Showing posts with label առասպելներ. Show all posts
Showing posts with label առասպելներ. Show all posts

July 10, 2013

Ո՞րքան հայերէն սորվեցնել եւ ինչո՞ւ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նման հարցում մը իսկ առաջին ակնարկով անիմաստ կրնայ թուիլ հայկական դպրոցի պարագային, եթէ նկատի չունենանք որ հայերէն լեզուի ուսուցումը կրճատելու քաղաքականութիւն մը լռելեայն կերպով կը կիրարկուի կամ կը հետապնդուի Սփիւռքի շատ մը գաղութներուն մէջ, երբեմն առաջնորդելով աղիտալի արդիւնքներու:
Խօսքը պետական սեղմումներուն մասին չէ, որոնց յաճախ հանդիպած ենք որոշ տարիներ Միջին Արեւելեան կարգ մը երկիրներու մէջ, կամ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ կիրարկուած լուռ քաղաքականութեան մը, որ կ՚՚ենթադրէ թէ հայերէնի ուսուցումը յաւելեալ ծանրութիւն մըն է հայ աշակերտի ուսին, որուն պատճառաւ ծնողքը այդ բեռը պիտի չուզէ տեսնել իր զաւկի վզին, կամ զայն պէտք է իջեցնել նուազագոյն աստիճանի ...:
Այս բոլորը որոշ «առասպելներ» կամ թիւրիմացութիւններ կը ստեղծեն, որոնց պէտք է անդրադառնալ առանձին- առանձին: