Անցեալ տարուան Յունիսին, Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ «Հայ Մանկավարժ» ուսումնագիտական եւ մանկավարժական եռամսեայ հանդէսի երկրորդ՝ Գարուն 2010 թուագրեալ թիւը, հրատարակութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» Կեդրոնի Դպրոցական Հայագիտութեան Զարգացման Գրասենեակին։ Առաջին թիւը լոյս տեսած էր Փետրուար 2010ին։