Showing posts with label Հայ Քոյրերու Վարժարան. Show all posts
Showing posts with label Հայ Քոյրերու Վարժարան. Show all posts

October 16, 2015

Հրաժեշտ… «Ծիծեռնակաբոյն» կրթօճախին

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» (խմբագրական)

Վերջին ամիսներուն «To be, or not to be?» («Ըլլա՞լ թէ չըլլալ») կացութիւնը ստեղծուած էր, Մասաչուսէցի Լեքսինկթըն շրջանի Հայ Քոյրերու «Ծիծեռնակաբոյն» Վարժարանէն ներս:
«Պիտի փակուի՞ն դռները, թէ ոչ» հարցադրումները կը կրկնուէին եւ աւելի յաճախակիօրէն: Վերջին քանի մը տարիներուն, սովորութիւն դարձած էր այս անստոյգ գոյավիճակը:
Տուայտանքով, քանի մը գթասիրտ անձնաւորութիւններէ եւ հիմնարկներէ նիւթական օժանդակութիւն ստանալով, կարելի եղած էր աւարտել վերջին քանի մը տարեշրջանները:
Սակայն այս անգամ, կարելի չեղաւ այդ առժամեայ կացութիւնը՝ ad hoc իրավիճակը տարի մը եւս երկարաձգել: