February 17, 2011

«Հայ Մանկավարժ» հանդէսը

Անցեալ տարուան Յունիսին, Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ «Հայ Մանկավարժ» ուսումնագիտական եւ մանկավարժական եռամսեայ հանդէսի երկրորդ՝ Գարուն 2010 թուագրեալ թիւը, հրատարակութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» Կեդրոնի Դպրոցական Հայագիտութեան Զարգացման Գրասենեակին։ Առաջին թիւը լոյս տեսած էր Փետրուար 2010ին։
Հանդէսին այս թիւը կը պարունակէ մանուկներու հոգեբանութեան, մանկավարժական տեսութեան, գործնական մանկավարժութեան եւ հայերէն լեզուի ուսուցման վերաբերող ութ տարբեր գրութիւններ՝ ստորագրուած նշեալ մարզերուն մէջ մասնագիտական պատրաստութիւն ունեցող հեղինակներու կողմէ, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական բնոյթի գրութիւններ՝ վերջաւորութեան։
Խմբագրականին մէջ անդրադարձ կատարուած է աշակերտներու կրթական զարգացման գործընթացին վերաբերող շարք մը խնդիրներու, աշակերտներու ուսումնառութեան եւ առարկայական միջավայրին առնչութիւններուն եւ ուսումնատուութեան ընթացքին մանկավարժներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ «Երբ հաւատանք, որ “ամէն փոքրիկ միշտ ունի շատ աւելին, քան այն, ինչ որ ինք կ՚արտադրէ” եւ մեր դաստիարակչական առաքելութեան մէջ կարենանք ամրապնդել անոր մօտ, որ “ինք աւելի հարուստ աղբիւր է գաղափարներու, քան ինչ որ ինք կը խորհի”, ապա մենք անոր մէջ կը հաստատենք այնպիսի ամուր արմատներ, որոնք որպէս սիւներ պիտի ծառայեն իրեն՝ կառուցելու իր հարուստ հոգեմտաւոր աշխարհը, որ անբաժանելի եւ անկորնչելի ժառանգ մը պիտի դառնայ եւ պիտի ընկերակցի անոր՝ ամբողջ կեանքի ընթացքին», կ՚եզրափակէ խմբագրականը։
Առաջնորդող գրութեամբ մը, որ ամփոփումն է «Հայ Մանկավարժ»ի հիմնադրութեան նուիրուած հանդիսութեան իր արտասանած խօսքին, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ՝ վերապատուելի դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան կ՚առաջադրէ քննարկումը հրատապ հինգ հարցերու, որոնք կը ծառայեն իբրեւ կարեւորագոյն որոշիչներ՝ մանկավարժական առաքելութեան։ Այդ հարցերը կը վերաբերին մանկավարժին ինքնութեան, մանկավարժին կոչումին, անոր պատրաստութեան, գործունէութեան դաշտին եւ ընթացքին։ «Հայ մանկավարժը այն մանկավարժը չէ, որ պատահմամբ հայ է։ Հայ մանկավարժը այն հայը չէ, որ պարզապէս մանկավարժութեամբ կը զբաղի։ Հայ մանկավարժը որոշողն է, թէ՝ հայ պիտի ըլլա՞յ, եւ՝ ի՞նչպիսին», իր եզրայանգումին մէջ կ՚ըսէ վեր. Հայտոսթեան։
Յաջորդ գրութիւնը ստորագրուած է ԱՄՆ Օքլահոմա համալսարանի հոգեբանութեան դոկտորի թեկնածու, նոյն համալսարանին կից՝ մանուկներու մօտ օթիզմի երեւոյթի ուսումնասիրութեան կեդրոնի ղեկավար տիկ. Անի Պաղտայեանի կողմէ եւ կը կրէ «Ուսուցիչներու կեցուածքը՝ ընդգրկման հանդէպ» վերնագիրը։ Յօդուածագիրը կը ներկայացնէ «ընդգրկում» եզրին ուսումնագիտական սահմանումը եւ անոր կիրարկումին բնոյթը՝ հանրակրթական դրութեան մէջ, ըստ որուն, զանազան դժուարութիւններ ունեցող եւ այդ պատճառով կարիքաւոր աշակերտները, առանց խտրութեան, իրաւունք ունին անդամ ըլլալու հանրային ընդհանուր դպրոցին, մասնակցելու անոր ընկերային եւ ուսումնական կեանքին եւ զարգացնելու պատկանելիութեան զգացում՝ այդ շրջանակին մէջ։ Տիկ. Պաղտայեան կը բացատրէ, թէ ինչպէս ուսուցիչին մօտեցումները, անոր հոգեմտաւոր զարգացման ենթահողը, սեռային պատկանելիութիւնը, աշակերտներու խեղութեանց բնոյթը եւ այլ ազդակներ կը ներգործեն ընդգրկումի կիրարկման վրայ։
Մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան դասախօս տիկ. Շաղիկ Խիւտավերտեան «Ներմղում» վերնագրեալ իր յօդուածին մէջ կը ներկայացնէ motivation-ի՝ «ներմղում» եզրին հոգեբանական-ուսումնագիտական սահմանումը եւ ցոյց կու տայ անոր վճռական նշանակութիւնը՝ աշակերտ-ուսուցիչ յարաբերութիւններուն, մանկավարժին գործունէութեան եւ աշակերտին ուսումնառութեան գործընթացքին մէջ։ «Ներմղում ունեցող աշակերտները աւելի արդիւնաւէտ ձեւով կը սորվին, դասարան չեն խանգարեր, կը մասնակցին, գիտելիք կ՚իւրացնեն, այլ խօսքով՝ կը յաջողին», կը գրէ ան։
«Հայ Մանկավարժ»ի այս թիւին մէջ կը կարդանք հարցազրոյց մը տարրական դասարաններու համար նախատեսուած հայերէն լեզուի «Չորս եղանակ» խորագիրով դասագիրքին հեղինակ տիկ. Աղաւնի Ֆստըգճեան-Առաքելեանի հետ։ Տիկ. Ֆստըգճեան կը հաւաստիացնէ, որ հայ աշակերտը հայ լեզուին կապելը դիւրին պէտք է ըլլայ մանկավարժ-ուսուցիչներուն համար, որովհետեւ հայ փոքրիկին լեզուամտածողութիւնը հայերէն է։ «Մեզի կը մնայ շահեկան եւ հետաքրքրական դարձնել մեր դասապահերը», կ՚՚ըսէ ան։
Յաջորդ գրութեամբ, «Հայ Մանկավարժ»ի խմբագիր տիկ. Եւա Գորէսեանի թարգմանութեամբ ներկայացուած է ամերիկացի հոգեբան-մանկավարժ Քէն Շորի մէկ ամփոփ վերլուծութիւնը՝ դասի գրաւոր քննութեան ընթացքին աշակերտներու կողմէ կատարուող օրինազանցման փորձերը կանխարգիլելու մասին։ Ամերիկացի գիտնականը մանկավարժներու ուշադրութեան կը յանձնէ շարք մը խիստ գործնական քայլեր, որոնք մէկ կողմէ կրնան նպաստել աշակերտներու մօտ օրինազանցման միտումներու նուազեցման, եւ միւս կողմէ՝ դասարանին մէջ այս երեւոյթին կանխարգիլման։
Հայերէն լեզուի դասագիրքերու հեղինակ պրն. Կարօ Առաքելեան «Հայ Մանկավարժ»ի այս թիւով կը բանայ «Պահպանենք Մայրենին» շարքը, որ, հեղինակին բնորոշմամբ, «ուղղուած է խմբագիրներուն, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նախանձախնդիր են իրենց հայերէնը սրբագրելու, յղկելու եւ զարգացնելու»։ Շարքի առաջին մասով պրն. Առաքելեան կը բացատրէ օգտագործման ճիշդ ձեւերը հայերէն շարք մը բառերու՝ անոնց հետ յաճախ շփոթուող այլ բառերու համեմատական բացատրութեան մէջ։
«Հայ Մանկավարժ»ի 2րդ թիւի մասնագիտական նիւթերու շարքի վերջաւորութեան, ուսուցիչներու համար ներկայացուած են համացանցի աղբիւրներ՝ աշակերտներու նկարագրային կազմաւորման ուսուցման վերաբերեալ։ Աշակերտներու նկարագրային կազմաւորման կարեւորութիւնը կը շեշտուի այն հեռանկարով, որ «դպրոցը պարտի ըլլալ վայր մը, ուր շեշտը դրուած է ընկերային կազմաւորման եւ զգացական հմտութիւններու զարգացման վրայ, ուր շեշտուած են բարոյական արժէքները, ինչպէս՝ անկեղծութիւնը, յարգանքը, արդարամտութիւնը եւ հանդուրժողականութիւնը, ուր կ՚իշխէ ամբողջական վստահութիւնը եւ ուր բոլորին (տնօրէն, ուսուցիչ, աշակերտ) միջեւ ներկայ է ամբողջական համագործակցութիւն մը», ինչպէս կը կարդանք գրութեան ներածականին մէջ։
«Հայ Մանկավարժ»ի թիւը կը փակուի հանդէսի շնորհանդէսին եւ անոր պատասխանատուներուն Հայաստան կատարած աշխատանքային այցելութեան մասին տեղեկատուական ակնարկներով։ Հրատարակուած են նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի, Կրթութեան նախարար պրն. Արմէն Աշոտեանի եւ Խ. Աբովեանի անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական համալսարանի նախագահ պրն. Արտուշ Ղուկասեանի ուղերձները՝ հանդէսի հիմնադրութեան առիթով, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներէ հասած արձագանգներ՝ առաջին թիւի բովանդակութեան մասին։ Հրատարակուած կը տեսնենք նաեւ թիւին մէջ օգտագործուած մասնագիտական որոշ եզրերու բառարան մը։
«Հայ Մանկավարժ»ի երկրորդ՝ Գարուն 2010 թուագրեալ թիւը կը բաղկանայ 72 էջերէ։ Հանդէսը այսուհետեւ պիտի հրատարակուի 1000 տպաքանակով։ Հանդէսը արդէն իսկ ունի իր ելեկտրոնային տարբերակը http://www.yudu.com/ կայքէջին վրայ։ Անիկա շուտով պիտի ունենայ նաեւ իր պլոկը՝ քննարկումներու համար։
«Հայ Մանկավարժ» ստանալու, անոր բաժանորդագրուելու կամ աշխատակցելու համար կարելի է դիմել Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական Հայագիտութեան Զարգացման Գրասենեակ, հեռաձայն՝ 961 1 570559, հեռատիպ՝ 961 1 570562, ել. հասցէ՝ nareg@armeniancatholic.org։
«Հայ Մանկավարժ»ի առաջին տարուան առաջին թիւի՝ Ձմեռ 2010ի ամբողջական բովանդակութեան կարելի է ծանօթանալ այցելելով համացանցի վրայ հետեւեալ էջը՝ http://content.yudu.com/Library/A1obmi/12010/resources/index.htm

No comments:

Post a Comment