ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Կարենալ
1866-ին հայր Արսէն Այտընեան նկատել կու տար, թէ արեւմտահայը չի յաջողիր ճիշդ կիրարկել կարենալ բայը, երբ այս վերջինին վրայ կու գայ աւելնալու երկրորդ բայ մը, այսինքն սապիսիները` կարենալ գրել, կարենալ յաղթել, կարենալ լուծել եւ այլն: Այսպիսի երկբաղադրիչ բայերը հայերէնի մէջ կը կոչուին «յարադրական բայեր», որոնց մէջ գլխաւոր կամ գերադաս բային վրայ աւելցող բաղադրիչը կը կոչուի յարադրեալ. գրել, յաղթել, լուծել յարադրեալներ են: Նմանօրինակ բայեր են` փորձել յաջողիլ, որոշել օգնել, վճռել յաղթել, շարունակել աղմկել եւ այլն, որոնց բոլորն ալ կազմուած են գերադաս ներգործական բայէ մը եւ ստորադաս ուղիղ խնդիր ձեւացնող յարադրեալէ մը: