Փրովիտէնսի «Մուրատ» ազգային վարժարանի ամավերջի
հանդէսը, նուիրուած՝ հայ տարեցին, տեղի
ունեցաւ Կիրակի, Յունիս 8, 2014ին, Գրէնսթընի Հոփ Հայլէնտ դպրոցի սրահին մէջ: Տ. Կոմիտաս Ա. քհնյ. Պաղսարեանի բացման աղօթքէն եւ «Մեր
Հայրենիք» ու «Թող միշտ պանծայ մեր հայ դպրոց»
քայլերգերու երգեցողութենէն ետք, Խնամակալ Մարմնի ատենապետը` Պրն. Յակոբ
Խաչատուրեան, յայտնեց իր շնորհակալական
խօսքերը Տիկ. Անահիտ Քիպարեանին,
ուսուցչակազմին եւ ծնողներուն, որոնց գործակցութեան շնորհիւ յաջող տարի մը եւս բոլորեցինք: