Showing posts with label ամերիկահայութիւն. Show all posts
Showing posts with label ամերիկահայութիւն. Show all posts

October 16, 2015

ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանը բանալու Արեւմտեան թեմի առաջարկը կը մերժուի

ԴԻՒԱՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Ցաւ է մեզի համար խօսիլ ԹՄՄ «Արշակ Տիգրանեան» դպրոցի անփառունակ վախճանին մասին, որովհետեւ խնդրոյ առարկան երբեմնի յարգանք վայելող պատկառելի կրթօճախ մըն էր հայ գաղութէն ներս: Հոլիվուտի Սբ. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ շուքին ներքոյ՝ ԹՄՄ «Արշակ Տիգրանեան» դպրոցը միշտ ալ վայելած է ծուխին հովանաւորութիւնը: Արեւմտեան թեմի մեր բարերարները տարիներ շարունակ տարածած են իրենց հոգածութիւնը դպրոցին վրայ:

Հրաժեշտ… «Ծիծեռնակաբոյն» կրթօճախին

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» (խմբագրական)

Վերջին ամիսներուն «To be, or not to be?» («Ըլլա՞լ թէ չըլլալ») կացութիւնը ստեղծուած էր, Մասաչուսէցի Լեքսինկթըն շրջանի Հայ Քոյրերու «Ծիծեռնակաբոյն» Վարժարանէն ներս:
«Պիտի փակուի՞ն դռները, թէ ոչ» հարցադրումները կը կրկնուէին եւ աւելի յաճախակիօրէն: Վերջին քանի մը տարիներուն, սովորութիւն դարձած էր այս անստոյգ գոյավիճակը:
Տուայտանքով, քանի մը գթասիրտ անձնաւորութիւններէ եւ հիմնարկներէ նիւթական օժանդակութիւն ստանալով, կարելի եղած էր աւարտել վերջին քանի մը տարեշրջանները:
Սակայն այս անգամ, կարելի չեղաւ այդ առժամեայ կացութիւնը՝ ad hoc իրավիճակը տարի մը եւս երկարաձգել: