Փրովիտէնսի «Մուրատ» ազգային վարժարանի ամավերջի
հանդէսը, նուիրուած՝ հայ տարեցին, տեղի
ունեցաւ Կիրակի, Յունիս 8, 2014ին, Գրէնսթընի Հոփ Հայլէնտ դպրոցի սրահին մէջ: Տ. Կոմիտաս Ա. քհնյ. Պաղսարեանի բացման աղօթքէն եւ «Մեր
Հայրենիք» ու «Թող միշտ պանծայ մեր հայ դպրոց»
քայլերգերու երգեցողութենէն ետք, Խնամակալ Մարմնի ատենապետը` Պրն. Յակոբ
Խաչատուրեան, յայտնեց իր շնորհակալական
խօսքերը Տիկ. Անահիտ Քիպարեանին,
ուսուցչակազմին եւ ծնողներուն, որոնց գործակցութեան շնորհիւ յաջող տարի մը եւս բոլորեցինք:
Showing posts with label «Մուրատ» վարժարան. Show all posts
Showing posts with label «Մուրատ» վարժարան. Show all posts
July 03, 2014
July 13, 2012
Փրովիտէնսի «Մուրատ» ազգային վարժարանի ամավերջի հանդէսը
Փրովիտէնսի «Մուրատ» ազգային վարժարանի ամավերջի հանդէսը, նուիրուած` հայ գրքի
տպագրութեան 500ամեակին, տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունիս 10, 2012ին Գրէնսթընի «Հոփ Հայլէնտ» դպրոցի սրահին մէջ: Տ. Կոմիտաս Ա. քհնյ. Պաղսարեանի էր բացման աղօթքէն
ետք երգուեցան «Մեր Հայրենիք» եւ «Թող Միշտ Պանծայ Մեր Հայ Դպրոց» քայլերգերը
աշակերտութեան կողմէ։ Խնամակալ Մարմնի ատենապետ Պրն. Յակոբ Խաչատուրեան յայտնեց իր շնորհակալական խօսքը տնօրէնուհի Տիկ. Անահիտ Քիպարեանին, ուսուցչակազմին և
ծնողներուն, որոնց գործակցութեան շնորհիւ
յաջող տարի մը եւս բոլորուեցաւ: Ան յայտնեց որ 2012 տարին հռչակուած է «Հայ գիրքի տարի» Արամ Ա. Կաթողիկոսի
կողմէ, որուն պատգամէն մէջբերելով մատնանշեց թէ
ինչպէս «Ոսկեդարէն մինչեւ մեր ժամանակները, հայ գիրքը եղաւ ամէնօրեայ
աղբիւր լոյսի, յոյսի, հաւատքի եւ իմաստութեան, ուղեցոյց ու ճանապարհ քրիստոսակեդրոն
եւ հայահոծ կեանքի»։
Subscribe to:
Posts (Atom)