«ԱԶԴԱԿ»
Այսօր լիբանանահայ վարժարանները իրենց դռները կը բանան հայ աշակերտութեան առջեւ:
Կրթական նոր տարեշրջանը կը սկսի հին ու նոր խնդիրներով, դժուարութիւններով ծանօթ
պայմաններով, բայց նաեւ նոր հաւատքով, կամքով, դժուարութիւնները յաղթահարելու
վճռակամութեամբ, ապագայի տեսիլքով:
Երկրին մէջ տիրող ու հետզհետէ թափ առնող ընկերային-տնտեսական դժուարութիւնները
իրենց անմիջական ազդեցութիւնը կ՛ունենան կրթական ոլորտին վրայ: Դպրոցներու
պիւտճէներու հաւասարակշռման ճիգեր, վճարունակ ծնողական խաւի հետզհետէ նօսրացում,
գանձումներու հետեւողական պահանջներ, որոնց դիմաց նուազագոյն արդիւնքներ,
դպրոցներու պաշտօնէութեան եւ ուսուցչակազմի աշխատավարձերու հաւանական
ուշացումներ: