Showing posts with label ինքնութիւն. Show all posts
Showing posts with label ինքնութիւն. Show all posts

November 14, 2011

Երկու աստուածներ՝ ժամանակը եւ պէտքը

ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Աստուածաշունչի Հին Կտակարանին մէջ կը կարդանք եզակի լեզուի մը մասին զոր Ադամ գործածեց անուանելու Եդեմի պարտէզին մէջ գտնուող բոլոր կենդանիները: Իսկ յետագայ լեզուներու այլազանութեան պատճառած խառնիճաղանճը Բաբելոնի մէջ Աստուծոյ պատիժն էր: Յետադարձ ակնարկով, յոյներն ալ կը հաւատային, թէ իրենց լեզուական անցեալը՝ Հոմերոսի դիւցազներգութիւնը, ամենէն լաւագոյն ժամանակաշրջանն էր: Զոյգ աւանդութիւններուն մէջ, լեզուական անկումի զգացում մը կը տիրապետէ: Յոյներուն նման, լեզուաբաններ նոյն յատկանիշները կը գործածեն մեծամասնութիւն կամ փոքրամասնութիւն կազմող լեզուներու որպիսութիւնը ընդգծելու: Այս ենթադրութիւնը մասամբ առնչուած է այն համոզումին հետ, թէ այսօր մարդոց վարքը եւ կենցաղավարութիւնը նոյնը չեն ինչ որ էին անցեալին: Սակայն, կարելի է նաեւ արժեւորելով լեզուներու որպիսութիւնը յանգիլ այն եզրակացութեան, թէ պատահածը յառաջդիմութիւն է եւ ո՛չ անկում, մանաւանդ երբ կ՛արժեւորենք անցեալը որպէս լի տգիտութեամբ, անգթութեամբ, եւ չքաւորութեամբ, պայմաններ որոնցմէ ձերբազատիլը կը նկատուի մեծ բախտաւորութիւն:

September 20, 2011

Մտորումներ Հայ Մանուկի Տարուան առիթով

Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ  2011 թուականը «Հայ մանուկի տարի» հռչակումէն ասդին, հայկական տարբեր գաղութներու մէջ կը կազմակերպուին զանազան ձեռնարկներ, ըլլան անոնք դասախօսական շարքեր, հանդիսութիւններ, խրախճանքներ, մրցոյթներ, տօնախմբումներ, եւայլն, հանդիսաւորապէս անդրադառնալու տարուան խորհուրդին ու անգամ մը եւս շեշտելու հայ մանուկին քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը։