Showing posts with label children magazine. Show all posts
Showing posts with label children magazine. Show all posts

January 28, 2011

«Կաքաւիկ» մանկական հանդէսը/ "Gakavig" Children Magazine

«Կաքաւիկ» մանկական հանդէսը երկամսեայ կերպով լոյս կը տեսնէ Պոստընի մէջ (http://www.gakavig.com/)։ Հանդէսին 6րդ թիւը ստացանք վերջերս։ Խմբագիր-տնօրէնուհին է Ժուլիէթ Դաւթեան։
Gakavig, 62 Elton Ave., Boston, MA 02472։ Բաժանորդագրութեան սակը 20 տոլար է՝ 6 թիւի համար։

January 18, 2011

«Փթիթ» մանկական պարբերականը / "Ptit": A Children Periodical

Ազգ. Առաջնորդարանի գրախանութը (books@armenianprelacy.org) ստացած է Լիբանան հրատարակուող «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթին թիւ 0-էն եւ 1-էն օրինակներ։ Գունաւոր այս պարբերաթերթը (24-էն 32 էջ) կը պարունակէ բազմաթիւ հէքեաթներ, թուաբանական եւ լեզուական խաղեր։ Մտայղացումը կը պատկանի Վերժին Աբրահամեանին, համակարգչային ձեւաւորումը՝ Անի Մսրլեանին, իսկ կողքը՝ Սմբատ Ղազելեանին։ Խմբագրական ներածականին մէջ գրուած է ի միջի այլոց.