Showing posts with label Պոլիս. Show all posts
Showing posts with label Պոլիս. Show all posts

October 13, 2011

Հաւատարիմ, միշտ հարազատ եւ պատնէշի վրայ

Պահակագունդը կը մեռնի բայց չի յանձնուիր:
Իր երկրին եւ մարդկութեան վնաս պատճառած Նափոլէոնի հիացող չեմ: Բայց հաւատարիմ զինուորներուն վերագրուած խօսքը, ըստ որուն պահակագունդը կը մեռնի բայց չի յանձնուիր, երբ ամէն բան փուլ եկած էր, կ’ալեկոծէ մտածումներս:
Խօսքը անտիտղոս մարտիկներու:
Ո՞ր կայսեր կը ծառայէ Ռոպէր Հատտէճեան:
Ո՞ր տարածութիւններուն պահակն է, երբ պարտուածներու ջոլիրը զինաթափ է, շարքէ դուրս եկած է եւ կը ծառայէ աստուածաշնչական Ոսկի Հորթին: Իսկ պահակագունդը կը սպասէ զայրացած Եհովան…
Վահան Թէքէեան, Մուշեղ Իշխան, Շաւարշ Միսաքեան, Շաւարշ Նարդունի, Շնորհք պատրիարք եւ ուրիշներ, այժմ նաեւ Ռոպէր Հատտէճեան, ժամանակակից մեծ եկեղեցական մը, հանդիսացան զինուորեալներ,եղան եւ են, բայց չկայ պահակագունդ:

May 10, 2011

«Ժպիտ» պարբերաթերթը

«Ժպիտ» մանկական պարբերաթերթը տարին 8 թիւով լոյս կը տեսնէ Պոլսոյ մէջ, 1991էն ի վեր։ Այս ամսաթերթը կը հրատարակուի Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկին կողմէ, որ 45 տարուան կեանք ունեցող կազմակերպութիւն մըն է։ Ամբողջովին գունազարդ թերթ մըն է, որ կանոնաւորապէս լոյս կը տեսնէ։ 
«Ժպիտ»էն թիւ մը եւ ուրիշ տեղեկութիւններ անոր մասին կարելի է տեսնել Ուսուցչաց Հիմնարկի կայքէջին մէջ՝ http://www.teaov.org/։
Բաժանորդագրութեան համար, դիմեցէ՛ք jbid@teaov.org հասցէին։