Ուսումնական աշխատանքի ճիշդ կազմակերպման, անոր արդիւնաւէտութեան եւ նպատակայնութեան համար ուսուցիչը, բացի իր մանկավարժական կրթութենէն եւ փորձառութենէն, ինչպէս նաեւ ուսուցման համար անհրաժեշտ պայմաններէն, իր ձեռքին տակ անպայման պէտք է ունենայ իր դասաւանդած նիւթին ծրագիրը, դասագիրքը եւ տուեալ նիւթը դասաւանդելու մեթոտաբանութիւնը: Առանց այս երկուքին` ուսուցիչը չի կրնար ապահովել ուսուցման աշխատանքի արդի գիտամանկավարժական անհրաժեշտ մակարդակը: Ուրեմն այսօրուան դպրոցն ու դասը դժուար է պատկերացնել առանց ծրագիրի, դասագիրքի եւ մեթոտաբանութեան: