Showing posts with label Հայաստան. Show all posts
Showing posts with label Հայաստան. Show all posts

January 28, 2014

Հայերէն ընթերցանութիւնը. խնդիրներ եւ մարտահրաւէներ

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ


ԳԻՐՔԸ ՈՐՊԷՍ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ...
Գիրքը որպէս սպառողական ապրանք, ինչպէս որեւէ այլ արտադրութիւն, կ’ենթարկուի արտադրութեան եւ պաhանջքի (supply& demand) օրէնքներուն:
Հակառակ այն իրականութեան որ անգրագիտութեան երեւոյթը բաւական նուազած է հայ ժողովուրդի զաւակներուն մօտ, նամանաւանդ երիտասարդ սերունդին մօտ, հայերէն գիրքի hրատարակութեան ճարտարարուեստը եւ hոն օգտագործուող թեքնիքը տակաւին բաւականին տկար են եւ անբաւարար, hամեմատած ուրիշ ժողովուրդներու գիրքերու արտադրութեան ճարտարարուեստին:

November 14, 2011

Երկու աստուածներ՝ ժամանակը եւ պէտքը

ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Աստուածաշունչի Հին Կտակարանին մէջ կը կարդանք եզակի լեզուի մը մասին զոր Ադամ գործածեց անուանելու Եդեմի պարտէզին մէջ գտնուող բոլոր կենդանիները: Իսկ յետագայ լեզուներու այլազանութեան պատճառած խառնիճաղանճը Բաբելոնի մէջ Աստուծոյ պատիժն էր: Յետադարձ ակնարկով, յոյներն ալ կը հաւատային, թէ իրենց լեզուական անցեալը՝ Հոմերոսի դիւցազներգութիւնը, ամենէն լաւագոյն ժամանակաշրջանն էր: Զոյգ աւանդութիւններուն մէջ, լեզուական անկումի զգացում մը կը տիրապետէ: Յոյներուն նման, լեզուաբաններ նոյն յատկանիշները կը գործածեն մեծամասնութիւն կամ փոքրամասնութիւն կազմող լեզուներու որպիսութիւնը ընդգծելու: Այս ենթադրութիւնը մասամբ առնչուած է այն համոզումին հետ, թէ այսօր մարդոց վարքը եւ կենցաղավարութիւնը նոյնը չեն ինչ որ էին անցեալին: Սակայն, կարելի է նաեւ արժեւորելով լեզուներու որպիսութիւնը յանգիլ այն եզրակացութեան, թէ պատահածը յառաջդիմութիւն է եւ ո՛չ անկում, մանաւանդ երբ կ՛արժեւորենք անցեալը որպէս լի տգիտութեամբ, անգթութեամբ, եւ չքաւորութեամբ, պայմաններ որոնցմէ ձերբազատիլը կը նկատուի մեծ բախտաւորութիւն:

May 10, 2011

Ռ. Փիրումեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւն» մեթոտական ելեկտրոնային ձեռնարկ

Ապրիլ 29ին, Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ամերիկահայ պատմաբան Ռուբինա Փիրումեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւն» մեթոտական ելեկտրոնային ձեռնարկին ներկայացումը։

February 18, 2011

Հայաստանեան գիրքեր՝ Սփիւռքի դպրոցներուն համար

Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան Սփիւռքի հետ կապերու բաժինէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանին Սփիւռքի դպրոցներուն տրամադրելի գիրքերուն ցանկը հաստատուած է նախարարութեան կողմէ։
Այդ ցանկը տեղադրուած է http://www.edu.am/ եւ http://www.armedu.am/ կայքէջերու «Սփիւռք» բաժնին մէջ: Գիրքերը պիտի սկսին տրամադրուիլ Մայիս-Յունիս 2011ին։

         

January 20, 2011

Հարցազրոյց Յարութիւն Քիւրքճեանի հետ

Անցեալ տարուան Յուլիսին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ արեւմտահայերէնի ուսուցման նուիրուած գիտաժողով մը՝ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ։ Յունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթը հարցազրոյց մը ունեցած էր անոր մասնակիցներէն՝ մանկավարժ եւ հայերէնի դասագիրքերու հեղինակ Յարութիւն Քիւրքճեանի հետ։ Ստորեւ կու տանք այդ հարցազրոյցը։