February 03, 2011

Ուսուցիչներու հիմնական պատրաստութիւնը եւ ապահովումը

Հետագայ գրութիւնը հատուած մըն է ծանօթ մանկավարժ ու դասագիրքերու հեղինակ Յարութիւն Քիւրքճեանի զեկոյցէն, զոր անցեալ Յուլիսին ներկայացուցած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցած արեւմտահայերէնի հարցերուն նուիրուած գիտաժողովին։
Կոչումը հինցա՞ծ բառ է. ըսե՜նք ուրեմն՝ մանկավարժական հակում։ Հակումը անհրաժեշտ նախապայման է։ Եւ մեր ուսուցիչներէն ի՞նչ համեմատութիւն՝ իր ասպարէզը ընտրած է հակումի մղումով. անկասկած՝ աննշա՛ն։ Իսկ ի՞նչ համեմատութիւն գտնուած է հոն պատահաբար, կամ այլընտրանքի չգոյութեան բերումով. անկասկած՝ մեծամասնութի՛ւն մը...։ Որ եւ շարունակած է այդ կրաւորական վերաբերումը տարինե՜ր-տարիներ։ Մնաց, որ հակում կամ կոչում՝ եթէ անհրաժեշտ է, բաւարար չէ սակայն. անոր պէտք է աւելնայ մանկավարժական-մասնագիտական պատրաստութիւնը։
Բայց այս բոլորը, նախ եւ առաջ, կը կարօտին պատասխանատու շրջանակներու կողմէ յատուկ վերաբերումի՝ նոր գիտակցութեամբ մը. վարչա-կազմակերպական տնօրինումներու, ուսուցիչ-անձնակազմերու հեռահար ընտրումի, ուղղումի, յարմար տարրերու քաջալերման, զտումի, պատրաստութեան... Ապա եւ անոնց ասպարէզային կարգավիճակի վերարժեւորման եւ ապահովման։ Այլ խօսքով՝ թեկնածու-ուսուցիչը, իր ասպարէզը ընտրելով հանդերձ, իր կարգին ընտրուի՝ արժանիքներու – կամ արժանիքի խոստումի – հիման վրայ. փոխադարձաբար վայելելով խոստումը ասպարէզային որոշ համարումի եւ ապահովութեան։
Այս քայլերը կը կազմեն առաջնահերթութիւններու առաջնահերթութիւնը, աւելի բարձր ու առաջ՝ քան ծրագրումներու եւ դասագիրքերու շուրջ տարուելիք ամէն աշխատանք – անշուշտ այլապէս կարեւոր։ Արդարեւ, ինչի՞ պիտի ծառայեն ծրագիր ու դասագիրք, երբ չունինք զանոնք գործածելու կոչուած ուսուցիչներ՝ համապատասխան որակով։ Եւ դեռ՝ ենթակայ ենք վաղը այսօրուաններն ալ չունենալու վտանգին...
Մինչ՝ եթէ այսօր թափով ու պատասխանատուութեամբ լծուինք այս գործին.- Գոյացնել «Ուսուցիչի համահայկական հիմնադրամ», ստեղծել կանոնագրութիւն եւ արժեչափեր, ձեռնարկել ասպարէզային ուղղումի եւ զտումի քարոզչութեան՝ Սփիւռքի ողջ տարածքին, մղել որակաւոր թեկնածուներ՝ ընտրելու իրենց տեղի համալսարաններու համապատասխան ճիւղերը, ապա յաճախելու պայմանով հայկական միամեայ լրացուցիչ խիտ ու որակաւոր դասընթացքներ՝ սփիւռքեան եւ հայրենի կեդրոններու մէջ, յանձնառու դառնալ իրենց հանդէպ եւ յանձնառու դարձնել զիրենք՝ յստակ ու ապահով եզրերու հիման վրայ,- այսպէս, քանի մը տարուան մէջ կը հասցնենք արդէն առաջին հունձքը բուռ մը մանկավարժ-հոգեբան ուսուցիչներու՝ հայ լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչներ, որոնք՝ կարճ խօսքով՝ ընտրած պիտի ըլլան եւ ընտրուած, արդիւնքն ու պտուղը ծրագրումի, բերելով մերկրթա-մշակութային իրականութեան նոր որակ... Ուսուցիչներ, որոնք՝ մանկավարժական հետազօտութիւններու ճաշակով թափանցուած, պիտի ըլլան հետամուտ նորութիւններ ընդունելու եւ կիրարկելու – եւ ո՛չ խրտչումով ու խուճապով կառչելու անգամ մը սորվուածին...
Մեկնելով քառորդ դարէ աւելի դասագիրքերու շարքեր իրագործած լծակից զոյգ հեղինակներու մեր սեփական փորձէն, հաստատուած՝ մեր ե՛ւ բազմաթիւ գործակիցներու դասարանային փորձարկումներով, կը հաստատենք ուսուցումի եւ ուսուցիչի նոր որակի ստեղծման այս հրամայականը։ Տարուէ տարի աճելով, բուռ մը մանկավարժներու այդ առաջին սերունդը ոչ միայն կը ստեղծէ հայերէնի դասաւանդման նոր որակ, այլեւ կ՚ըլլայ ատակ՝ արագ ու ինքնավստահ թափով ի՛նք հեղինակելու վաղուան մեր արեւմտահայերէնի դասագիրքերը, հիմնուած՝ փորձի՜ վրայ, իրենց վաղուան փորձին վրայ։ Որովհետեւ ներկայ դասագիրքերն ալ, մերինները ինչպէս այլոց հեղինակածները, մշակութային ամէն արժէքի ու ամէն գործիքի ընթացքով, կոչուած են ապրելու իրենց ժամանակը – եւ անցնելու...
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
«Ազդակ»
. . . Ուսուցիչները անշուշտ պիտի ունենան աւանդուելիք գիտելիքներու հիմնական պաշար. բայց մանաւա՛նդ՝ ու աւելի կարեւոր՝ պիտի ըլլան հոգեբան-մանկավարժ, պիտի ըլլան ատակ՝ ճանչնալու աշակերտի անձնական-հոգեկան աշխարհը, տիրապետեն զայն հետաքրքրելու, կապելու թեքնիքներուն, որոնք կ՚ընդգրկեն ժամանակակից մշակութային-ակադեմական աշխարհի մէկ հսկայ ոլորտը։ Դժբախտաբար մեր իրականութեան մէջ ուսուցիչի այս տիպարը հազուագիւտ է։ Մինչ ան արդէն հիանալի արդիւնքի կը հասնի եղած միջոցներով,- անդին՝ մեծամասնութիւն մը իր անյաջողութիւններուն պատասխանատու կը փնտռէ աջ ու ձախ։ Անշո՛ւշտ առարկայական դժուարութիւններ կան. ներկայ աշխարհի մշակութային միջավայրը (պատկերի քաղաքակրթութիւն...) գործը չի դիւրացներ։ Նոր սերունդի անտարբերութեան սառոյցը կոտրել-հալեցնելը դժուար է (այլ հարց՝ դիւրին եղա՞ծ է անցեալին...)։ Գործածութեան դրուած ծրագիրներ եւ դասագիրքեր հեռու են կատարեալ ըլլալէ։ Երբեմն ալ շա՛տ թերի են։ Բայց, անգամ մը եւս, կղզիացած փայլուն արդիւնքներու կը հանդիպինք երբեմն՝ միակ ուսուցիչի մը շնորհքէն բխող։ Երբ, յաճախ նո՛յն դպրոցին մէ-ջ իսկ, նո՛յն ծրագիրով եւ դասագիրքերով, ուրիշներ միայն անտարբերութեան կը հանդիպին, չըլսելու համար յոռեգոյնը։ Եթէ կը հասկնանք ուսուցիչներու ծանրաբեռնումը եւ աշխատանքային պայմաններու այլ անյարմարութիւններ,- այսուհանդերձ՝ ծրագրում ու դասագիրք չհաւնիլ, ներկայ ժամանակը եւ նոր սերունդը դատափետել՝ անընդունելի չքմեղանքներ կը մնան, չեն արդարացներ այդ բոլորի տակ ծուարած անբաւարար պատրաստութիւն մը։

No comments:

Post a Comment