Showing posts with label «Նարեկ» շաբաթօրեայ վարժարան. Show all posts
Showing posts with label «Նարեկ» շաբաթօրեայ վարժարան. Show all posts

January 31, 2011

«Նարեկ» շաբաթօրեայ վարժարանի 50ամեակը

Կիրակի, Հոկտեմբեր 3, 2010ին, Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ «Նարեկ» շաբաթօրեայ վարժարանը իր 50ամեակը նշեց ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Բարձրշ. Տ. Օշական արք. Չօլոյեանի հովանաւորութեամբ։ Յոբելինական ճաշկերոյթին նախագահեց Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեանը։