատ պարզեցուած ըլլալ, սակայն, ըստ էութեան, անիկա երբեք պէտք չէ հակասէ գիտութեան տուեալներուն, պէտք չէ անտեսէ գիտականութեան սկզբունքը: Իր կառուցուածքով եւ նիւթի շարադրանքին ձեւով դասագիրքը պէտք է համապատասխանէ ուսուցողական ու հոգեբանական պահանջներուն, որովհետեւ ատոնք են, որ պիտի ապահովեն դասագիրքին առաջադրած նիւթին իւրացումը: Դասագիրքին մեթոտական մշակուածութիւնը պէտք է համապատասխանէ տուեալ նիւթին մեթոտաբանութեան պահանջներուն, պէտք է ապահովէ մանուկներու յիշողութեան ու հետաքրքրութիւններու, խօսքի ու մտածողութեան, կարողութիւններու եւ հմտութիւններու զարգացումը, անոնց մէջ պէտք է մշակէ գիրքին վրայ աշխատելու, գիրքէն ինքնուրոյնաբար գիտելիքներ քաղելու կարողութիւն:
Դասագիրքը ընդհանրապէս տուեալ գիտութեան հիմունքները ներկայացնող իր բովանդակութեամբ, այդ բովանդակութիւնը մարմնաւորող լեզուով, իր ուսուցողական-մեթոտական կառուցուածքով, իր տպագրական ու նկարչական ձեւաւորումով պէտք է մատչելի ըլլայ այն տարիքի մանուկներուն եւ պատանիներուն, որոնց համար նախատեսուած է, ան պէտք է նպաստէ անոնց մտաւոր զարգացման, անոնց մէջ զարգացնէ գեղագիտական ճաշակը եւ ազգային-հայրենասիրական բարոյականութեան չափանիշներն ու սկզբունքներ:
Դասագիրքին մէջ խստօրէն պէտք է յարգուած ըլլայ առանձին բաժիններու, գլուխներու, բնաբան-նիւթերու, ենթանիւթերու միջեւ եղած օրկանական կապը, ինչպէս նաեւ ասոնցմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ունենայ իր ներքին աւարտուածութիւնը` տրամաբանական ծրագիրի, յաջորդականութեան, կապի եւ փոխանցումներու հետեւողական պահպանումով: Լեզուն պէտք է ըլլայ պարզ ու մատչելի, գեղարուեստական ձեւաւորումը` ճաշակով, նկարազարդումները` լաւապէս մտածուած ու պատճառաբանուած, որովհետեւ նկարը ոչ թէ գիրքը պարզաբանելու, այլ անոր դժուար բաժինները մատչելի ու զննական դարձնելու խնդիր ունի. առ այդ, դասագիրք կազմելու ժամանակ ասիկա միշտ պէտք է նկատի ունենալ` իբրեւ դասագիրքին կարեւորագոյն պահանջներէն մէկը:
Դասագիրքը պէտք է ապահովէ աշակերտներու համակողմանի ու ներդաշնակ զարգացումը, պէտք է վարժեցնէ ինքնուրոյն աշխատանքի եւ ատոր շնորհիւ եզրակացութիւններու յանգելու, դատողութիւններ ընելու, երեւոյթներն ու փաստերը համեմատելու եւ հակադրելու, փաստերէն հետեւութիւններ ընելու եւ տրամաբանական հետեւութիւնները փաստերով հաստատելու մտածողութեան: Անիկա պէտք է զարգացնէ աշակերտներու ճանաչողական հետաքրքրութիւններ, սորվեցնէ բացատրելու, հիմնաւորելու, պատճառաբանելու եւ ընդհանրացնելու տրամաբանական մտածողութեան ձեւերն ու եղանակները, որոնք բացառիկ կարեւոր նշանակութիւն ունին աշակերտներու մտաւոր զարգացման համար:
Այսօրուան դասագիրքը, անկասկած, շատ բարդ ու բազմակողմանի գիտական, ուսուցողական ու մեթոտական կառոյց մըն է, որուն մէջ ամէն ինչ չափի ու ձեւի տակ դրուած է եւ պէտք է կարենայ դիմանալ տուեալ գիտութեան ձեռք բերած արդի մակարդակին:
Տարրական եւ նախակրթական դասարաններու հայոց լեզուի արդի դասագիրքերը երկու տիպի են` ընթերցարաններ, որոնց մէջ տրուած են կարդալու վարժեցման, խօսքի եւ մտածողութեան զարգացման համար մատչելի ու գեղեցիկ լեզուով գրուած գեղարուեստական բնոյթի նիւթեր. կան նաեւ քերականութեան դասագիրքեր, որոնց մէջ շարադրուած են լեզուական այն օրէնքներն ու կանոնները, որոնց ուսուցումը այդ տարիքի աշակերտներու համար անհրաժեշտութիւն է` անոնց խօսքի ու մտածողութեան զարգացումը եւ մայրենի լեզուի գիտակցուած ուսուցումը գիտական հիմքերու վրայ դնելու համար:
Արդի դասագիրքերուն մէջ նիւթերը տրուած են բնաբաններու խմբաւորումով եւ այն յաջորդականութեամբ, որ պիտի օգտագործուին դասաւանդման ընթացքին: Նախ անհրաժեշտ յաջորդականութիւն ու աստիճանականութիւն կը մտցուի բնաբաններու խումբերուն միջեւ, կ՛որոշուի, թէ ի՛նչ յաջորդականութեամբ անոնք պէտք է ուսումնասիրուին, իսկ ապա անհրաժեշտ յաջորդականութիւն կը ստեղծուի նաեւ բնաբանի նիւթերու խումբին մէջ` անոր մէջ ընդգրկուած նիւթերու ուսումնասիրութեան համար որոշակի կարգ ու աստիճանականութիւն հաստատելու համար:
Ուսումնառութեան ամբողջ հոլովոյթին մէջ շատ կարեւոր է հայոց լեզուին դերը, քանի որ ան հայ մարդուն մտածողութեան հիմնական եւ կարեւորագոյն միջոցն է: Մայրենի լեզուն սեփական միտքերը, ապրումները արտայայտելու, մարդոց հետ հաղորդակցելու, բնութեան, ընկերութեան եւ մարդու մասին բազմաբնոյթ գիտելիքներ ստանալու բացառիկ կարելիութիւններ կը ստեղծէ:
Դարձեալ, ուսումնառութեան հոլովոյթին յաջողութեան կարեւոր գրաւականներն են լաւ դասագիրքը, իր դասաւանդած նիւթին գերազանցօրէն տիրապետող բանիմաց ուսուցիչը, դպրոցի տնօրէնութեան եւ աշակերտներու ծնողներուն գիտակցութիւնն ու շահագրգռուածութիւնը:
Մայրենի լեզուի իւրաքանչիւր նոր դասագիրք անկասկած որ կարեւոր երեւոյթ մըն է ժողովուրդի մը մշակութային կեանքին մէջ: Այս պարագային նկատի ունինք արեւմտահայերէնի անգնահատելի դերը մեր ամէնօրեայ կեանքի պայքարին մէջ` հայօրէն ապրելու, հայօրէն մտածելու եւ հայօրէն գոյատեւելու:
Հայերէնագիտութիւնը ունի աշխատութիւններու, դասագիրքերու ստեղծման դարաւոր աւանդներ, եւ այս առումով դժուար է նոր դասագիրք մը պատրաստող հեղինակի մը գործը: Նոր դասագիրք մը գնահատելու եւ արժեւորելու համար զայն կը բաղդատեն նմանատիպ նախորդին հետ` մատնանշելով անոնց առաւելութիւններն ու թերութիւնները: Այս պարագային, բնականաբար, այս բաղդատութիւնը կ՛ըլլայ ի վնաս նորին, որովհետեւ մարդիկ վարժուած են նախորդին, եւ մարդիկ իւրաքանչիւր նորութեան կը մօտենան վերապահութեամբ:
Դասագիրք պատրաստելը ունի իրեն յատուկ բարդութիւններն ու դժուարութիւնները: Դասագիրքին հեղինակը նախ եւ առաջ պէտք է ունենայ ստեղծագործական ազատ միտք եւ կարենայ ձերբազատիլ նախկին հրատարակութիւններու ճնշումէն, կաղապարներէն: Այնուհետեւ, լեզուաբանական ու մանկավարժական նորագոյն նուաճումներուն վրայ յենելով` հեղինակը պէտք է ներկայացնէ զանոնք, բայց բծախնդիր ընտրութեամբ` գտնելով էականը, անհրաժեշտը:
Հայ լեզուագիտական գիրքերու պատմութեան մէջ աշխարհաբարի քերականութեան առաջին գիրքը, որ հիմք կը հանդիսանայ արեւմտահայ քերականութեան, պատրաստած է հայր Արսէն Այտընեան: Գիրքը լոյս տեսած է Վիեննա, 1866 թուականին եւ կը բաղկանայ երեք մասերէ.-
1.- Հայոց լեզուի համառօտ պատմութիւն («Նախաշաւիղ»),
2.- Աշխարհաբարի քերականութիւն,
3.- Գրաբարի քերականութիւն:
Այտընեանի գիրքին երկրորդ մասը` աշխարհաբարի քերականութիւնը, իբրեւ դասագիրք լոյս տեսաւ 1884-ին, Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ, որուն սաները երկար ժամանակ հայերէն սերտեցին այդ գիրքով:
Ապա դասագիրքերու պատմութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցած են Յովհաննէս Գազանճեան` 1910-ին, եւ Հրանդ ու Զապէլ Ասատուրներ 1911-ին:
Առանց վարանելու կրնանք ըսել, որ թէեւ այս երկու գիրքերուն հեղինակները մեծապէս օգտուած են հայր Արսէն Այտընեանի հրատարակած գիրքէն, սակայն թէ՛ Գազանճեան եւ թէ՛ Հրանդ եւ Զապէլ Ասատուրներ իրենց հեղինակած քերականութեան դասագիրքերը պատրաստած են` հիմք ընդունելով ֆրանսերէնի քերականութիւնը: Բան մը, զոր Այտընեան բարեբախտաբար չէ ըրած:
Ազդեցութեան իբրեւ օրինակ կրնանք տալ օտար եզրերու ներմուծումը` նմանակութեան կամ տառացի թարգմանութեան եղանակով, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ հետագայ քերականները, երբ հիմք ընդունեցին թէ՛ Գազանճեանի եւ թէ՛ Ասատուր ամուսիններուն գործերը, օրինակ` Մինաս Թէօլէօլեան («Քերականութիւն արդի հայերէնի», Հալէպ, 1950), ինքնաբերաբար իրենք եւս անուղղակիօրէն կրեցին ֆրանսերէնի քերականութեան ազդեցութիւնը, թէեւ երբեմն փորձեցին որոշ չափով հեռանալ այդ ազդեցութենէն:
Արժէ յիշել նաեւ Մկրտիչ Մկրտիչեանի` Հալէպի մէջ պատրաստած «Քերականութեան դասեր» դասագիրքերու շարքը, որով Հալէպի հայ աշակերտութիւնը երկար տարիներ հայերէն սորվեցաւ:
Սարգիս Պալեան («Գործնական նոր քերականութիւն արդի հայերէն լեզուի, միջին բ. դասընթացք», Պէյրութ, 1963) դարձեալ պատրաստած է քերականութեան դասագիրք մը, որ ձեւով մը Գազանճեանին պարզեցուած քերականութիւնն է` կարգ մը օգտակար փոփոխութիւններով:
1960-ական թուականներուն Պէյրութի մէջ երկարամեայ ուսուցիչ Զարեհ Մելքոնեան հրատարակեց տարրական, նախապատրաստական եւ միջնակարգ դասարաններու հայերէնի քերականութեան դասագիրքեր, որոնց մէջ պահպանուած են նախապէս գործածուած քերականական եզրերը, որոնք աւելի մօտ են ֆրանսերէնին ու անգլերէնին, քան` Արսէն Այտընեանի գործածած եզրերուն:
1967-68 թուականներուն Հայաստանի սփիւռքահայութեան հետ կապի կոմիտէն սփիւռքահայերուս նուիրեց, յատկապէս մեզի համար պատրաստուած, արեւմտահայերէնի դասագիրքեր` մեծ քանակութեամբ, որոնց մէջ օգտագործուած քերականական եզրերը եւ դասաւանդման համակարգն ու եղանակը մեծաւ մասամբ կը տարբերէին մինչ այդ դպրոցներուն մէջ որդեգրուածէն:
Այդ գիրքերը ցաւօք մնացին անգործածելի, որովհետեւ մեր դպրոցներուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչները մեծաւ մասամբ տեղեակ չէին անոնց բովանդակութենէն: Սակաւաթիւ դպրոցներ որոշ ժամանակաշրջան մը օգտագործեցին այդ գիրքերը եւ յետոյ մէկ կողմ դրին:
1980-ական թուականներուն Հայաստանէն շրջանաւարտ սփիւռքահայ բանասէրներ, վերադառնալով Պէյրութ եւ Սուրիա, իրենց հետ բերին քերականութեան նոր գիտելիքներ` նոր եզրերով, դասաւանդման նոր եղանակով ու համակարգով, ինչ որ օրին ըստ ինքեան հակազդեցութիւն մը յառաջացուց մեր երէց ուսուցիչներուն մօտ: Այս երիտասարդ բանասէրները շարունակեցին դասաւանդել այն, ինչ որ սորված էին մայր հայրենիքի մէջ` հաւատալով, որ քերականութեան մէջ միօրինակ եզրերու օգտագործումը, քերականական գիտելիքներու միատեսակ դասաւանդութիւնը կը նպաստեն լեզուի ուսուցման եւ ընդհանրացման: Անոնք նաեւ նպատակ մը կը հետապնդէին` որդեգրել արեւելահայերէնի համակարգը եւ անով դասաւանդել արեւմտահայերէնը, սակայն` առանց խաթարելու կամ աղճատելու վերջինս: Եւ ինչո՞ւ այս ամէնը: Որովհետեւ արեւելահայերէնը անցած է զարգացման երկար ուղի մը եւ ունի կանոնարկուած քերականութիւն (ձեւաբանութիւն, շարահիւսութիւն, կէտադրութիւն եւ այլն):
Թերեւս այս երեւոյթէն քաջալերուած` գաղութիս մտաւորականներէն տոքթ. Արմենակ Եղիայեան առաջին անգամ ըլլալով ձեռնարկեց տարրական եւ նախապատրաստական դասարաններուն` 1-6-րդ, քերականութեան դասագիրքերու եւ տետրակներու պատրաստութեան այս նոր եզրերով ու համակարգով:
Անշուշտ, նոր գիրքը դիւրին չընդունուեցաւ երէց ուսուցիչներուն կողմէ, որովհետեւ հեղինակը իր աշխատութեամբ կը հակադրուէր, պոլսահայ քերականներուն աւանդած եզրերուն, կը մերժէր զանոնք եւ կը մօտենար արեւելահայ քերականութեան եզրաբանութեան: Այսուհանդերձ, գիրքը օգտագործուեցաւ ազգային դպրոցներու, կաթողիկէ եւ աւետարանական կարգ մը դպրոցներու մէջ:
1990-ական թուականներու կէսերուն մտաւորական Յարութիւն Քիւրքճեան պատրաստեց քերականութեան դասագիրքեր, որոնք միջին դիրք կը բռնէին Պոլսոյ մէջ հրատարակուած դասագիրքերուն եւ Հայաստանի մէջ գործածուած քերականութեան դասագիրքերուն միջեւ` եզրերու եւ դասաւանդման եղանակի առումով:
Քիւրքճեան հետագային իր գիրքերը վերատեսութեան ենթարկեց ու զանոնք մատչելի դարձուց աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն` միաժամանակ հրատարակելով քերականութեան վարժութեանց տետրակներ:
Հոս պէտք է նշել, որ նոր գիրքերու տարածման օժանդակեց այն հանգամանքը, որ երէց ուսուցիչներուն փոխարինել սկսան Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի շրջանաւարտները, որոնք պատրաստուած էին տոքթ. Արմենակին, ինչպէս նաեւ որոշ չափով Քիւրքճեանի գիրքերը դասաւանդելու համար:
1990-ական թուականներու վերջերուն լոյս տեսան Կարօ Առաքելեանի «Արդի հայերէնի քերականութիւն» եռահատոր դասագիրքերը, որոնք 5-6 տարի շրջանառութեան մէջ մնալէ ետք վերահրատարակուեցան քերականութեան վարժութեանց տետրակներու ձեւով` «Դիւրին հայերէն» վերտառութեամբ: Այս գիրքերը տարուէ- տարի վերանայուեցան, բարեփոխուեցան:
Ներկայիս հրապարակի վրայ են Աղաւնի Ֆստըգճեանի նախապատրաստական դասարաններուն համար պատրաստուած դասագիրքերը եւ աշխատանքի տետրակները` ամբողջովին գունաւոր, նոր մեթոտով, խաղերով եւ ներգործուն ազդեցութեամբ (ինթըրէքթիվ):
Բոլոր վերոյիշեալ դասագիրքերուն նպատակը եղած է ազգանուէր` հայ մանուկը հայ պահել, անոր մէջ մայրենի լեզուով սէր բոցավառել իր արմատներուն հանդէպ:
Շփոթը հիմնականին մէջ փոխանցման հանգրուանին էր` մինչեւ 1991-1992 թուակաները, որովհետեւ այդ ատեն ամէն մէկ ուսուցիչ կը դասաւանդէր իր գիտցած ձեւով. շատեր կը գործածէին Արմենակ Եղիայեանի գիրքերը, ուրիշներ` Զարեհ Մելքոնեանինը` պատճէնահանուած ձեւով, որ աշակերտներուն կը վաճառուէր եւ առ այսօր ալ կը վաճառուի խեղճ վիճակի մէջ: Այլ ուսուցիչներ կառչած էին Սարգիս Պալեանի գիրքի պատճէնահանումներուն: Սակաւաթիւ ուսուցիչներ կը գործածէին Հայաստանէն ղրկուած արեւմտահայերէնի դասագիրքը: Այս թոհուբոհին մէջ տարբեր դպրոցներու հայ աշակերտները «գոյնզգոյն, բազմերանգ» եզրերով ու մեթոտներով լեզու կը սորվէին:
Այսօր բարեբախտաբար այս շփոթը յաղթահարուած է. երիտասարդ ուսուցիչներ` Հայագիտականէն շրջանաւարտ, պատրաստուած են աշակերտակեդրոն ուսուցման եղանակով, իրենց տրամադրութեան տակ ունին համապատասխան դասագիրքեր եւ կը դասաւանդեն միատեսակ քերականութիւն:
Բնական է, որ մատուցման ձեւը տարբերի որոշ չափով, սակայն հիմնականը պէտք չէ փոխուի. դասագիրքը ոչ միայն պէտք է ունենայ գիտելիքներու հաղորդման գործառոյթ, այլեւ այդ գիտելիքներու ներկայացումը դասագիրքին մէջ պէտք է իրականացուի այնպիսի նիւթերով, որ աշակերտները ոչ միայն սորվին տուեալ նիւթը (այս պարագային` իրենց մայրենին), այլ նաեւ ձեւաւորուի անոնց հայեցի դիմագիծը, հոգին ու միտքը:
ՅՈՎԻԿ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ 
«Ազդակ»

(՚*) Զեկոյց՝ արտասանուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրթական Գ. համագումարին։

No comments:

Post a Comment