ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Այն օրէն երբ զարմանալի որոշումով մը փակուեցաւ Համազգայինի Հայագիտական
Բարձրագոյն Հիմնարկը, արդէն իսկ ազդանշանը կը տրուէր գաղութահայ կեանքի տարբե˜ր
երազանքներու շիջումին:
Միւս կողմէ հաւանաբար հարց պիտի տրուի, թէ ճի՞շդ մօտեցում է գաղութի մը
ճակատագիրին առնչել հիմնարկի մը գոյութեան իմաստը, այդ ալ հայագիտականի
ձեւաչափով: