Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1ին, Արեւելեան Միացեալ
Նահանգներու տարբեր քաղաքներէ ժամանած ուսուցիչներ, տնօրէններ եւ խնամակալ մարմնի
անդամներ մասնակցեցան Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի կազմակերպած սեմինարին։ Իրենց
մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ դպրոցները. Սբ. Լուսաւորիչ
ամէնօրեայ վարժարան (Նիւ Եորք), Ս. Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարան (Նիւ Եորք), Ս.
Սարգիս եկեղեցւոյ «Շուշան եւ Յովսէփ Յակոբեան» վարժարան (Նիւ Եորք), «Նարեկ»
վարժարան (Նիւ Ճըրզի), Հայ Քոյրերու Վարժարան (Ֆիլատելֆիա), «Հայկազեան» վարժարան
(Ֆիլատելֆիա), Հ.Օ.Մ.ի «Զաւարեան» վարժարան (Տիթրոյիթ) եւ «Դանիէլ Վարուժան»
վարժարան (Շիքակօ)։ Սեմինարը տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, Նիւ Եորք։
Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ պրն. Յարութիւն
Մսըրլեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գերշ.
Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի բացման աղօթքը կատարեց։ Այնուհետեւ, ան անդրադարձաւ
հայ ուսուցիչի աշխատանքին, գնահատելով անոր ջանքը՝ հայ ոգին ներարկելու իր
աշակերտներուն մէջ։ Ան նաեւ խօսեցաւ դաստիարակներու տարբեր հոգերուն ու
մտահոգութիւններուն մասին։ Այս ներշնչող խօսքերէն ետք, Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Միացեալ
Նահանգներու Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Գարոլին Շմաւոնեան իր կազմակերպութեան
զօրակցութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքները փոխանցեց։
Այնուհետեւ, պրն. Մսըրլեան հրաւիրեց Ուս. Խորհուրդի
վարիչ տնօրէն դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը որ ներկայացնէր մարմնի աշխատանքը։ Ան
ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց Խորհուրդի նպատակները եւ ներկայ աշխատանքները։
Երկրորդ զեկոյցով, ան ներկայացուց շարք մը մանկական ու դաստիարակչական
հրատարակութիւններ եւ քննարկեց անոնց գործածութեան կարելիութիւնը դասարանէն ներս։
![](https://blogger.googleusercontent.com/img/b/R29vZ2xl/AVvXsEhNv_mvFDiLgeyp2DsAwVD0ivmrdIyMB8XDiZFraml06nH2-wvgx-8JzDNoye1DuMRB3U46BbwlC6oGcVbfzmMDCAb-NOp2vYPBZpc-8Bk3WA36eF2Y6rIpSwC1uyPEoRMFqIhpBnLHVbPE/s320/ANECSeminar03.jpg)
![](https://blogger.googleusercontent.com/img/b/R29vZ2xl/AVvXsEhTcBhUoSD5kANeLcgc7Kbu7sHy_5uN5LVgqnvBXL3D3zrQRcokIVzvNe9dUAWod_QcOKzgPA02u3hhDTmZMnIaRpSTQr9L_yYq3qHLzdOIOE_2n_aXQFtaOovITcj6AYfARH9gVQLEJQ9l/s320/ANECSeminar04.jpg)
Աւարտին, պրն. Մսըրլեան շնորհակալութիւն յայտնեց
բանախօսներուն ու ներկաներուն իրենց ներկայութեան համար։ Քննարկումները
շարունակուեցան փակման խօսքէն ետք։
No comments:
Post a Comment