Շաբաթ, Օգոստոս 18ին, Ազգային Ուսումնական
Խորհուրդը ուսուցչական սեմինար մը կազմակերպած էր, որ կեդրոնացաւ հայերէնը որպէս երկրորդ
լեզու դասաւանդելու հարցերուն վրայ։ Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Ֆիլատելֆիայէն, Ուաշինկթընէն,
Փրովիտընսէն, Պոստընէն եւ Շիքակոյէն մասնակիցներ ժամանած էին Ազգ. Առաջնորդարանը՝
«Մարզել մարզիչը. հայերէնը որպէս երկրորդ լեզու նոր սորվողներու համար» աշխատանոցին
ներկայ գտնելու։ Աշխատանոցին ղեկավարն էր Սքոթ Գոհէն՝ երկրորդ լեզուի ուսուցման մասնագէտ։