March 02, 2012

Առաջ քան զամենայն՝ մեր մեծասքանչ մայրենին

Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
Քանի մը օր առաջ, Երեքշաբթի 21 Փետրուարին, 13-րդ անգամ ըլլալով, ՄԱԿ-ի մաս կազմող բազմատասնեակ երկիրներ նշեցին «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»-ը: 1999-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ճշդուած այս միջազգային տօնը յատուկ տարողութիւն ու կշիռ կը ստանայ համայն մարդկութեան, բայց` յատկապէս փոքր ժողովուրդներու համար, մանաւանդ երբ կը գիտակցինք այն ահաւոր իրողութեան, որ երկու շաբթուան ընթացքին լեզու մը անհետ կը կորսուի Երկրագունդ անուն մեր դժբախտ մոլորակին վրայէն: